Լիբանանի Ֆինանսներու նախարարութիւնը սեփական մարզի գործատէրերուն շուտով պիտի պարտաւորեցնէ գրանցել ամերիկեան տոլարով վճարուող իրենց աշխատողները, որոնց տոլարային ամսավճարները պիտի հարկուին յետադարձ կարգով 1 Յունուար 2022էն սկսեալ:
Նախարարութեան սոյն որոշումը զայրոյթի ալիք բարձրացուց սեփական մարզի գործատէրերուն եւ աշխատաւորներուն մօտ, որոնք խստօրէն դատապարտեցին այս որոշումը:
Արդարեւ նիւթական լուրջ դժուարութիւններ դիմագրաւող կառավարութիւնը այս նմանօրինակ հարկերով է, որ կը փորձէ իր պիւտճէի բացը գոցել, պետական մարզի աշխատողներուն ամսավճարները տալու համար: Այնպէս մը, որ կառավարութիւնը սկսած է եկամուտի աղբիւրներ մոմով փնտռել:
Մաքսային տոլարի սակագինի բարձրացումէն ետք, որ ժխտական պիտի ազդէ սպառողական ապրանքներու գիներուն վրայ, ահաւասիկ այս նոր միջոցառումը, աւելի եւս պիտի սրէ բարդ իրավիճակը ընկերութիւնները հասցնելով սնանկացումի աստիճանին:
Ընդհանուր մտավախութիւնը այն է, որ այս նոր հարկին ճնշումին տակ, շատ մը աշխատատեղիներ ստիպուած պիտի փակուին, մինչ աշխատողները զրկուելով իրենց աշխատավարձին կարեւոր մէկ մասէն գաղթի ճամբայ պիտի որոնեն:
«Զարթօնք»