Գրեթէ ճիշդ 100 տարի առաջ, ի պատասխան թուրք դիւանագէտներու բողոք-պահանջին, թէ Սովետական Հայաստանը իրաւունք չունի եւ, հետեւաբար, իր զինանշանէն պէտք է դուրս հանէ Արարատը, Խ. Միութեան այն ժամանակուան արտաքին գործոց նախարար (կոմիսար) Կէորկի Չիչերինը ըմբերանիչ խօսքով լռեցուցեր էր թուրքերը։ Կիսալուսինը, ըսեր էր ան, ի՞նչ գործ ունի թրքական դրօշին վրայ, մի՞թէ լուսինը Թուրքիոյ կը պատկանի։ Դարակազմիկ այդ խօսքէն ետք կը թուէր, թէ ոչ ոք այնուհետեւ պիտի համարձակէր այդպիսի պահանջ ներկայացնելու մեզի։ Կը թուէր, բայց պատահեցաւ։ Այն ալ՝ թուրք դիւանագէտներու փոխարէն հայանուն անձի մը կողմէ, որ ներկայիս կը զբաղեցնէ հայոց պետութեան բարձրագոյն աթոռը։
Նախորդ շաբաթ վարչապետ Նիքոլ Փաշինեանը երկարօրէն խօսեցաւ այդ մասին, փաստօրէն «արդարացնելով» 100 տարի առաջ ներկայացուած թրքական պահանջը։ Արարատը, բացատրեց ան Հայաստանի քարտէսէն «խապար» չունեցողներուս, մեզի չի պատկանիր, հետեւաբար տեղ պէտք չէ ունենայ մեր պետական զինանշանին վրայ։ Ու դիմելով իրեն հարազատ հակադրութեան մեթոտին՝ սեւեր-ճերմակներ, հիներ-նորեր, Արարատին հակադրեց… Արագածը, որ, ըսաւ, մեր հողին վրայ կը գտնուի եւ կրնայ, փորձեց հասկցնել բոլորիս, մեր զինանշանի խորհրդանշանը դառնալ Մասիս սարի փոխարէն։
Նիքոլ Փաշինեանը չմոռցաւ նաեւ աւելորդ համարել Նոյեան տապանի ներկայութիւնը մեր լերան վրայ, հետեւաբար նաեւ՝ մեր զինանշանին, անտեսելով Աստուածաշունչն անգամ, որ կ’ըսէ. «Եւ նստաւ տապանն յեօթներորդում ամսեանն ի քսան եւ յեօթն ամսոյն ի Լեռինս Արարատայ»։ Աւելին՝ ծիծաղելի համարելով Ջրհեղեղէն ետք համամարդկային նոր քաղաքակրթութեան սկզբնաւորութիւնը աւետող աստուածաշնչեան այդ վկայութիւնը, Փաշինեանը զինանշանին վրայ աւելորդ համարեց նաեւ Առիւծին ներկայութիւնը, քանի որ, «տրամաբանեց» ան, Հայաստան առիւծ չկայ։ Մինչդեռ առիւծը, որպէս հզօրութեան խորհրդանշան, միշտ եղեր է թագաւորական մեր զինանշաններուն եւ Լեւոն Ա. արքայի ոսկեդրամին վրայ։ Բարեբախտաբար ան խնայեց Արծիւին, որ Հայաստան շատ կայ, թէեւ կրնար, օրինակ, ըսել, թէ հայկական արծիւը շատ բարձրէն կը սաւառնի եւ, հետեւաբար, միջազգային օդանաւորդութեան կազմակերպութենէն (IATA) պէտք է արտօնութիւն ունենանք զայն մեր զինանշանին վրայ հիւրընկալելու համար։
Փաշինեանը, խորհրդարանին առջեւ ունեցած իր ելոյթին չխնայեց նաեւ Թամանեանի եւ Կոջոյեանի ստեղծած զինանշանին խորհրդանշուած հայկական հզօր՝ Վանի, Արշակունիներու, Բագրատունիներու եւ Կիլիկեան թագաւորութիւնները, փորձելով, փաստօրէն, ապացուցել թուրք-ազերիական հակահայ քարոզչութիւնը, թէ հայերս եկուոր ենք պատմականօրէն Հայկակա՛ն կոչուող բարձրաւանդակին վրայ։
Տողերն այս անշուշտ պիտի չգրուէին, եթէ վերոյիշեալ ցնդաբանութիւններուն հեղինակը թուրք-ազերի կեղծարարներէն մէկը եղած ըլլար, որոնց հակահայ քարոզչութիւնը, տակաւին սովետական շրջանէն, բազում անգամ հերքուած է հայ եւ օտար գիտնականներու կողմէ։ Այսուհանդերձ տհաճութեամբ եւ ամօթով կ’անդրադառնանք այդ բարբաջանքներուն, քանզի անոնց հեղինակը կարեւոր պաշտօն ու պարտականութիւն ունեցող հայանուն անձ է, որ դժբախտաբար ունի նաեւ մեծ իշխանութիւն, եւս առաւել՝ մեծ յաւակնութիւններ՝ տնօրինելու մեր ազգին ու հայրենիքին ճակատագիրը, եւ որպէս այդպիսին՝ մեր թշնամիներուն համար դարձած է նպատակայարմար աղբիւր վկայակոչման եւ յղումներու։
Կրնա՞նք զինք հոգեփոխել կամ մտափոխել։ Չեմ կարծեր։ Բացի տգիտութենէն եւ մեր ժողովուրդի թշնամիներուն դիւր գալու մարմաջէն, անիկա օժտուած է նաեւ ուրիշ «առաւելութեամբ»՝ իրմէ դուրս եւ վեր չճանչնալ որեւէ հեղինակութիւն, նոյնիսկ եթէ անիկա մեր Պատմահայրը ըլլայ, Մովսէս Խորենացին, կամ Ղեւոնդ Ալիշանը, Խաչատուր Աբովեանը, Յովհաննէս Այվազովսկին, Վահան Տէրեանը, Եղիշէ Չարենցը, Վահան Թէքէեանը, Աւետիք Իսահակեանը, Մարտիրոս Սարեանը, Կոստան Զարեանը, Յովհաննէս Շիրազը, Պարոյր Սեւակը, Յակոբ Յակոբեան նկարիչը, Հրանդ Մաթէոսեանը, Անդրանիկ Ծառուկեանը եւ ուրիշներ, բոլորն ալ մասիսակեդրոն մտածողներ եւ ստեղծագործողներ։
Չեմ կարծեր նաեւ, որ անոր վրայ որեւէ ազդեցութիւն ունենան մեր երջանկայիշատակ հայրապետներէն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին Ազգային հերոս Վազգէն Ա կաթողիկոսին հետեւեալ տողերը.
Սուրբ Էջմիածնի լոյս բարձունքներից
Հայորդիներին բերում եմ այսօր
Սուրբ Լեռն Արարատ,
Մեր ազգի հոգու պատկեր, երազանք՝
Քառասուն դէմքով, քառասուն գոյնով,
Քառասուն կանչով։
Եւ թող քառասուն Արարատներն այս
Խօսեն, բարբառեն քառասուն լեզուով
Հեռաւոր պանդուխտ մեր զաւակներին
Ու դառնան ամենքի, ամենքի համար՝
Հրաւէր հայրենեաց,
Կոչ արդարութեան
Եւ ստուգութիւն գալիք յաղթութեանց։
ՎԱԶԳԷՆ Ա
Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց
Շուրջ 40 տարի առաջ գրուած այս տողերը, որպէս պատգամ ուղղուած համայն հայութեան գալիք բոլոր սերունդներուն, պիտի չկրնան ներազդել վերոյիշեալ անձին վրայ, որովհետեւ անոր հոգիին մէջ չկա՛յ Արարատը, չկա՛յ «մեր ազգի հոգու պատկերը» , չկա՛յ «երազանքը», «արդարութեան» ձգտումը, «հրաւէր հայրենեաց»ը, ու բոլորովին չկա՛յ «ստուգութիւնը գալիք յաղթութեանց»։ Ընդհակառակն, ստոյգը իր՝ պարտութիւնն է, նահանջը, այն «զրօ կէտից»ը, զոր կռահեր էր Շահան Շահնուրի հերոսներէն Սուրէնը, երբ իր նշանաւոր մենախօսութեան մէջ կ’ըսէր. «Մեր այն թագաւորը, որ կը կոչուէր Աբգար, Գագիկ կամ Խոսրով (…) հրամայեց որ ոչ ոք սկսի հաշուել հարիւրմէկէն մեկնելով»։ Տխմար «թագաւոր» մըն ալ, ահա՛, այսօր, կը մերժէ քար-քարի վրայ դնել, մեր ամուր հիմքին վրայ որեւէ բան բարձրացնել, այլ միշտ՝ «զրօ կէտից»…
Պիտի մերժենք այդ «կէտը», ազգովին։ Մենք «զրօ կէտից»ի ազգ չենք։ Արարատով ու Նոյեան Տապանով մենք համաշխարհային նոր քաղաքակրթութեան հիմը դրած ազգ ենք, պետականաստեղծ ժողովուրդ, որ հակառակ կրած անչափելի կորուստներուն, հակառակ բոլոր փորձանքներուն ու փորձութիւններուն, պիտի չնահանջէ ու պիտի իրմէ դուրս նետէ բոլոր նահանջողները։
Ու քանի որ յիշեցինք Շահնուրի Սուրէնը, անոր հետ կրկնենք բոլոր նահանջողներուն համար՝ «Մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին», հրաժեշտ տանք անոնց եւ անցնինք առաջ։ Ծանր, դժուար գործեր ունինք դեռ ընելիք։
Յ. ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
ՊԱՅՔԱՐ, Յունիս 25, 2023