Արցախի մէջ այսօր 120,000 մարդ կը տառապի այսպէս կոչուած միջազգային ընտանիքին աչքին առջեւ, մինչ հայ ժողովուրդը, իր մեծով եւ փոքրով, այդ անգոյ մարմնին յոյսին է:
Ի դէպ, «Միջազգային ընտանիք» բառհասկացողութեան մասին այստեղ կ՛արժէ նշել դրուագ մը. ԱՄՆ մեծագոյն տեսաբաններէն եւ մարդկային պատմութեան մէջ արեւմտեան աշխարհի արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն ճարտարապետներէն Հենրի Քիսինճըրին լրագրողները հարցազրոյցի մը պահուն, տուեալ հարցի մը շուրջ մի քանի անգամ «միջազգային ընտանիք»ին կարծիքին մասին կը հարցնեն: Ան կը պատասխանէ. «Ո՞վ է «միջազգային ընտանիքը», տուէ՛ք ինծի անոր հեռախօսին համարը, ես զանգեմ իրեն…»:
Ոչ հեռաւոր անցեալին, Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող 1919 թուականին, հազարաւոր կիլիկիահայեր, վստահելով Արեւմուտքին, վերադարձան իրենց հարազատ օջախները եւ գրեթէ հիմնովին քանդուած իրենց քաղաքներուն վերաշինութեանը ու լծուեցան՝ իրենց պապենական հողին վրայ բնականոն կեանքի վերադարձին ։ «Խաղաղութեան» այդ շրջանը, սակայն, երկար չտեւեց։ Գրեթէ ամէն տեղ ու մանաւանդ հայկական նշանաւոր քաղաքներու շրջակայ գիւղերուն մէջ շուտով սկսան երեւալ քեմալական հրոսակախումբերը: Այսուամենայնիւ, հայերս յոյսեր կը տածէինք անգլիական, ապա անոր փոխարինելու եկած ֆրանսական զինուորական իշխանութիւններուն հանդէպ։
Այդ յոյսերը, դժբախտաբար, շուտով ի դերեւ ելան, երբ 1920-ի մայիսի վերջերը, ստորագրուեցաւ ֆրանս-քեմալական զինադադարը, որուն հիման վրայ ֆրանսացիները Կիլիկիայի հայկական թագաւորութեան երբեմնի մայրաքաղաքը՝ Սիսը, յանձնելով թուրքերուն՝ նահանջեցին, յօդս ցնդեցնելով նաեւ այնքան երկար փայփայուած ու մեզի՝ Կիլիկիոյ մէջ նոյն այդ Ֆրանսային խոստացած Հայկական անկախ պետականութիւն ունենալու հեռանկարը…։
Միեւնոյն լաւատեսութեամբ եւ սնամտութեան հասնող ցանկատեսութեամբ (wishful thinking) շատ մը հայեր ցնծացին Ֆրանսայի այսօրուան նախագահ Մաքրոնի հայերէն լեզուով թուիթըրեան գրառութեամբ…: Աւելին, երեւակայութեան ի՜նչ թռիչքներ տուինք ի լուր Ֆրանսայի խորհրդարանի հայանպաստ՝ յօգուտ Արցախի յայտարարութեան (կը կրկնեմ, ընդամէնը՝ յայտարարութեան), որուն շուտով յաջորդեց պաշտօնական յստակեցում մը, թէ այդ յայտարարութիւնը Ֆրանսայի կառավարութեան պաշտօնական կեցուածքը չէ: Եւ որպէս «կեռասը թխուածքի գագաթին» (as a cherry on the top) Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահը օրերս Հայաստանի հողին վրայ կանգնած լիաբերան ըսաւ. «Ֆրանսան պատրաստ չէ ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը»…:
Օրինակները շատ են մեր միամտութեան եւ ինչու չէ՝ սնամտութեան ու մանաւանդ անցեալէն բան սորված չըլլալու բթամտութեան մասին, թէ՛ պետական եւ թէ՛ ժողովրդային մակարդակով: Հապա Նենսի Փելոսիի Հայաստան այցին առիթով ցնծութիւնները, ամէն առիթով Երեւանի փողոցներուն մէջ ամերիկեան դրօշով ման գալու անհեթեթ երեւոյթը… ո՞ր մէկը թուեմ:
Ե՞րբ պիտի սորվինք, մեր շուրջը լաւ նայիլ: Պատմութեան խոր ուսումնասիրութեան կարիքը չկայ անդրադառնալու այն չարիքին, որ վերջին տասնամեակին հասաւ մերձակայ արաբական աշխարհին, նոյն այդ Արեւմուտքին կողմէ հրահրուած այսպէս կոչուած արաբական գարունով, կամ անկէ առաջ երիւրածոյ պատճառներով ԱՄՆին Իրաք ներխուժումով, եւ ի տես այն քաոսին, որ կը տիրէ այսօր Լիպիայէն Սուրիա նաեւ այսօր՝ Լիբանան…
Անցնինք յառաջ:
Այսօր այն ինչին, որ պէտք ունինք, սին խոստումները չեն, ո՛չ ալ անոնց յոյսով ապրիլը: Մեր հայրենիքին աշխարհաքաղաքական դիրքը նկատի ունենալով՝ մեզի պէտք է նախ ՃԻՇԴ կողմնորոշուիլ եւ ըստ այնմ ծրագրել մեր երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը, միշտ բանիմաց դիւանագիտութեամբ: Այս բանին զուգահեռ՝ ժամանակակից զէնքի պէտք է տիրանալ եւ համապատասխան ռազմարդիւնաբերութիւն պէտք է զարգացնել: Միայն այսպէս է, որ մենք իրաւունքն ու կարելիութիւնը կ՛ունենանք որպէս ազգ-պետութիւն գոյատեւելու:
Մե՛նք պէտք է խաղաղութիւն պարտադրենք ու ո՛չ թէ մուրանք: Պատերազմէն վախցողը կը ստանայ թէ՛ պատերազմը եւ թէ՛ պարտութիւնը: Հետեւաբար, ինչպէս մեր պատմութեան մէջ, նաեւ այսօր, միշտ մեզմէ կախուած է, թէ մենք գառան նման կը մորթուի՞նք, թէ՞ կը կռուինք ու արեան գնով ձեռք կը բերենք ազատութիւնը, ինքնիշխանութիւնն ու վերջապէս… այդ բաղձալի խաղաղութիւնը:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ Օրաթերթի
Գլխաւոր Խմբագիր