Յատուկ «Պայքար»ին
Քէօլնէն (Գերմանիա) ստացայ վաղեմի ընկերոջս գրութիւնը, որ կը տեղեկացնէ, թէ Եւրոպայի Ռաբբինական կեդրոնը (Rabbinical Centre of Europe), կրճատ՝ RCE, նամակ մը յղեր է Հայաստանի ղեկավարութեան՝ հայ ժողովուրդէն պահանջելով «անյապաղ եւ ամբողջովին դադրեցնել Ցեղասպանութիւն բառին գործածութիւնը», յատկապէս երբ հարցը կը վերաբերի Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի իննամսեայ պաշարումին։ Ու կարծես քիչ ըլլար այդ պահանջը, RCE-ի նամակը բացայայտօրէն կ’անտեսէ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ սահմանելով, որ «սարսափեցնող արտայայտութիւնները պատշաճ են միայն «նպատակային, հետեւողական (systematic) եւ լայնընդրգկուն այն ցեղասպանութեան համար, որ մարդկութեան պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած է, որով տառապած է հրեայ ժողովուրդը. «Հոլոքոսթը»։
RCE-ի նամակը, որ մէկ այլ տեղեկութեամբ կ’արտայայտէ եւրոպական 20 երկիրներէ շուրջ 50 ռապպիներու կամ խախամներու հաւաքական կարծիքը եւ ուղղուած է ՀՀ վարչապետ Նիքոլ Փաշինեանին եւ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին, աւելի եւս առաջ երթալով կը բացայայտէ հրեայ կրօնաւորներուն պոչի ցաւը՝ քաղաքական դիրքորոշումն ալ, երբ որպէս օրինակ հայոցս «աննրբանկատութեան» եւ «սխալականութեան», կը վկայակոչէ աւելի քան 9 ամիսէ ի վեր արցախահայութեան պարտադրուած տառապանքը ցեղասպանական արարք բնութագրելը, ու տակաւին՝ կը դատապարտէ հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութիւն եզրոյթը «քաղաքական նպատակներով» շահարկելու համար, մինչդեռ, նամակագիրներուն կարծիքով, տեղի ունեցածը ընդամէնը Ատրպէյճանի ներքին խնդիր է, կամ իրենց բառով՝ conflict-ը։
Աւելցնեմ նաեւ, որ RCE-ն նախապէս մէկ այլ առիթով պաշտօնապէս քննադատեր էր Ատրպէյճանը դիւայնացնելու (demonization) փորձերը եւ Հայաստանը համարեր էր «Թեհրանի այաթոլահներուն դաշնակից»…
Այսպիսով՝ Եւրոպայի հրեայ կրօնաւորներուն «պոչի ցաւերը» դարձան երեք հատ, առայժմ.
- Եզրոյթին իրենց մեկնաբանութեամբ՝ միայն Հոլոքոսթն է արժանի ցեղասպանութիւն կոչուելու, հետեւաբար մնացեալները, ներառեալ Արցախի արգելափակումը, արաբական արտայայտութեամբ՝ «ֆրաթա», մանրուք բաներ են։
- Արցախի մէջ եւ շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները Ատրպէյճանի ներքին խնդիրները կը հանդիսանան, որմէ կարելի է հետեւցնել, թէ «ներքին» այդ խնդրին ոչ ոք իրաւունք ունի խառնուելու։
- Հայաստանը, հետեւաբար նաեւ հայերը, Իրանի Իսլամական հանրապետութեան բարեկամներն են, ուստի՝ Իսրայէլի պետութեան հակառակորդները։
Ցեղասպանութիւն եզրոյթի սահմանման հարցը հոս քննարկելը, աեւլի եւս՝ վիճարկելը, բոլորովին աւելորդ կը նկատեմ։ Հրեայ խախամներուն չար բախտէն՝ այդ եզրոյթի լաւագոյն մեկնաբանութիւնը տուած են հրեայ գիտնականները՝ Լեմքինէն սկսեալ մինչեւ Իսրայէլ Չառնի եւ ուրիշներ։ Խախամները Թալմութէն բացի պէտք է կարդան անո՛նց աշխատութիւնները եւ յետոյ միայն բարբաջեն։
Պաշարուած եւ սովամահութեամբ ցեղասպանութեան դատապարտուած արցախահայութեան վիճակը լավագոյնս բնութագրողը Միջազգային դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ, մեծահամբաւ իրաւագէտ Լուիս Մորենօ Օքամփոն է եւ ոչ թէ մենք։ Հետեւաբար խախամները անո՛ր պէտք է ուղղեն իրենց քննադատութեան սլաքները։
Ինչ կը վերաբերի Թեհրանի այաթոլլահներու դաշնակիցը ըլլալու հարցին՝ խախամներուն խորհուրդ պէտք է տալ իրենց քաղաքական եւ միայն քաղաքական հարցերը Պարսկաստանի հետ՝ մեր միջոցով ու մեր երկրի միջոցով չփորձել լուծել։ Պարսկաստանն ու պարսիկ ժողովուրդը մեր դրացիները եղած են պատմութեան անյիշելի ժամանակներէն մինչեւ օրս։ Խախամները պէտք է միշտ յիշեն, որ իրենց «Աւետեաց երկիրն» էր, Իսրայէլը, որ թուրք իմամներուն հետ ձեռք-ձեռքի տուած յարձակեցան մեր վրայ վերջին պատերազմին, եւ հիմա ալ պատրաստ են նոյնը ընել, եթէ չվախնան «Թեհրանի այաթոլլահներէն»։
Մէկ կողմ թողլով խախամներուն ցեղապաշտական-ռասիստական նկրտումները Հոլոքոսթը ֆեթիշացնելու եւ 2-րդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին հրեայ ժողովուրդին թափած արիւնն ու տառապանքը քաղաքական ու քարոզչական դրամագլուխի վերածելու, ատենն է անոնց յիշեցնելու, որ հայ ժողովուրդը հրեայ ժողովուրդին մէջ, յատկապէս Սփիւռքի տարածքին համախոհ շատ բարեկամներ ունի, որոնք, վստահ եմ, անպատասխան պիտի չթողուն RCE-ի ցափռտուքները։
Յօդուածին սկիզբը ըսուեցաւ, որ RCE-ի նամակ-յայտարարութիւնը ուղղուած եղած է ՀՀ վարչապետին ու նախագահին։ Արդ, մենք չենք գիտեր, թէ հայ պաշտօնեաները ի՞նչ պատասխան տուած են այդ նամակ-հրահանգին, եւ ընդհանրապէս չենք գիտեր, թէ որեւէ նամակ-պատասխան տրուա՞ծ է ռապպիներուն։ Սակայն անհրաժեշտ կը նկատենք տեղեկացնելու, որ ECE-ի նամակը բնաւ պատահական չէ։ Փաստ՝ ճիշդ այս օրերուն հրապարակուեցաւ Ատրպէյճանի «այաթոլլահ» Շիւքիւրզատէի կոչը՝ ուղղուած հայաստանաբնակ հրեական համայնքին՝ փոխադրուելու Պաքու, այն փոքրաթիւ եւ յարգուած համայնքը, որ աւելի քան 150 տարիէ ի վեր հաստատուած է Հայաստան, եւ գիտութեան, արուեստի եւ այլ ասպարէզներու մէջ յաջողած ներկայութիւն մը կը կազմէ։
Ատրպէյճանի կրօնապետին այդ կոչը, իմ կարծիքով, կրնայ նախազգուշական հանգամանք մը ունենալ, որով, կը խորհիմ, մեր երկրի համապատասխան մարմինները պէտք է զբաղին։ Եւ ոչ միայն այդ մարմինները։ Խնդրոյ առարկայ եւ յարակից հարցերով պէտք է զբաղին նաեւ Սփիւռքի մեր այն ազգակիցները, որոնք կապեր ունին հրեայ կազմակերպութիւններու, անհատներու եւ կրօնականներու հետ։ Հարցը մեզի համար կարեւոր է թէ՛ քաղաքական, թէ՛ քարոզչական եւ թէ՛ այլ տեսակէտներէ։
Պէտք է գտնենք հարցի բանալին՝ խախամները յանկարծ ինչո՞ւ կատղեցան։
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
Սեպտեմբեր 17, 2023