Ի տես Ստեփանակերտի «Վերածնունդ» հրապարակին վրայ Կիրակի 25 Դեկտեմբերին կայացած Արցախահայութեան բողոքի տպաւորիչ հանրահաւաքին, Ազրպէյճանցի ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ Ալի Քերիմլի հետեւեալ գրառումը ըրած է ընկերային համացանցի իր էջին վրայ. «Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած նախկին բազմամարդ հանրահաւաքի ժամանակ մենք մեզ կը սփոփէինք՝ ըսելով, որ հաւաքին մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը բերուած են Հայաստանէն։ Հիմա ճանապարհը փակ է։ Ոչ ոք չի կրնար Հայաստանէն ցուցարարներ բերել։ Հիմա ինչպէ՞ս կը պատրաստուինք սփոփել մենք մեզի»:
Մինչ թշնամի կողմը չի թաքցներ իր տպաւորութիւնն ու խոստովանութիւնը, եկէք տեսէք, որ մեր մօտ նոյն օրը նոյն պահուն Հայաստանի Հանրապետութեան «ազգընտիր» Վարչապետին կողակիցը, Արցախի ժողովուրդին պոռթկումին առնչութեամբ, ի՞նչ բովանդակութեամբ գրառում ըրած է, քննադատելով իրենց զաւակներուն ապագային համար պայքարող արցախցի ճարահատ ծնողները.
«… Մեծահասակները երեխաների ձեռքները սրտաճմլիկ գրառումներ են տալիս, կանգնեցնում են տօնածառների առաջ ու լուսանկարում: Լացացնող տեքստեր են սովորեցնում ու տեսանկահարանում, նրանց մասնակցութեամբ տարբեր ակցիաներ են կազմակերպում եւ այդ ամենը տարածում են աշխարհով մէկ, որպէսզի խղճահարութիւն յարուցեն…: 3, 4, 5 տարեկան բալիկներին հայրիկներն ու մայրիկները ստիպում են պարզել հետեւեալ բնոյթի թեքստեր. «Բացէք կեանքի ճանապարհը, ես ապրել եմ ուզում», «Կարօտում եմ իմ անհոգ Արցախը», «Մենք այստեղ ենք ուզում միայն ապրել», «Արցախը կայ ու միշտ կը լինի», Արցախը իմ հոգին ու սիրտն է», «Օզումում ճանապարհը բացուի, մամաս պապաս կյան կոխկս», «Ես Ձմեռ պապիկից ոչինչ չեմ ուզում, միայն խաղաղութիւն», «Արցախում կամքի ուժ կա» եւ այլն: Երեխաները չեն տիրապետում տարածաշրջանային խնդիրներին, եւ նրանց մօտ իհարկէ հարցեր կ՛առաջանան»…:
Believe it or not!! (հաւատաք, կամ ոչ) այո՛ հրապարակային վերոյիշեալ գրառումը եղած է իր հայրենի հողին վրայ իր ապրելու իրաւունքին համար պայքարող արցախահայութեան հանրահաւաքին օրը:
Աւելին, նշեալ օրուայ թուականէն ո՛չ շատ առաջ երբ արցախահայութիւնը ցրտահարումի վտանգը կ՛ապրէր, թշնամիին կողմէն յաճախակի կրկնուող կազի մատակարարման ընդհատումին պատճառով, նոյն տիկինը, հանգստաւէտ ու «մօտայիկ» ճինզը հագին, ոտքը ոտքին վրայ դրած ֆութպոլ դիտած պահուն, իր բնակավայրին շքեղութիւնն ու պերճանքները, կրակարանին ջերմութիւնն ու մոմերով ստեղծուած մտերմիկ(cozy) մթնոլորտը ինսթակրամի իր անձնական էջին վրայ տեղադրած տեսերիզով կը հրապարակէր…:
Արհեստավարժական իմ համեստ կարողութիւններէս վեր է վերլուծել վերը նշուած պարագան: Հայ ժողովուրդին համար այս ճակատագրական օրերուն, նման՝ հրապարակումներ կատարելը, ֆութպոլային անհոգ եւ ջերմ մթնոլորտի ցուցադրութիւն ընելը, կատուներու համար գիրք կարդալը, իրենց ապագային համար պայքարող փոքրիկներուն ծնողները քննադատելը, եւ մասամբք նորին, չեմ գիտեր եթէ միամտութի՞ւն է, հոգեկան որոշ շեղումներու երեւոյթներու ցուցանիշեր են, թէ յատուկ մշակուած թշնամական արհեստագիտական միջոցներ, որպէսզի մեր ուշադրութիւնը աւելի կարեւորէն շեղեցնեն, կամ մարդոց հոգեկան հաւասարակշռութիւնը խանգարեն ու աւելի եւս նսեմացնեն մեր ժողովուրդին արդէն իսկ գրեթէ ոչնչացած մարդկային արժանապատուութիւնը:
Ինքզինք յարգող պետութիւններուն առաջին դէմքերը պէտք է զգան իրենց ժողովուրդին բազկերակը ու շարժին այդ ժողովուրդին զգացումներով ու մտածմունքներով։ Անոնք եթէ նոյնիսկ տարբերակուող կարծիքներ ունին, իրաւունք չունին, օրիժինալութեան տպաւորութիւն ձգելու միտքերով հանդէս գալ:
Նոյն ծիրէն ներս կայ նոյնքան ահաւորը: Վերոյիշեալ նոյն օրերուն եւ պահուն, ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀՀ Վարչապետին կողակիցին հարազատ եղբայրը ընկերային համացանցի իր մէկ էջին վրայ հետեւեալը հրապարակած էր: Հրապարակումին նկարը այստեղ կը ներկայացնեմ, առանց իմ կողմէ մեկնաբանութեան.
Ես չեմ գիտեր մեր ազգին գլխուն եկած պատմական այս թիւրիմացութեան պահը ինչպէ՞ս, ե՞րբ եւ ի՞նչ գինով պիտի աւարտի, սակայն մէկ բանին վստահ եմ, որ Արցախէն եւ իր քաջարի ժողովուրդէն մենք ուժ կը ստանանք: Արցախը մեր յաղթանակի եւ ազգային արժանապատուութեան խորհրդանիշն էր եւ այդպէս ալ պիտի մնայ յաւիտեան:
Աւարտին, եւ ի հեճուկս եւ ի պատասխան բոլոր կասկածողներուն, շեղողներուն, եւ թշնամիին, այստեղ կը կցեմ սոյն ոգեշունչ նկարը.
Կեցցե ազատ եւ անկախ Արցախի Հանրապետութիւնը:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Զարթօնք» թերթ, Լիբանան