Նոր Հանրակրթական Պետական Չափորոշիչով (ՀՊՉ) գրուած եւ ՀՀ Կրթութեան Գիտութեան Մշակոյթի եւ Սփորթի (ԿԳՄՍ) նախարարութեան կողմէ երաշխաւորուած` ՀՀ հանրակրթական դպրոցի 7-րդ դասարանի «Հայոց պատմութիւն» դասանիւթի միակ դասագիրքը (հեղինակ՝ Սմբատ Խ. Յովհաննիսեան) բաւական աղմուկ բարձրացուցած եւ մերժուած դասագիրք է Հայաստանի շատ մը ակադեմական կառոյցներու, պատմագէտներու, մանկավարժներու եւ իրաւապաշտպան ու հասարակական գործիչներու մակարդակով: Նոր դասագիրքը, ըստ շատ մը մասնագէտներու, ունի լրջագոյն բովանդակային բացթողումներ եւ ապազգային մօտեցում: Իր հեղինակած դասագիրքը կը փորձէ պաշտպանել հեղինակը, որ ի դէպ գիրքին միակ հեղինակն է, որպէս խմբագիր ունենալով իր… կինը, մինչ քաղաքակիրթ աշխարհի մէջ նման դասագիրքեր կը հրապարակուին խումբ մը մասնագէտ համահեղինակներու պատրաստութեամբ: Իր երաշխաւորած կամ հովանաւորած սոյն սքանտալային դասագիրքին դէմ բարձրացուած արդարացի աղմուկին հանդէպ մինչեւ այսօր տակաւին գործնական քայլի մը դիմած չէ նաեւ խնդրոյ առարկայ նախարարութիւնը, մինչ գիրքը արդէն աշակերտներուն ձեռքին է եւ դասաւանդութիւնը սկսած:
Դասագիրքին ու անոր անմեղ թէ դիտաւորեալ բացթողումներուն ու ազգային տեսանկիւնէ վտանգաւոր բովանդակութեան մասին շատ բան կարելի է գրել, սակայն այստեղ առանց մտնելու մասնագիտական յորձանուտէ ներս, եւ հեռու դաւադրական տեսութենէ, պիտի բաւարարուիմ երկու օրինակով, մնացեալը թողելով ընթերցողին հայեցողութեան: Օրինակ առաջին. Դասագիրքին մէջ Մեծն Տիգրանի օրերու Հայաստանի քարտէսին մէջ ընդգրկուած է այդ օրերէն հազարաւոր տարիներ ետք ստեղծուած Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, իբր թէ մանկավարժական նկատառումներով…: Երկրորդ՝ Հայաստանի հանրապետութեան մէջ օգտագործուած Հայ մատղաշ սերունդին դասաւանդութեան միտող Հայոց Պատմութեան պետական դասագիրքին մէջ, մեր քաջարի սերունդներուն արեան գինով ազատագրուած Արցախը ներկայացուած է որպէս՝ Ազրպէյճանի տարածք…:
Մինչ դեռ ու դէմ կարծիքները կը շարունակուին եւ դասագիրքը մերժելու կոչերը աւելի եւս կ՛ընդհանրանան, նման խեղաթիւրեալ եւ վտանգաւոր դասագիրքի մը երաշխաւոր՝ ԿԳՄՍ նախարար Ժաննա Անդրէասեան, նոր միտքով մը հանդէս կու գայ: Ան վերջերս լրագրողներու հետ ունեցած ճեպազրոյցի մը ընթացքին իր մտքերուն թռիչք տալով կը յայտարարէ թէ. «ՀՀ պետական խորհրդանիշները պէտք է արտացոլացնեն, ոչ միայն անցեալը, այլեւ՝ այսօրուայ պետութիւն»ը: Այսինքն, մեր Հայրենիքին կրթական համակարգը «բարելաւելէ» ետք, տիկին նախարարը այս անգամ անցած է նոր «բարելաւումներու», եւ այս պարագային երեւի նկատի ունի մեր Հայրենիքին ու ժողովուրդին դարաւոր փառքն ու հզօրութիւնը խորհրդանշող առիւծն ու արծիւը, ինչպէս նաեւ անոնց ձեռին՝ մեր թագաւորական հարստութիւններու զինանշանները կրող վահանը փոխարինել թեւատ ու պոչատ կենդանիներով, ինչպէս որ ինք իր գերագոյն ղեկավարով հանդերձ մեզի պանիրի նման շերտուած Հայրենիք մը ժառանգ պիտի թողնեն: Իսկ ինչ կը վերաբերի վահանին ու անոր վրայի մեր անցեալի թագաւորութիւններու խորհրդանիշերուն փոխարէն այսպէս կոչուած Նոր Հայաստանը արտացոլացնող խորհրդանիշերն ալ թող մեր ընթերցողները պատկերացնեն…:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի
Գլխաւոր Խմբագիր