«Տէր իմ մի ներեր իրենց, քանզի անոնք գիտեն, որ ինչ կ՚ընե՛ն»
Մինչ քանի մը օր առաջ՝ 21 Օգոստոս 2023-ին, հայաշխարհը կը տօնէր Ամենայն Հայոց Հայրապետին՝ Գարեգին Բ. Վեհափառին ծննդեան 72-րդ ամեակը եւ մինչ շնորհաւորական ուղերձներով կը հեղեղուէր հայկական մետիան ու Մայր Աթոռը, առիթին նախորդող օրերուն եւ անկէ ետք, դարձեալ շրջանառութեան դրուեցաւ հին-նոր կամ միեւնոյն կոտրած ու դդումի համ տուող սկաւառակը յայտնի կողմերուն միջոցաւ:
Ամենայն Հայոց Հայրապետը դարձեալ վարկաբեկել փորձող կամ հրաժարականը պահանջող անստորագիր թղթիկներ, գրութիւններ, նամակներ, բամբասանք եւ արձակող կողմի մակարդակը բնորոշող լուտանքներ, որոնք որքան ալ անտեսուին, անոնց մոլեգնօրէն ու սանձարձակ տարածումը սակայն մթնոլորտ կ՛ապականէ ու սրտխառնուք կը պատճառէ:
Միշտ ալ անսալով Վեհափառ Հայրապետին՝ իր արժանիքին վայել յորդորներուն, ի զուր տեղ չհակադարձելու եւ միշտ անտեսելու նմանօրինակ պարագաներ, փորձած ենք մնալ ինքնազուսպ, որդիաբար յարգելու համար Վեհափառին կամքը: Սակայն ըստ երեւոյթին կարգ մը մարդուկներու մտային ու բարոյական մակարդակը հասած է հոն, ուր նման լռութիւն փոխանակ որպէս վեհութիւն ու մեծահոգութիւն ընդունոելու սկսած են մեկնաբանել որպէս տկարութիւն կամ համակերպում: Այստեղ անմիջապէս աւելցնենք, որ մենք չենք ուզեր անձնականցնել այս խնդիրը մեզի համար արդէն յայտնի մարդոց դէմ, այլ կը պոռթկանք այն ազգակործան երեւոյթին հանդէպ, որ կարգ մը մարդիկ կը շարունակեն հոգի ու շունչ տալ անոր:
Նմանօրինակ, լուտանքներով լեցուն հանրայնացուած գրութիւն մը ստացանք վերջերս, որ կը ցրւուի «Կայծակ» անունով այսպէս կոչուած պարբերականի մը տեսքով, իբր թէ կայացած «հաստատութեան» մը կամ «շարժում» մը ըլլալ կեղծելով: Հայհոյանքներով եւ զայն գրողին հիւանդագին մաղձը բացայայտող բովանդակութիւն մը ունի նշեալը: Պիտի չուզենք անշուշտ այստեղ մէջբերումներ ընել անոր բովանդակութենէն, նախ՝ աւելի եւս չտարածելու համար տուեալ ցնդաբանութիւնները (որ կրնայ այդ յայտնի-անյայտ կողմերուն նպատակը ըլլալ), նաեւ յարգելու համար մեր թերթն ու անոր ընթերցողները: Պիտի բաւարարուինք սակայն աւարտին նշուած հետեւեալ «վերջնագիրը» մէջբերելով. «Կտրիճ (Վեհափառին աւազանի անունը -խմբ.), օրերդ համրուած են, ու քեզ կը վստահեցնենք, որ մեկնումդ չեն կրնար կասեցնել ոչ Ռամկավարները, ոչ» «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագիրը, ոչ» Բարիգործական ակումբի նախագահ՝ Պերճիկ Սեդրակեանը, ոչ» տիկին Տանձիկեանը, եւ ոչ» ալ ՀՅԴ Բիւրոն ու ՀՀ ՀՅԴ «Գերագոյն»մարմին կոչուածը, որ վերջերս փէշիդ տակ մտած են, կարող են քեզ ստեղծուած կացութենէն դուրս բերել։ Դուն վերջացած ես։ Հայ ժողովուրդի զաւակները ապահոված են քու, եւ մնացորդացիդ «One way» ճամբորդութեան տոմսերը»։
Նախ կրնամ ըսել, որ վերոյիշեալ պարբերութիւնը ընդհանուր գրութեան հետ համեմատած «ամենաքաղաքավար» լեզուն ունի: Երկրորդ, այնտեղ նշուած կողմերուն թողնելով, սոյնին պատասխանելու կամ չպատասխանելու իրենց իրաւունքը, մեզի կը մնայ խօսիլ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին անունով:
Ուրեմն այսպէս.
Ա. Առաջին հերթին յստակացնենք, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր ներկայացուցած ազգային հաստատութեամբն ու անձնական հանգամանքով, բնաւ ալ կարիքը չունի մեր նման հասարակ մահկանացուներու օժանդակութեան, ամուր պահելու համար Միածնի օրհնութեամբ կառուցուած Մայր Աթոռն ու Լուսաւորչի հաստատած Գահը: Աստուած ինքն է, որ կը պահէ ու կը պաշտպանէ իր Սուրբ տունն ու Հոգին Սուրբին ներշնչմամբ ընտրուած եւ Ս. Օծութեանը արժանացած անոր գահակալները:
Բ. Հաստատենք, որ 2018-ի «թաւշեայ» կոչեցեալ պատմական թիւրիմացութեան յառաջացուցած իշխանութիւններուն մեղսակցութեամբ սկիզբ առած, ազգային արժէքներն ու հաստատութիւնները ծրագրեալ կարգով (systematic) կազմալուծելու ու վարկազրկելու ազգակործան քաղաքականութիւնն ու գործելաոճը ըստ երեւոյթին նորէն թափ առած է, այս պարագային, որպէս շարունակութիւն «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» ցնդաբանութեան ու ամէն գնով կը փորձէ երթալ յառաջ:
Գ. Պարզօրէն ըսենք, որ այս ամէն ինչին ետին կան անշուշտ ներքին ու արտաքին ուժեր եւ այս բոլորին միջեւ շահերու խաչմերուկ, որոնք մերթ բացայայտ գործողութիւններով, երբեմն ալ վարձկան գրիչներով կամ անուղեղ շարլաթաններով իրենց սեւ գործը յառաջ կը տանին:
Դ. Վկայենք, որ հասարակ մարդ արարած ամբաստանելն ու դատելը մեղք է քրիստոնէական վարքագիծով ալ ուր մնաց Հայոց Կաթողիկոսը: Պէտք է միշտ յիշել, որ Աւետարանի պատուիրանները յստակօրէն կ՛ըսեն. «Աչքներիդ երևացածին պէս մի՛ դատէք, այլ ուղի՛ղ դատաստան ըրէք:»(Յովհ. 7:24): «Մի» դատէք, որ չդատուիք, որովհետև ինչ դատաստանով, որ կը դատէք, նոյնով պիտի դատուիք, ինչ չափով, որ կը չափէք, անորմով պիտի չափուիք:» (Մատթ. 7:1):
Պատնէշի վրայ ամուր կանգնած, բազմիցս գրած ենք ու յայտարարած, թէ Մեզի Համար Մայր Աթոռը Կարմիր Գիծ Է: Բաւ է այլեւս կարգ մը անգրագէտներու, սրտերնին ոխով լեցուած կարգալոյծներու, կամ ինչ որ անձնական մաղձով վրէժ լուծել փորձողներուն, կամ կազմակերպուած կերպով պտոյտ տուող կոտրած սկաւառակին մէջտեղ նետած այն ծակ փիլիսոփայութիւնը, թէ իրենք կը քննադատեն կաթողիկոսին անձը եւ ոչ թէ Մայր Աթոռը: Այս տեսակներուն միանգամ ընդմիշտ կ՛ըսենք, որ Մայր Աթոռին տուեալ ժամանակաշրջանի մը գահակալը ինքն է, որ կը ներկայացնէ Եկեղեցին, հետեւաբար իր անձին դէմ ոեւէ արշաւանք, վարկաբեկում կամ բամբասանք կը տկարացնէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ այս բանը գիտակցաբար կամ անգիտակացաբար ընողները, միեւնոյնն է՝ Ազգը Դաւող Դաւաճաններ Են:
Մեր ազգին ու Հայրենիքին համար օրհասական այս պահուն նման ճղճիմութիւններ հրապարակ նետողը բացի իր անառողջ հոգեկանը բաւականացնելէ, կը ծառայէ Հայ ժողովուրդի թշնամիին, իսկ թշնամիին ծառայող մարդիկ աւելի վատն են ու նզովեալ ըլլալու արժանի, քան թշնամին ինքնին:
Հետեւաբար եւ միանգամ ընդմիշտ այս սիւնակով կը հաստատենք, որ ԶԱՐԹՕՆՔ իր գոյերթին ընթացքին, իրերայաջորդ իր խմբագիրներով հանդերձ, յանձնառու առաքելութիւն ստանձնած, ինչպէս անցեալին, աւելի եւս ներկայի ազգային ճգնաժամի օրերուն, Մայր Աթոռի անվերապահ ու անսակարկ դրօշակակիրն էր ու կը մնայ այդպէս: Անոր ամէն ժամանակներու խմբագիրները միշտ պատրաստ եղած են առաջինը իրենց կուրծքին ընդունելու ամէն տեսակի հարուած, որ կը սպառնայ մեր սրբութիւններուն:
Այսօր մենք կը հաւատանք, որ ի չգոյէ ազգային պետութեան, կայ ու կը մնայ Եկեղեցին, անոր գահակալն ու միաբանութիւնը միայն, որպէս փարոս ու մեր ազգն ու Հայրենիքը փրկութեան առաջնորդող վերջին լաստ:
Աւարտին, ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի ողջ ընտանիքին եւ մեր անունով, սրտանց կը շնորհաւորենք ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ծննդեան 72րդ ամեակը:
Տողերուս հեղինակը, անձնապէս ինքզինքս բախտաւոր կը նկատեմ, Հայոց Հայրապետը անձամբ ճանչնալուս ու Իր միտքերն ու խորհուրդները մօտէն լսած ըլլալուս պատեհութեամբ:
Այսօր արդար առիթն է գոհունակութեամբ, մեծ գնահատանքով եւ երախտագիտութեամբ յիշելու՝ Գարեգին Բ. Վեհափառին գահակալութեան օրով ձեռնարկուած մեծ թիւով եկեղեցիներու կառուցումն ու վերաշինութիւնը, նոր թեմերու հիմնադրութիւնը, Իր հովանիին տակ գործող հոգեւոր ճեմարաններուն փայլուն գոյերթը եւ շնորհիւ Իրեն հիմնադրուած հայորդեաց տուներու եւ դպրոցներու ազգօգուտ գոյութիւնը: Վեհափառին օրհնութեամբ՝ Մայր Աթոռին կատարած մշակութային ներդրումները ինչպէս նաեւ իր գլխաւորած Մայր Աթոռին ընձեռած ընկերային եւ ֆինանսական՝ մարդասիրական օժանդակութիւնները, աւելի քան կը գնահատուին բազմահազար հայորդիներու կողմէ:
Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց ՇԻՆԱՐԱՐ կաթողիկոսին ծննդեան տարեդարձին այս բարեպատեհ առիթով, իրեն կը մաղթենք քաջառողջութիւն, արեւշատութիւն եւ Աստուծոյ զօրակցութեամբ նորանոր իրագործումներ ի փառս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյն եւ ի նպաստ Հայաստանի Հանրապետութեան՝ իր այս ճգնաժամային կացութենէն դուրս գալուն, Արցախի Հանրապետութեան յաւէտ գոյատեւումին ու անոր քաջարի ժողովուրդին բարօրութեան, Հայոց բանակին եւ աշխարհասփիւռ Հայ ժողովուրդի զաւակներուն:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան