Երեւոյթ մը կայ, մեր ժողովուրդին մօտ, որուն մասին միշտ մտածած եմ գրել, սակայն իրար յաջորդող ազգային մեր ցաւերը, հետաձգել կու տային զիս, այս թեմային մասին արտայայտուիլ, զայն նկատելով երկրորդական: Սակայն այն երեւոյթին ու անոր դրդապատճառը հանդիսացող բարդոյթին մասին, որ ընտրեցի գրել այսօր, այնպիսի ընդհանրական բնոյթ սկսած է դառնալ, որ կարելի չէ այլեւս անտեսել:
Ինքնահաստատման անհասկնալի մարմաջ մը կայ մեր ազգին կարգ մը զաւակներուն մօտ, որ վեր է ամէն տրամաբանութենէ եւ բարոյական արժէքներէ:
Ըլլայ մեր առօրեայ իրական կեանքին մէջ, թէ ընկերային համացանցի վերացական հարթակին վրայ, մայրենին իբր թէ պաշտպանող իմաստակներ կան, որոնք դասեր տալու ելած են բոլորին, երբեմն ինքնուրոյն, շատ յաճախ ալ առանց մտածելու իրար ընդօրինակելով:
Նշեալները ո՛չ միայն կը մրցին հայացնելու միջազգային անուանումներ եւ ապրանքանիշեր, այլ իրենց քմայքին համեմատ «հայացուցած» անուններով արտայայտուիլը կը փորձեն պարտադրել բոլորիս վրայ, ազգային դասեր ալ տալով մեզի:
Օրինակ մը տալու համար կ՛արժէ կանք առնել Ֆէյսպուքը «Դիմատետր» կոչել պնդող վիճակին վրայ: Միլիոնաւոր հետեւորդներ ունեցող եւ միլիառաւոր տոլարներ արժող Ֆէյսպուքի նման միջազգային հսկայ մը, պաշտօնապէս գրանցուած եւ օրինական ապրանքանիշ մըն է: Անոր անունը մեր քմայքով փոխելը, ան ալ մեր խեղճ ու կրակ հալով, նուազագոյնին մէջ, բարոյական չափանիշերու խախտում է, որովհետեւ այդ անունը ունի իր պաշտօնական գրանցումն ու մտային սեփականութեան իրաւունքը: «Դիմատետր», որ գրենք, տրամաբանականօրէն այդ պէտք է ըլլայ ապրանքանիշ մը այլ մտային կամ շօշափելի արտադրութեան մը, որ օրկանական կապ պէտք չէ ունենայ իսկական ֆէյսպուքին հետ: Ի դէպ, հետաքրքրական պիտի ըլլար մարտահրաւէր կարդալ «Դիմատետր»ին վրայ պնդողներուն, թարգմանել կամ հայացնել նաեւ ԿՈՒԿԸԼ ապրանքանիշի անունը, տեսնելու համար, որ ի՜նչ կը ստացուի…:
Լրջանալով, մեզի կը մնայ նման ապրանքանիշերու բուն անունը հայատառ գրելու ազատութիւնը, կամ նմանօրինակ, մրցակից կամ աւելի ուժեղ (հայերէն անուանմամբ) համակարգչային ծրագիրներ, հաստատութիւններ ու ապրանքանիշեր մտայղանալու, ստեղծելու եւ գրանցելու իրաւունքը:
Այս բանէն դուրս եղածը զուտ կեղծիք է, իբր թէ խելացի բան մը ըսած ըլլալու կամ իրարմէ ընդօրինակելով կրկնելու անմիտ վարքագիծ եւ քիչ մըն ալ ծակ փիլիսոփայութիւն:
Այսքանով պիտի բաւարարուիմ այսօր:
Սևակ Հակոբյան, «Զարթօնք»