Նորագոյն ազգային – ազատագրական պայքարի ազատամարտիկ, նահատակ Փիէր Կիւլիւմեանի աճիւնները՝ իր նահատակութենէն քառասուն տարիներ ետք, վերջապէս պիտի ամփոփուին Մայր Հայրենիքի հողին մէջ. գրում է «Զարթօնք» թերթը։
Փիէր Կիւլիւմեան՝ դժբախտ պատահարի հետեւանքով նահատակուած էր Փարիզի մէջ՝ 2 Օգոստոս 1982-ին:
Մինչեւ իր նահատակութիւնը՝ ան եղած էր Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի Եւրոպայի տարածքի զինուորական պատասխանատուն եւ իր այդ հանգամանքով, ղեկավարած ու անձնապէս մասնակցած էր զինուորական բազում գործողութիւններուն:
Անոր աճիւններու վերադարձը ու հայրենի հողի հետ միաձուլումը կը խորհրդանշեն՝ ազգային անկորնչելի իրաւունքներու վերատիրացման համար ազատագրական պայքարի յարատեւման անկոտրում կամքը, եւ բռնագրաւուած հողերու ազատագրման ու Մայր Հայրենիքի միացման գաղափարի արդիականութիւնը ու անժամանցելիութիւնը:
Այս առիթով հրապարակուած Հայկական Ժողովրդային Շարժումին հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Կիւլիւմեանի աճիւններու վերայուղարկաւորման մանրամասնութիւններուն մասին, հանրութիւնը տեղեակ կը պահուի ատենին:
«Զարթօնք»