Ընկ. Սեւակ Յակոբեան անցնող օրերուն պաշտօնական նամակով մը դիմած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյաեանին, վերջինիս ուղելով հայաշխարհը վերջերս յուզող կարեւոր հարցումներ:
Հետեւեալը, նամակին բովանդակութիւնն է.
«Յարգելի պարոն Նախարար,
Ստորագրեալս, Լիբանանի հայկական ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, միաժամանակ ՀՀ քաղաքացի, Սեւակ Յակոբեան հայաստանեան մամուլէն իմացայ, որ Դուք վերջերս՝ 21.11.2022-ին հեռաձայնային զրույց մը ունեցած էք Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարարի պարտականութիւնները կատարող՝ Պրն. Ապտալլահ Պու Հապիպին հետ, ի միջի այլոց շնորհաւորելով Ձեր գործընկերը Լիբանանի Անկախութեան տօնին կապակցութեամբ:
Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ, սոյն գիրով կը դիմեմ Ձեզի հետեւեալ երկու հարցումներով.
- Արդեօ՞ք լիբանանցի Ձեր գործընկերոջ հետ միասին առիթը ունեցաք քննարկելու լիբանանեան եւ նաեւ հայաստանեան քաղաքացիութիւններ կրող՝ Ազրպէյճանի մէջ գերեվարուած Վիգէն Իւլճէքեանի պարագան: Այս կապակցութեամբ եւ ի պաշտօնէ դուք, ինչպէ՞ս կը հետապնդէք այս հարցը, որ բնականաբար չի տարբերիր տակաւին եւս գերի հանդիսացող միւս հայորդիներուն պարագայէն:
- Մեր թերթը հայաշխարհի մէջ առաջինն էր, որ անդրադարձաւ վերջերս Լիբանանի մէջ տեղադրուած Ազրպէյճանի «նահատակներուն» նուիրուած յուշաքարի կանգնեցման երեւոյթին: Արդեօ՞ք այս նիւթին շուրջ արդարացի հարցադրումներ ըրիք լիբանանցի նախարարին:
Ձեր գործերուն յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով եւ կանխայայտ շնորհակալութեամբ»:
Ըստ ՀՀ օրէնքով ճշդուած կարգին, մեր կողմէ կ՛ակնկալուի Պրն. Նախարարին պատասխանը, որ օրին պիտի հրապարակենք առ ի տեղեկութիւն հանրութեան:
«Զարթօնք»