Մինչեւ յաջորդ տարուայ սկիզբը, Լիբանանի նախագահական աթոռը պարզ է, որ պիտի թափուր մնայ: Սակայն տարեսկիզբէն սկսեալ կրնան նոր զարգացումներ ըլլալ:
Ըստ ընդդիմադիր շարք մը երեսփոխաններու համոզմունքներուն, Նոր տարուայ առաջին ամիսներուն, նախագահական ընտրութիւններու թղթածրարով զարգացումներ կրնան արձանագրուիլ:
Նշեալ դրական զարգացումները կրնան այսօրուայ իրավիճակին մէջ բեկում յառաջացնել, եւ ինչպէս միշտ պատահած է Լիբանանի մէջ, նմանօրինակ պարագաներուն, ներկայի թեկնածուները զիջած են համախոհական թեկնածուի, մը որ ինչպէս անցեալին, նաեւ ներկայիս Լիբանանեան բանակի օրուայ հրամանատարը կրնայ ըլլալ:
Պէտք է սպասել այդ զարգացումներուն:
«Զարթօնք» օրաթերթ