Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսէն ներս տեղի ունեցած է Արցախի անկախութեան նուիրուած ձեռնարկ, որուն մասնակցած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Դաւիթ Բաբայեանը եւ Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի անդամները: Այս մասին կը տեղեկանանք Armenpress.am-էն։
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցած է Արցախի արտաքին գործերու նախարար Դաւիթ Բաբայեան: Ան շեշտած է, որ Արցախը երբեք պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ՝ ընդգծելով գոյացական եւ ցեղասպանական սպառնալիքները, որոնց կը բախի Արցախի ժողովուրդը:
Բաբայեան շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆ-ի եւ ամբողջ աշխարհի հայկական համայնքներուն եւ Արցախի բոլոր աջակիցներուն: «Մենք կը պայքարինք ոչ միայն մեր ապագային, այլ նաեւ անցեալի, ներկայի եւ ամբողջ մարդկութեան համար»,- ըսած է Դաւիթ Բաբայեան:
Քոնկրեսական Ադամ Շիֆ իր ելոյթին ընթացքին ընդգծած է, որ ԱՄՆ-ն պէտք է դադրեցնէ ցանկացած տեսակի աջակցութիւն Ատրպէյճանին, պատժամիջոցներ կիրառէ եւ պատասխանատուութեան ենթարկէ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը պատերազմական յանցագործութիւններուն համար: Շիֆի խօսքով՝ Ատրպէյճանի յարձակումը միանշանակ չդատապարտելը թոյլ տուած է, որ այդ երկիրը նոր յարձակում իրականացնէ Հայաստանի դէմ:
Ձեռնարկին մասնակցած է նաեւ քոնկրեսական Ֆրանք Փալոնը, որ նոր վերադարձած էր Հայաստանէն, ուր այցելած էր Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի պատուիրակութեան կազմով: Իր ելոյթին մէջ ան ընդգծած է, որ իրենց առաքելութեան կարեւոր մասն է երաշխաւորել Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման շարունակականութիւնը՝ շեշտելով, որ Արցախն ալ անոր մէկ մասն է:
Քոնկրեսական Ճիմ Գոսդան դատապարտած է Ատրպէյանի կողմէ վերջին յարձակումը Հայաստանի վրայ՝ նշելով, որ ԱՄՆ-ն պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկէ Ատրպէյճանը: Ան կոչ ըրած է վերանայելու իւրաքանչիւր աջակցութիւն, որ կը տրամադրուի Ատրպէյճանին:
Քոնկրեսի անդամ Ճուտի Չուն իր ելոյթին մէջ նշած է, որ Ատրպէյճանը արգիլած է իր մուտքը, որ մեծ պատիւ է իրեն համար: Ճուտի Չուն ընդգծած է Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութեան տրամադրումը դադրեցնելու եւ Արցախին յատկացուող օգնութիւնը ընդլայնելու անհրաժեշտութիւնը:
Abaka news
Մոնրեալ