Սագօ Արեանը գրում է.
Ամերիկահայ մեր հայրենակիցներէն՝ Պատուելի Յովհաննէս Հալլաճեան քիչ առաջ տեսանիւթով մը հանդէս գալով ներկայացուցած է Գալիֆորնիոյ. այն շրջանները, որոնք հրդեհներու բոյն դարձած էին անցնող ժամերուն։
Սահակ-Մեսրոպ միջնակարգ վարժարանը ամբողջութեամբ հրկիզուած է։ Կը նշուի, որ վարժարանը կը Մէյտընն Լն Ալթատէնա (2501 Maiden Ln, Altadena)շրջանին մէջ (Գալիֆորնիոյ հարաւային մաս)։
Գալով վարժարանին, ապա ըսեմ, որ Սահակ-ՄեսրոպՎարժարանը կը գործէ Հայ Աւետարանական համայնքի նեցուկով եւ այնտեղ կը յաճախեն 350 աշակերտներ։ Մեծ թիւով. Ամերիկահայ օգտատէրեր գրառումներ կատարած են. Եղածին վերաբերեալ նշելով, որ. Ցաւալիօրէն ամբողջ դպրոցը՝ հրոյ ճարակ դարձաւ։
Տխուր է եղածը Գալիֆորնիոյ մէջ, որ այսօրուայ դրութեամբ կը համարուի հայկական սփիւռքի ամէնէն ազդեցիկ, եւ կշիռ ունեցող գաղութը
Այդ. շրջաններուն մէջ կան հայահոծ շրջաններ եւ մեր հայրենակիցներէն շատեր մնացած են անտուն եւ անօթեւան։ Տակաւին վաղ է վերջնական գնահատական մը տալու եղածին վերաբերեալ, սակայն պատկերները եւ տեսանիւթը ցոյց կու տան, որ եղածը եւ սարսափելի է եւ ալ աննախադէպ։
Չմոռնանք, որ Ամերիկեան այս ափը, հայկական. սփիւռքի թագն ու պսակն է։
Ամբողջական զօրակցութիւնս մեր հայրենակիցներուն։