Հայկազեան Համալսարանի 62-րդ Հունձք
Ուրբաթ, 3 Յունիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանը իր շրջափակին մէջ կազմակերպեց իր տարեկան վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին 107 ուսանողներ յաջողութեամբ աւարտեցին Պսակաւոր արուեստից եւ գիտութեանց, ինչպէս նաեւ մագիստրոսի աստիճանները` դառնալով Հայկազեանի 62-րդ հունձքի շրջանաւարտները: Հանդիսութիւնը առաջինն էր 2020-էն սկսած «Քորոնա» ժահրի պարտադրած սահմանափակումներէն ետք, որ նաեւ սփռուեցաւ առցանց:
Ներկաներու ծափահարութիւններուն ներքեւ շրջանաւարտները դասախօսական կազմին հետ ուղղուեցան բեմ, ապա հնչեց Լիբանանի քայլերգը, որուն յաջորդեց համալսարանի հոգեւոր հովիւ վեր. Ուիլպըրթ Վան Սանի աղօթքով պաշտօնական բացումը:
Հանդիսութեան գլխաւոր բանախօսն էր արաբական երկիրներուն մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կրթութեան հարցերու շրջանային գրասենեակի տնօրէն Քոսթանցա Ֆարինա, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի արժէքներուն՝ ընդգծելով, որ անոնք կը գործադրուին նաեւ Հայկազեան համալսարանին կողմէ: