Այսու կու գանք մեր ձայնը միացնելու բոլոր արդարամիտ շրջանակներու ձայնին՝ աներկբայօրէն դատապարտելու Ատրպէյճանի նախայարձակումը Սեպտեմբեր 13ին, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն ներս՝ թիրախ բռնելով Սոթքի, Ջերմուկի, Կապանի, Վարդենիսի շրջանները, խլելով 105 զոհ եւ պատճառելով բազմաթիւ վիրաւորեալներ:
Աշխարհի վրայ ամէն մէկ հայու պարտքն է անդրադառնալ այս տագնապալի կացութեան եւ առ այդ բարձրացնել իր բողոքի ձայնը:
Իրենց հերթին պարտքն է Հայաստանի իշխանութեանց հզօր կերպով բողոքելու իրաւասու շրջանակներուն եւ առաւել եւս հակադարձելու Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ սանձազերծուած ռազմական ու տեղեկատուական արշաւին, հնչեցնելու արդարութեան ձայնը:
Ատրպէյճանը խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու պատրուակով բանակցութեան մէջ է Հայաստանի հետ եւ այս նախայարձակումով կը ջանայ պարտադրել իր սեփական պայմանները, որոնք կը միտին սպառնալ Հայաստանի ինքնիշխանութեան:
Երբ խնդրոյ առարկայ է որեւէ երկրի ինքնիշխանութիւնը, առաջին հերթին ՄԱԿը եւ համապատասխան մարմինները պէտք է հակազդեն առկայ վտանգին, որքան սատարելով խնդրոյ առարկայ զոհին, այլ նոյնպէս պահպանելով իրենց սկզբունքները՝ ազգերու միջեւ ներդաշնակութիւն եւ խաղաղութիւն պահպանելու:
Այս կապակցութեամբ կ՚ողջունենք ֆրանսական իշխանութեանց նախաձեռնութիւնը ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի օրակարգին վրայ դնելու տագնապալի այս նախայարձակումը, նոյնպէս կ՚ողջունենք Հայաստանի ապահովութեան խորհուրդին որոշումը դիմելու ՄԱԿին, Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Հաւաքական ապահովութեան ուխտի կազմին (ՀԱՊԿ)՝ առաջքն առնելու համար այս նախայարձակման:
Հայաստանը իբրեւ լիիրաւ անդամ Հաւաքական ապահովութեան ուխտի կազմին՝ իրաւունքն ունի արժեցնելու իր անդամակցութեան ձայնը, իսկ Ուխտը՝ հաւատարիմ մնալու իր սկզբունքներուն եւ պարտաւոր է զանազանութիւն դնել իր անդամ Հայաստանի եւ անոր թշնամիին միջեւ:
Ի վերջոյ ատենն է որ ստեղծուի ներքին միասնականութիւն Հայաստանի ժողովուրդին մէջ, ինչպէս նաեւ պետական կառոյցներէ ներս: Անհասկնալի է եւ դատապարտելի խորհրդարանական ընդդիմութեան վերաբերումը՝ չմիանալու խորհրդարանական մեծամասնութեան՝ դատապարտելու ատրպէյճանական նախայարձակումը:
Հայրենակիցներ ու բարեկամներ, երբ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը վտանգի տակ է, կը նշանակէ որ հնչած է ահազանգը համազգային զօրակոչի:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը այսօր կոչ կ՚ուղղէ համայն հայութեան սարդարապատեան ոգիով միանալու եւ հաւաքաբար դիմակայելու ատրպէյճանական վտանգը:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Պոստոն