Վստահաբար հետեւելով լուրերուն, տեղեակ պահուեցաք Հարաւային Գալիֆորնիոյ մէջ, այս շաբաթուան ընթացքին, տեղի ունեցող օդամրրիկներուն եւ հրդեհներուն: Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի (Թ.Մ.Մ.) Կեդրոնական Վարչութիւնը անհունօրէն իր ցասումը կը յայտնէ բնակչութեան ընտանիքներուն հազարաւոր բնակարաններու կորուստին տխուր առիթով, ներառեալ հայաբնակ շրջաններու՝ Փասատինայի եւ Ալթատինայի մեր հայրենակիցներուն:
Հրդեհին ծագումէն անմիջապէս ետք կապ հաստատեցինք համայնքի պատասխանատու ազգայիններուն, որոնք տեղեակ պահեցին հաղորդելով այդ շրջանի մէջ Թ.Մ.Մ. «Պէշկէօթըրեան» կեդրոնին ցարդ անվտանգ կացութիւնը: Առայժմ կեդրոնին ելեկտրական հոսանքի կասեցումով եւ շրջանէն հեռանալու հրամանով Ամերիկայի Ազգային Պահակագունդը կը կատարէ իր հսկողութիւնը շրջանին մէջ: Ըսենք նաեւ որ Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան կարգ մը անդամներու բնակարանները եւս անապահով նկատուելով, անոնք հեռացած են հրդեհի շրջաններէն:
Կեդրոնական Վարչութիւնս իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Ալթատինայի Սահակ-Մեսրոպ հայկական վարժարանի պաշտօնէութեան, ուսանողութեան եւ ընտանիքներուն: Դպրոցը ամբողջութեամբ հրոյ ճարակ դառնալով դժբախտաբար ամբողջութեամբ կործանած է: Վարժարանը շրջանի ամենէն մեծ ազգային հաստատութիւնն էր: Այս տխուր առիթով Թէքէեանի Կեդրոնական Վարչութիւնը իր եղբայրական ձեռքը կ’երկարէ վարժարանին, տրամադրելով իր կեդրոնը դպրոցին դասաւանդութիւնները շարունակելու համար:
Մեր աղօթքն է հայկական համայնքի, ինչպէս նաեւ Հարաւային Գալիֆորնիայի մեր անդամներուն շուտափոյթ վերադարձը դէպի բնականոն կեանք, հեռու ամէն տեսակի աղէտներէ:
Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան
Ատենապետ
Թէքէեան Մշակութային Միութեան
Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի
Կեդրոնական Վարչութեան
Յունուար 10, 2025