Տեղեակ ըլլալով սփիւռքահայութեան ու յատկապէս երիտասարդ սփիւռքահայու հոգեխառնութեան, օտար միջավայրերու մէջ հայ մարդու կրած ազդեցութիւններուն եւ, վերջապէս, ազգային պատկանելիութիւն ու նկարագիր պահպանելու դժուարութիւններուն, «Պայքար»ի ընթերցողներուն պիտի ուզէի ներկայացել, ոգւեորութիւն պատճառող նիւթեր ու փաստեր։ Աւա՜ղ, դժուար է, եթե ոչ՝ անկարելի։ Վերջին տարիներուն մեր կրած ծանրածանր կորուստներուն, ազգային դիմադրողականութեան անկումին զուգահեռ՝ գրեթէ ամէն օր ականատեսն ու ականջալուրն ենք սխալ կամ թերի որոշումներու եւ գործողութիւններու, որոնք կու գան աւելնալ մեր թշնամիներու ամենօրեայ պահանջներուն եւ սպառնալիքներուն։ Արձանագրուող այդ սխալ որոշումերուն եւ կատարուող գործողութիւններուն աղբիւրը կը մնայ նոյնը՝ ապիկար ու տգէտ իշխանութիւնը՝ բոլորիս ծանօթ մարդուն գլխաւորութեամբ։
Հինգ օր առաջ այդ մարդը տուաւ մարաթոնեան հերթական իր ասուլիսը, 3,5 ժամ տեւողութեամբ։ Անկարելի է, նոյնիսկ խտացուած ներկայացնել անոր արտայայտած միտքերն ու գաղափարները, լրագրողներու տուած կամ չտուած հարցերուն պատասխանները՝ սկսած տարածաշրջանային ռազմավարական հարցերէն մինչեւ օթօպիւսներու տոմսակի նոր՝ եռապատկուած գիներէն ու մինչեւ նորանոր հարկերու ներմուծումը, որոնք ներկայացուեցան իբրեւ «բարեփոխումներ» յանուն մեր երկրի զարգացումին ու ժողովուրդի բարօրութեան, չմոռնալով արդէն դդումի համ տուող «խաղաղութեան» սեփական տեսլականը…
Եւ այդ «խաղաղութեան» ֆոնին, վերոակնարկեալ անձը փորձեց արդարացնել Տաւուշի մարզի 4 գիւղերը Ատրպէյճանին յանձնելու գաղափար-պահանջը եւ զայն ընկալելի դարձնել հանրութեան համար՝ զայն ընդունելի դարձնելու յետին միտքով։ Չորս հայկական բնիկ ու պատմական գիւղ, որոնք բնակավայր ըլլալէ առաջ ռազմավարական դիրք եւ նշանակութիւն ունին՝ Վրաստանի հետ մեր մայրուղին կ’ապահովեն։
Կարեւորագոյն այս եւ յարակից նիւթերուն անդրադառնալու առիթ կ’ունենանք անշուշտ, անոնք, դժբախտաբար դարձեր են մեր «յաւերժական» թեմաները։ Քանի դեռ ղեկավարութեան աթոռին նստած են նոյն մարդիկ։ Մինչ այդ՝ բոլորիս հետաքրքրող ու մտահոգող խնդիրի մը մասին, որ կը վերաբերի մեր ժողովուրդի հոգեւոր-կրթական ներկային ու ապագային, որուն միայն թռուցիկ անդրադարձաւ միապետը իր ասուլիսին, միշտ «բարեփոխումներ» անունի տակ եւ որ աւելի լայն քննարկումներու առարկայ է այս օրերուն հանրային հարթակներու վրայ։
Խնդիրը կը վերաբերի կրթութեան ոլորտին սպառնացող, այո՛, սպառնացող «բարեփոխումներուն»։ Հարցը որպէս նախագիծ մէյտան նետողը կրթութեան, գիտութեան, սփորի ու երիտասարդութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանն է։ Նպատակը՝ Հայաստանի բարձրագոյն կրթական հաստատութիւնները՝ համալսարաններ եւ էնսթիթիւներ, միաւորելու, իր բառով՝ «օպտիմալացնելու» ծրագիրը իրագործելն է։ Ըստ այդ նախագիծ-ծրագրին՝ պէտք է այդ հաստատութիւնները համախմբել հինգ ուղղութիիններու մէջ՝ Արուեստներու, Կրթութեան, Բժշկական, Դասական եւ Թեքնիքական (Thechnological)։ Որոշ չափով տրամաբանական, իսկ մեծ պատկերի մէջ անհեթեթ այդ բաժանումներուն մէջ ամէնէն արտառոցը Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին միաւորումն էր թատրոնի եւ սինեմայի, հնագիտութեան եւ ազգագրութեան, գեղարուեստի եւ արուեստի էնսթիթիւններուն հետ, որոնք թէեւ բոլորն ալ արուեստի մարզին մէջ կը գտնուին, սակայն ունին մասնագիտական, տարածքային, գործիքային էական տարբերութիւններ։ Բայց ամէնէն կարեւորը՝ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը ունի համաշխարհային հռչակ եւ հեղինակութիւն, պատմականօրէն հաստատուն հեղինակութիւն, այնպէս՝ ինչպէս, օրինակ, Սանթա Չեչիլիա երաժշտանոցը Իտալիոյ։ Ոչ միայն պատմական՝ իր շրջանաւարտներու համաշխարհային հռչակով, այլ նաեւ՝ ներկայ ժամանակներու իր շրջանաւարտներու։ Այնպիսի երգիչ-երգչուհիներ, դաշնակահարներ ու ջութակահարներ, գրեթէ ամէն ամիս, կը թնդացնեն միջազգային մրցոյթներու սրահներն ու եւրոպական բեմերը, ապշեցնելով բոլորս, հանրահռչակելով երաժշտանոցին անունը։
Սակայն, ինչպէս կ’ըսեն, սատանան կը գտնուի մանրամասնութիւններուն մէջ։ Իսկ մանրամասնութիւնները ցոյց կու տան բուն նպատակը այդ «բարեփոխութիւններուն»։ Խնդիրը այն է, որ Երեւանի համալսարանները եւ բարձրագոյն կրթական միւս հատատութիւնները հնուց անտի կը գտնուին մայրաքաղաքին կեդրոնը, լաւ դիրքերու վրայ, որոնք այսօր շատ սուղ կ’արժեն՝ շէնքերն ու հողը։ Հետեւաբար առարկայ են փոխշահաւէտ գործարքներու, որոնց միայն չնչին մասը կ’երթայ պետական պիւտճէ։ Մնացեալը՝ զանազաններու գրպանը։ Նկատի ունիմ՝ կառավարող կուսակցութեան պարագլուխները եւ գլխաւոր գլուխը։
Եղածը կամ ըլլալիքը պատկերացնելու համար պահ մը ենթադրենք, որ Փարիզի քաղաքապետութիւնը «օպտիմալացնէ» Սորպոնի համալսարանը եւ քաղաքի կեդրոնը, ուսանողական թաղամասին հետ ծախու հանէ։ Նոյնը՝ եւրոպական միւս հին քաղաքներու պարագային, որոնք իրենց կեդրոնները չառեւտրականացնելու, անոնց ճարտարապետական հին դիմագիծը պահպանելու, զբօսաշրջիկների համար հաճելի դարձնելու մտահոգութիւնը ունին։
Իշխանութիւնը շատ աւելի գիշատիչային, իր բառով՝ «կլոպալ» լուծում մըն ալ ունի, որ կը հոլովուի երկու տարի է ի վեր՝ համալսարանական բոլոր կառոյցները տեղափոխել Աշտարակ քաղաք եւ 40-45 հազար ուսանողութիւնը, 7-8 հազար դասախոսներով կեդրոնացնել հոն՝ առանց համապատասխան ենթակառոյցները ունենալու։ Եւ այս բոլորը՝ Երեւանի շէնքերն ու կառոյցները ծախելու անզուսպ ցանկութեամբ, խերն անիծելով կրթութեան ու գիտութեան։
Թշնամին գիւղերն ու ճանապարհները կ’ուզէ գրաւել, հայրենական իշխանութիւնը՝ շէնքերն ու տարածքները։
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
Յատուկ «ՊԱՅՔԱՐ»ին
17 մարտի, 2024 թ.