Մահագրական
Ոչ եւս է Ռոմէն Գոզմոյեան
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Այսօր՝ 12 Ապրիլ 2022ի առաւօտեան բարեկամս՝ Վազգէն Պետրոսեանը զանգեց գուժելու արժանաւոր Հայ՝ Ռոմէն Գոզմոյեանի մահը, որ պատահած էր առաւօտեան կանուխ ժամերուն:
Ռոմէն Գոզմոյեան ծնած է 1937-ին, Երեւան: Մասնագիտութեամբ իրաւաբան է: Աշխատած է Կոմկուսի Երեւանի Սպանդարեանի շրջանային կոմիտէութեան մէջ, ապա մեկնած է Մոսկուա` դիւանագիտական ակադեմիա, որ աւարտելէ ետք, աշխատած է Մոսկուայի մէջ։
1968-ին Երեւանի մէջ աշխատած է Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէութեան մէջ, իբրեւ բաժինի վարիչ, ապա՝ նախագահի տեղակալ: 1980-ին գործուղուած է Լիբանան, ուր մինչեւ 1985, աշխատած է Պէյրութի մէջ Խորհրդային Միութեան դեսպանատան մէջ` երկրորդ քարտուղարի պաշտօնով, եւ մինչեւ հանգիստի անցնիլը շարունակած աշխատիլ նոյն կոմիտէին մէջ, իբրեւ նախագահի տեղակալ:
Հայրենիքի մէջ վերջին տարիներու մեր բոլոր հանդիպումները եղած են մտերմիկ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ կայացած:
«Զարթօնք»ի մեծ բարեկամ Պրն. Գոզմոյեան միշտ դրուատիքով խօսած է «Զարթօնք»ի մասին: Իր խօսքերով. «Ինծի համար «Զարթօնք» Սփիւռքի առաջին շարքի մէջ մտնող թերթերէն մէկն է, որ թթուածինի նման պէտք էր ո՛չ միայն դուրսը, այլ՝ Հայաստանի մէջ եւս: Լիբանանահայ թերթերու պարագային եթէ ընդունինք, որ «Արարատ»-ը սոցիալ դեմոկրատական թերթ էր եւ Սովետական միութեան ժամանակ ընդունուած էր, «Զարթօնք»-ը լիպերալներու թերթ էր, այդուհանդերձ Սովետական իշխանութիւնները այդ թերթը թոյլ կու տային, որ Հայաստան մուտք գործէ, որովհետեւ իր գաղափարախօսութենէն բացի անոր մէջ շեշտուած էր հայրենասիրութիւնը»:
Արհեստագիտութեան օգնութեամբ «Զարթօնք»ի եւ ընդհանրապէս մամուլի տարածումին մասին, Պրն. Գոզմոյեան միշտ խոստովանած, որ այդ մէկը իր մարզը չէ, ան համացանցը «հրաշք» կ՛որակէր, աւելցնելով որ «եթէ Ժիւլ Վէրնի նիւթերը ատենին գիտական ֆանթազիաներ էին, ապա այսօրուան համացանցը՝ անոր իրականն է»:
Հակառակ Պրն. Գոզմոյեանի յառաջդիմական աշխարհայեացքին, բջիջային հեռախօս ան բնաւ չգործածեց: Իրեն յատուկ մտերմիկ հիւմըրով այս մասին խօսելով կ՛ըսէր, որ կ՛ապրինք այնպիսի օրեր ուր օրիժինալ ըլլալու շատ բան չմնաց: «Բջիջային հեռախօս չգործածելս ալ իմ օրիժինալութիւնս է այսօր». կը զուարճախօսէր մեծ մարդը:
«Զարթօնք»ի հին բարեկամը միշտ յուզումով կը յիշէր Պէյրութը եւ իր պաշտօնավարութեան շրջանին թերթին հետ իր կապը: Իր մարդասիրական սկզբունքներուն հաւատարիմ այս Հայը մեր հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին մեծ խանդավառութեամբ յիշեց «Զարթօնք»ի ամենահամեստ նուիրեալը՝ թերթին երկար տարիներու ցրուիչ՝ այժմ ինքն ալ հանգուցեալ՝ «ատենապետ»ը (քիչեր գիտէին իր իսկական անունը), որ պերէ գլխարկը գլխին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենաթեժ օրերուն ռումբերու եւ փամփուշտներու տարափին տակ չես գիտեր ինչպէս առաւօտ կանուխ «Զարթօնք» կը հասցնէր իր ընթերցողներուն:
Պրն. Գոզմոյեան մտահոգ էր Հայ Սփիւռքի ապագայով: «Որքան ալ Պէյրութը մնայ Սփիւռքի առաջատարը, ցաւալիօրէն ան շա՜տ շա՜տ դատարկուած է». վերջերս ըսաւ ան:
5 տարիներ առաջ այս օրերուն էր, երբ ի միջի այլոց Պրն. Գոզմոյեանին յիշեցուցի, որ «Զարթօնք»ի 80-ամեակն է արդէն: «Եթէ պատահի, որ ապրիմ մինչեւ «Զարթօնք»-ի 80ամեայ յոբելեանի նշումը՝ ես անշուշտ պիտի մասնակցիմ», այդ օր հաստատեց Պրն. Գոզմոյեան:
Արդարեւ, Պրն. Գոզմոյեան ո՛չ թէ պարզապէս, որպէս հիւր ներկայ եղաւ Երեւանի մէջ 2017 թուականին մեր նշած «Զարթօնք»ի 80-ամեակին, այլ՝ այդ օրուայ յարգելի զեկուցաբերներէն մէկը հանդիսացաւ:
Ափսոս սակայն, որ Պրն. Գոզմոյեան պիտի չբանախօսէ յառաջիկայ ամիսներուն կայանալիք «Զարթօնք»ի 85ամեակի հանդիսութեան:
Եզակի ոգիով մարդ մը եւս կորսնցուցինք մենք այսօր՝ ոգիի, բանականութեան եւ խղճի սովի այս մռայլ օրերուն:
Լոյսի մէջ մնաս Պրն. Ռոմէն Գոզմոյեան: