Յանուն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդի, ջերմագինս կը շնորհաւորենք Ձեզ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ ընտրուելու առիթով եւ կը մաղթենք ուժ, կարողութիւն եւ կամք՝ յաղթահարելու հերոսական Արցախի դիմագրաւած ներկայ ճգնաժամային մարտահրաւէրները:
Նոյն առիթով կը շնորհաւորենք նաեւ Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանը եւ բովանդակ արցախահայութիւնը իրենց իմաստութեան, պետականօրէն եւ ազգային բարձր գիտակցութեամբ տնօրինելու իր ինքնաղեկավարման, ինքնիշխանութեան եւ ինքնապահպան դժուարագոյն խնդիրները:
Զօրակցութիւն յայտնելով Ձեր գլխաւորութեամբ գործող իշխանութեան եւ հերոսական արցախահայութեան, կը վստահեցնենք, Պարոն Նախագահ, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդը իր լայն շրջանակներով եւ աշխարհասփիւռ անդամներով պիտի շարունակէ իր աշխատանքները շարունակական թափով, ի խնդիր Արցախի պետականութեան ու ժողովուրդի պաշտպանութեան եւ բարօրութեան:
Յաջողութիւն մաղթելով Ձեր դժուարին առաքելութեան՝
Կը խնդրենք ընդունիլ մեր յարգանաց հաւաստիքը:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան
Գերագոյն Խորհուրդ