Երեքշաբթի՝ 19 Յունուարին, ամբողջացաւ Յունաստանի Հ.Կ.Խաչի եւ Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ Հ.Գ.Խաչի կողմէ ձեռնարկուած Արցախի համար մարդասիրական օգնութեան վերջին մասի պատրաստութիւնը։
Ինչպէս ծանօթ է, արցախեան վերջին պատերազմի հրադադարէն ետք, Յունաստանի Հ.Օ.Մ.-ի երկու միաւորները կազմակերպեցին մարդասիրական եւ բժշկական իրերու հաւաքումը, որ մեծ ընդառաջում գտաւ հայ եւ յոյն հայրենակիցներու կողմէ, գերազանցելով սպասուած քանակութիւնը։
Արդէն, օգնութեան առաջին երկու մասերը օդային ճամբով հասան Հայաստան եւ յանձնուեցան Հ.Օ.Մ.-ի պատասխանատուներուն ու Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան։
Յաջորդական օրերուն, երկու բեռնարկող փոխադրիչներ (container), որոնց մէջ տեղադրուած են 21 թոն բժշկական իրեր եւ հագուստեղէն, ծովային ճամբով պիտի փոխադրուին Վրաստանի նաւահանգիստներէն մէկուն, ապա անկէ պիտի հասնին Հայաստան՝ յանձնուելու համար Հ.Օ.Մ.-ին։
Յունահայութեան մարդասիրական ամբողջական օգնութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի Հ.Օ.Մ.ի կառոյցներու պատասխանատուութեամբ պիտի տրամադրուի պատերազմէն տուժած գաղթականներուն եւ բնակչութեան, անմիջական օգնութիւն ընձեռելու համար հայրենազուրկ եւ տնազուրկ մեր արիւնակիցներուն, որոնք այսօր, աւելի քան երբեք, կարիքը ունին համայն հայութեան զօրակցութեան։
Հ.Կ.Խաչի եւ Հ.Գ.Խաչի մեր կառոյցները, հաւատարիմ Հայ Օգնութեան Միութեան վսեմ գաղափարներուն, անգամ մը եւս իրենց ուժերու ամբողջական լարումով, կը կանգնին մեր արծուաբոյն Արցախի ու անոր հերոսական ժողովուրդի կողքին։
azator.gr