Այստեղ տեղադրուած տեսերիզը մեր 100-ամեայ նահապետին վկայութիւնն է: Այսօր ԶԱՐԹՕՆՔ-ի հարթակին վրայ մենք կը տեղադրենք զայն առ ի պատասխան Հայոց Ցեղասպանութիւնը հարցականի տակ դնող կամ Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայորդիներուն ցուցակին մասին հարց բարձրացնող Հայաստանի այսօրուայ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն, որոնք խաղաղութիւն մուրալու իրենց անհաւատալի կրաւորականութեամբ, կ՛ուրանան Ասատուրեաններ ծնած մեր ամբողջ ժողովուրդին արհաւիրքները:
Վաղը՝ 3 Մարտը երկրային կեանքի ծննդեան տարեդարձն է սփիւռքահայ տաղանդաւոր բանաստեղծ, արձակագիր, երգիչ, երաժշտագէտ-կոմիտասագէտ եւ հասարակական գործիչ՝ Յակոբ Ասատուրեանի (Կեսարիա, Չոմախլու գիւղ, 3 Մարտ 1903 – ԱՄՆ, Նիւ Ճըրզի, 11 Օգոստոս 2003):
Ան իր եւ իր ընտանիքին տարագրութեան ամբողջ ոդիսականը՝ իր ծննդավայրէն բռնի տեղահանութենէն մինչեւ արաբական անապատներու մէջ համտեսած տառապանքը, մինչեւ իր որբանալը, մինչեւ Հալէպ ապա Երուսաղէմի որբանոցին մէջ ապրելէ ետք, վերջապէս հաստատուած է ԱՄՆ ուր ապրած եւ ստեղծագործած է երկար տարիներ:
Յակոբ Ասատուրեանը աշխատակցած է ամերիկահայ շատ մը թերթերու: Ան երկարամեայ խմբագիրը եղած է իր ծննդավայրի՝ Չօմախլուի Հայրենակացական Միութեան պաշտօնաթերթը հանդիսացող Արգէոս պարբերականին: Իր գրական անունները եղած են Մաժակցի (Արգէոս լեռան ստորոտը գտնուող Ասատուրեանի ծննդավայր Չօմախլու գիւղը Մաժակ գաւառին մէջ կը գտնուէր) եւ ՅՅԱ (որոնք իր անուան, հայրանուան եւ ազգանունին սկզբնատառերն են անշուշտ):
Յակոբ Ասատուրեանի հեղինակած գիրքերը եղած են՝ «Անդաստան», «Կոմիտաս Վարդապետ եւ Հայ Երգը», «Կոմիտաս Վարդապետի Հետ», «Հարիւրամեակ, Հանդիպումներ, Յուշեր», «Քարի եւ Հողի պատմութիւն», «Տօ Լաճ Տնաւեր», «Պարոյր Սեւակի Հետ», «Ո՞ւր Վահրամ»: Ինքնակենսագրական իր նշանաւոր վէպերն են. «Յովակիմի թոռները», «Յովակիմի թոռնորդիները»:
Նշեմ, որ Ցեղասպանութիւնը վերապրած մեր նահապետին երկրային կեանքէն իր մեկնումէն մօտ հինգ ամիս առաջ եւ իր ծննդեան տարեդարձի նախօրեակին՝ 2 Մարտ 2003-ին, գովելի նախաձեռնութեամբ մը, Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի Թէքէեան Մշակութային Միութեան շրջանակը կազմակերպած էր տաղանդաշատ գրողին ու արուեստագէտին 100-ամեակին առիթով հանդիսութիւն մը, տեղուոյն Ս. Թովմաս Հայաստանեայց եկեղեցւոյ «Մխճեան» սրահին մէջ, ուր ան վերջին անգամը ըլլալով պատգամած է ներկաներուն չմոռնալ իրենց ժողովուրդին պատմութիւնը, միշտ յիշել թուրքին բարբարոսութիւնը եւ եւ ըլլալ պահանջատէր:
Այստեղ տեղադրուած տեսերիզը մեր 100-ամեայ նահապետին վկայութիւնն է: Այսօր ԶԱՐԹՕՆՔ-ի հարթակին վրայ մենք կը տեղադրենք զայն առ ի պատասխան Հայոց Ցեղասպանութիւնը հարցականի տակ դնող կամ Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայորդիներուն ցուցակին մասին հարց բարձրացնող Հայաստանի այսօրուայ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն, որոնք խաղաղութիւն մուրալու իրենց անհաւատալի կրաւորականութեամբ, ո՛չ միայն կ՛ուրանա՛ն Ասատուրեաններ ծնած մեր ամբողջ ժողովուրդին արհաւիրքները, այլ նաեւ՝ փոխանակ մեր ժողովուրդին Դատը միակամ կերպով հետապնդելու մեր ազգին թշնամիին դէմ, երէկ դարձեալ եւ աղմկալի կերպով կ՛արծարծեն Մարտի 1-ի դժբախտ պատահարը, ներազգային թշնամանք սերմանելով մեր ժողովուրդին մէջ: Մարտի 1, որուն ընթացքին պատահած ցաւալի դէպքերուն ամբողջական պատասխանատուութիւնը պէտք է կիսուին, թէ՛ այդ օրուայ իշխանութիւնը՝ այս օրուայ ընդդիմութիւնը, եւ թէ՛ այդ օրուայ ընդդիմութիւնը՝ այսօրուայ իշխանութիւնը, հաւասարապէս:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի «Զարթոնք» օրաթերթի գլխավոր խմբագիր