ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Հալէպի գաղութը ես կը նմանցնեմ այն բաժակին, որ լեցուն
է եւ եթէ շարունակես լեցնել բաժակը կը յորդի, ինչ որ գացած
է յորդող մասն է, մնացաողը դարձեալ լեցուն բաժակն է։
Հալէպի բաժակը միշտ կը մնայ լեցուն։
Թորոս Թորանեան
Թորոս ծնած է Փետրուար 29, 1928ին։ Յաճախած է Հալէպի Ուսումնասիրաց եւ Ազգային Կիւլպէնկեան վարժարանները։ Ընդունուած է Հալէպի Ամերիկեան Գոլէճը, ապա մեկնած է Կիպրոս ու դարձած` Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան սան։ Ամուսնանալէ եւ երկու զաւակի հայր ըլլալէ ետք, կնոջ հետ մեկնած է Սոֆիա, հետեւած է պուլկարական Պետական Համալսարանի քաղաքատնտեսութեան ճիւղին։ Կիսաւարտ՝ ընտանեօք կ’անցնի Երեւան եւ մէկ տարի Պետական Համալսարանի դասընթացքներուն հետեւելէ ետք, կը փոխադրուի Բժշկական Համալսարան, որուն վեցամեայ ընթացքը կ’աւարտէ 1970ին։
ՄՆԱՅՈՒՆ ՎԱԶՔԸ` ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ
Հալէպ վերադառնալէ ետք, իր մասնագիտութեան կողքին, Թորանեան անխոնջ նուիրումով կը ծառայէ հայ գրականութեան, քաջ գիտնալով, որ հայ թերթը գաղութները իրարու` եւ մանաւա´նդ մայր հայրենիքին կապող ոսկի կամուրջն է. կ’աշխատակցի Հալէպի, Իսթանպուլի, Պէյրութի, Փարիզի, Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Գահիրէի, Սոֆիայի, Պուքրէշի, Լոնտոնի, Թեհրանի, Արժանթինի, Ղարաբաղի եւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ լոյս տեսնող թերթերուն եւ պարբերականներուն (շուրջ 86 անուն թերթ եւ պարբերական)։ Սակայն, Պէյրութի ՌԱԿ «Զարթօնք» օրաթերթը կը մնայ իր մնայուն, հաւատարիմ եւ ապահով տունը, անկասկած։
Ցարդ հրատրակած գիրքերուն թիւը կը հասնի 200ի, որոնցմէ շուրջ 80ը իր գործերն են։ Թորանեանի հրատարակած գիրքերուն մասին հայրենական եւ արտասահմանեան հայ մամուլի օրկաններուն մէջ հրատարակուած են 150է աւելի յօդուածներ։ Առաջին բանաստեղծական գիրքը` «Աստղերու ճամբան» հրատարակած է Պէյրութ, 1960ին, իսկ առաջին արձակը` «Երեւանի բժշկական հաստատութիւնը»` Փարիզ, 1967ին։ Թարգմանութիւններէն առաջինը եղած է անգլերէնէ հայերէն`«Հայերը» Տէյվիտ Մարշալ Լէնկի եւ Քրիսթոֆըր Ուոքըրի, Հալէպ, 1978։
ՍՏԱՑԱԾ ԳՆԱՀԱՏԱԳԻՐՆԵՐԸ
2000ին Երեւանի Բժշկական Համալսարանի կողմէ կ’արժանանայ Պատուոյ Դոկտորայի կոչում։
Նոյն թուականին Լոս Անճելըսի մէջ, երբ կը նշուէր Թորանեանի անընդմէջ ծառայութեան գնահատելի 50ամեակը, կ’արժանանայ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կողմէ «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» շքանշանին ու սրբատառ Կոնդակին, իսկ 2002ին Հայաստանի Գրողներու Միութեան եւ Մշակոյթի Նախարարութեան կողմէ Ոսկէ մետալին։
Ստացած է Պատուոյ Գիրեր Ամերիկահայ Միջազգային Գոլէճէն, «Սփիւռք» պարբերականէն, Հալէպի Արաբական Բժշկական Կեդրոնէն եւ Հալէպի ՀԲԸՄի Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովէն, 2000 թուականին։ Թորանեան վեթերան անդամ էր Բարեգործականի։
2002ին արժանացաւ նաեւ Հայկազուն եւ Անահիտ Վարդիվառեան «Զարթօնք» մամլոյ մրցանակին։
Յարաշարժ հայ գրողը, պատգամախօսը, բեմբասացը, ասմունքողը եւ թամատան է ան որքա´ն Հալէպի, նոյնքա´ն` Պէյրութի եւ Միջին Արեւելքի հայաշատ կեդրոններէն ներս։
ԲԱՐԵԿԱՄԸ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ՏՂՈՑ
Խառնուածքով յեղափոխական, գաղափարներով յառաջդիմական, չըսելու համար հայ համայնավար, վա~ղ երիտասարդութեան օրերուն շրջապատուած էր Թորոս Լիբանանի եւ Սուրիոյ ծանօթ կոմունիստներով` Գառնիկ Ադդարեան, Արմէն Դարեան, Յովհաննէս Աղպաշեան, Սեդրակ Ապաճեան, Եփրեմ Էլլէզեան, Փաշաբէզեան։ Սակայն որքան հասունցաւ ան տեսաւ այն ազնիւ եւ գործնական հայրենասիրութիւնը ռամկավար ազատական մտաւորականութեան եւ այնուհետեւ մնաց մշտական բարեկամը` Ա.Լ. Փոլատեանին, Ա. Անդրէասեանին, Պ. Աղպաշեանին, Ա. Սեփեթճեանին, Ե. Ազատեանին, Օ. Սարգիսեանին եւ այլոց։
Գրեց առատ։ Եթէ արագ գրելու վարժութիւնը իրեն ապահոված է յարգուած մնայուն աշխատակցութիւն մը հայ մամուլին, միւս կողմէ, սակայն, տուժած է իր ստեղծագործական գրականութիւնը, որուն համար, անհրաժեշտաբար, պէտք էր յատկացնէր աւելի´ ժամանակ, իսկ ինք ժամանակին դէմ մդցումի մէջ մնաց անընդհատ, քայլ պահելու համար Սփիւռքի հեւքոտ կեանքին հետ։ Յամենայն դէպս գեղեցիկ փունջ մը կը մնայ այսօր իր գրականութենէն՝գրասէր ընթերցողներուն հրամցուած
ԹՈՐԱՆԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԽՕՍՔԵՐ
Լեւոն Անանեան (Երեւան). «Դու` Հայաստանի լիազօր դեսպան, Սփիւռքում եւ Սփիւռքի արտակարգ դեսպանը Հայաստանում։ Եւ Հայրենիքը չի կարող նայիրեան սիրով չգուրգուրալ իր զաւակին, որ ամէն ձմեռ գալիս է մրսելու իր հետ եւ մի աղիւս դնելու երկրի վերազարթօնքի շէնքին»։
Պերճ Սեդրակեան (Նիւ Ճըրզի). «Գաղութէ գաղութ ու Հայաստան շրջելով, հայրենիքին սէրը, հայ գիրն ու գրականութիւնը կը տարածէք ամենուրեք, եւ ձեր տպաւորութիւնները, որպէս փնտռուած յօդուածագիր, մամուլին յանձնելով կ’առինքնէք ձեր ընթերցողները»։
Յակոբ Յ. Ասատուրեան (Նիւ Ճըրզի). «Բազմարշա´ւ անձնաւորութիւն։ Ինծի միշտ հիացում պատճառած են աշխոյժ մարդու իր յաճախակի ճամբորդութիւնները աշխարհի գրեթէ ամէն կողմ։ Վերջերս` մինչեւ նոյնիսկ Չինաստանի պարիսպ։ Անզսպելի մղիչ ոյժ մը կայ իր մէջ, թափառական հրեայի բնազդ մը կարծես»։
Անդրանիկ Լ. Փոլատեան (Նիւ Ճըրզի). «Հաւատացիր խորապէս եւ մասնակցութիւնդ բերիր սփիւռքահայ մամուլին եւ հանրային կեանքին։ Քեզմէ յետոյ կրնամ ըսել որ թէ` ե´ս քեզ լաւ կը ճանչնամ, ո´չ թէ գրուածքներով, այլ` չգրուածներով։ Կեանքիդ գիրքը կարդացած եմ իմ հոգիիս աչքերով եւ մտքիս հայելիին դիմաց դիտելով, կշռելով կատարած գործերդ»։
Գրիգոր Քէօսէեան (Պոստոն). «Այսքանը` ըսելու համար, որ դուն դարձած ես երեւոյթ մը ժամանակակից գրական-մշակութային հայկական աշխարհին մէջ, քանի գործունէութեանդ դաշտը ընդգրկած է միաժամանակ Սփիւռքը եւ Հայաստանը, ուր ոչ ոք անունիդ անծանօթ է, ինչպէս որ ոչ ոք դէմք քեզի անծանօթ է, քանի գործունէութեամբ եւ գործերովդ դուն եղած ես հաղորդակցական առանցք մը մեր գրական-մշակութային կեանքին եւ դէմքերուն միջեւ»։
Ժիրայր Դանիէլեան (Պէյրութ). «Թորանեան երեւոյթ է, թէ´ որպէս մարդ, թէ´ որպէս մտաւորական։ Կարելի է մոռնալ, անգիտանալ իրողութիւն մը, որ մեր ժամանակաշրջանին, ներկայ օրերուն, յատուկ է միայն ու միայն Թորոս Թորանեանին»։
Գէորգ Էմին (Երեւան). «Երանի Սփիւռքի ամէն հայ Թորանեանի նման այդքան գործ անէր Հայաստանի եւ նրա մշակոյթի համար։ Հիացումով` ու սիրով` դէպի նրա եռանդը եւ գործը»։
Սիլվա Կապուտիկեան (Երեւան). «Թորոսը հոգով, սրտով, պահուածքով բանաստեղծ է»։
Պէպօ Սիմոնեան (Պէյրութ). « Հայ գիրքի նկատմամբ Թ. Թորանեանը յոգնաջան աշխատանքի, նիւթաբարոյական զոհողութեան մղող ուժը սէրն է հայ արուեստին հանդէպ, որ կիրքի մը հասնող ջերմեռանդութեամբ բոլորանուէր մտաւոր ճիգի կը հրաւիրէ մշակոյթի սպասարկուն։ Ողջունելի ծառայութիւն»։
Կը մահանայ Երեւանի մէջ, Յունիս 3, 2021ին:
Նիւ Ճըրզի