Միացեալ Հաղորդագրութիւն
Կայացաւ ՌԱԿ Մամուլի Աշխարհասփիւռ Օրկաններու Հանդիպում
Վերջին տարիներու անտեղի խարխափումներէ ետք, հայ ժողովուրդի դիմագրաւած նորօրեայ արհաւիրքները միասնաբար եւ միակամ դիմակալելու համար ժամանակը հասուն նկատուեցաւ ՌԱԿ-ի աշխարհասփիւռ մամուլի օրկաններու խմբագիրներու համաժողով մը ունենալ:
Արդարեւ ժամանակի պարտադրած պայմաններով՝ առցանց հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ՌԱԿ-ի ԱԶԳ եւ ԱԶԳ Օնլայն(Երեւան), ԱՊԱԳԱՅ (Մոնթրէալ), ԱՐԵՒ (Գահիրէ), ԶԱՐԹՕՆՔ (Պէյրութ), ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀ (Աթէնք), ՊԱՅՔԱՐ (Պոսթըն), MIRROR SPECTATOR (Պոսթըն), ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏ (Պուէնոս Այրէս) թերթերուն պատասխանատու խմբագիրներուն:
Հանդիպման քննարկուեցան միացեալ գործելակերպի սկզբունքային հասկացողութիւն մը յառաջ բերելու կարելիութիւնները: Ժողովականները ճշդեցին նաեւ ապագայ միացեալ աշխատանքի գործնական ձեւերն ու միջոցները:
Որոշուեցաւ հանդիպումը վերածել հերթական ժողովներու, որուն արդիւնքներուն անդրադարձը պիտի ըլլան նշեալ թերթերուն էջերը եւ յետագայ միացեալ հաղորդագրութիւնները:
ՌԱԿ-ի Մամլոյ Օրկաններու Համախմբում