Մեր կուսակցութեան մէջ վերջին շուրջ 30 տարիներուն, արդեն իսկ գաղտնիք մը չհամարուող առկայ բազմաբեղկուածութիւնը, միշտ ալ պատճառ հանդիսացած է հակոտնեայ կեցուածքներու, իրար հանդէպ անհանդուրժողականութեան, անձնական վարկաբեկումներու փորձերու, եւ անհասկնալի եւ անամօթ «թշնամանքի»:
Այս բանը նաեւ պատճառ եղած է, իւրաքանչիւր կողմ իր հակակշռին տակ գտնուող կուսակցական մեր մամուլը օգտագործելով իրար նոյնիսկ անձնական «նամակներ» յղելու ոչ պատշաճ «մշակոյթի» մը ստեղծման: Այս առումով, ԶԱՐԹՕՆՔ եւ իր խմբագրութիւնը, հակառակ այն ցաւալի փաստին, որ մերթ մէկ կողմին, յաճախ ալ միւս կողմին կամ կողմերուն թիրախը եղած, ի տարբերութիւն իր պաշտօնակիցներէն ոմանց, բնաւ երբեք չէ մտած նմանօրինակ յոռի յորձանուտի մը մէջ: Ան՝ ներկուսակցական առումով, միշտ ալ «մաքուր» պահած է իր էջերը, այնտեղ տեղ տալով տուեալ պահուն իր պատկանած կողմին «պաշտօնական» յայտարարութիւններուն միա՛յն:
Ներքեւի յօդուածին պարագան սակայն տարբեր է վերեւը նկարագրուած վիճակէն: Մեզի պաշտօնակից եւ գրչակից, «Ազգ» թերթի խմբագիր՝ Ընկ. Յակոբ Աւետիքեանի ստորագրութեամբ լոյս տեսնող սոյն յօդուածը, վեր կ՛առնէ չափազանց կարեւոր հարց մը, որ մեր կուսակցութեան պատմութեան բացայայտ եւ ամօթալի զեղծումին, այն ալ՝ անոր 100-ամեակին նուիրուած հրատարակութեան մը մէջ:
Եթէ մեր քննադատութեան մէջ, նշեալ գիրքին պատմական մասը նկատի չունենանք, որ ամէն պարագայի համեմատաբար գնահատելի բովանդակութիւն ունի, ապա անոր երկրորդ մասի բովանդակութիւնը նուազագոյնին մէջ կամայական մօտեցում ունի: Առաւել եւս, պատրաստողները ճանչնալով՝ կը համարձակինք ըսել, որ զուտ անձնական քմայքի ու նախընտրութիւններու եւ մարդիկ դուրս պահելով անոնց հանդէպ «վրէժխնդրութիւն» գործադրելու բնոյթ ունի:
Նշեալ հրատարակութիւնը մեր կուսակցութեան եւ անոր ղեկավարութեան 100-ամեայ պատմութիւնը ամփոփող գիրք մը համարելը ոճիր է պատմագրութեան հանդէպ եւ ամօթ կուսակցական մեր գրադարանին համար: Այս հրատարակութենէն դուրս պահուած են այնպիսի տիտաններ, որոնց անձին ու գործելաձեւին հետ համաձայն եղած ըլլանք կամ ոչ՝ կարելի չէ՛ր ըլլար 100-ամեայ ՌԱԿ-ը պատկերացնել:
Այս հրատարակութիւնը իր պատմագիտական իմաստով, յար ու նման է զայն հրապարակող կողմին անհաւատալիօրէն ջատագոված Հայաստանի այսօրուայ իշխանութեան յերիւրած՝ Հայոց Պատմութեան խեղաթիւրուած դասագիրքին: Այս բաներուն համար եւ դէմը առնելու հրամայականովը կանխամտածուած եւ յատուկ կերպով զեղծուած պատմագրութեան մը, ինչպէս նաեւ մարդկային արդարութեան ի խնդիր, պարտականութիւն կը համարենք տեղ տալ հետեւեալին:
խմբ. ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Պատահականօրէն ձեռքս անցաւ «Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւն. 100-ամեակ. Դար Մը Ազգանուէր Ծառայութիւն» վերնագրով գիրք-ալպոմը, աւելի ճիշդ՝ ալպոմը, քան գիրքը, քանի 251+7 էջնոց անոր ծաւալին գերակշիռ մասը կը կազմեն լուսանկարները։ Տպուած է 2023-ին, Երեւան, Kilikyan տպարանը, ընտիր, փայլուն թուղթի վրայ, լայնակի կազմով։ Խմբագրուած է Ասատուր Տեվլեթեանի կողմէ, որ հեղինակն է նաեւ «Փոխան նախաբանի» էջին։ Չկայ պատկերագիրքի նիւթերուն ցանկը, նաեւ՝ գիրքը կազմողին անունը, ինչ որ ենթադրել կու տայ, թէ այդ գործն ալ յանձն առած է խմբագիրը։ Երանի այդ յոգնութիւնը ստանձնած չըլլար, քանզի իրեն նման մարդիկ՝ ստորակայութեան բարդոյթէ տառապող, յիշաչար ու մանրախնդիր, չեն կրնար, հակացուցուած է անոնց պատմութիւն գրել, այս պարագային՝ ներկայացնել։ Այդպիսի մարդոց կը թուի, թէ իրե՛նք են Յաւիտենականութեան դրան պահապանը. որու որ ուզեն՝ կրնան դուռնէն ներս առնել, իսկ եթէ չուզեն՝ անյայտութեան մէջ կը կորսուի ենթական։
Պատկերագիրքը կը բացուի Հայկական արդի պետականութեան ամէնէն անդէմ, անբան եւ անճարակ պաշտօնեային՝ Վահագն Խաչատուրեանի շնորհաւորական նամակով, որուն կը յաջորդէ հայոց պատմութեան ամենադժնի դէմքերէն՝ Նիքոլ Փաշինեանի շնորհաւորական ուղերձը, որուն անուան առնչուիլը ՌԱԿ-ի հետ՝ պիտի խարանը դառնայ մեր կուսակցութեան յաջորդ սերունդներուն համար։ Վերջինիս ուղերձին կը յաջորդէ Ամենայն Հայոց Հայրապետին… լուսանկարը, դիմացի էջին՝ «Այս էջը վերապահուած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի օրհնութեան գիրին, որ հակառակ մեր բոլոր ճիգերուն, չհասաւ մեզի» արձանագրութեամբ, առանց որեւէ բացատրութեան, թէ ի՞նչն է եղած պատճառը ենթադրեալ օրհնագիրին չհասնելուն։ Սակայն, ի բարեբախտութիւն գիրքը կազմողներուն՝ յաջորդ օրհնագիրները բարեյաջող տեղ հասած են եւ կը կրեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Թուրքիոյ եւ Երուսաղէմի հայոց Պատրիարքներուն, ինչպէս նաեւ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի գործադիր տնօրէնին, Կաթողիկէ Հայոց «կաթողիկոս» Պատրիարքին ստորագրութիւնները, որոնց կը յաջորդէ ոմն յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի նամակը՝ «յանուն Հայաստանի, յանուն Արցախի եւ համայն հայութեան» յետգրութեամբ, 2023 թուակիր, երբ Յանձնակատարին յանձնարարութիւն տուողը արդէն Արցախը յանձնած էր թուրքթաթարներուն։
Առանձին անդրադարձի կարօտ է յաջորդ՝ «Հարիւրամեայ Անմնացորդ նուիրում» վերնագրով 9 էջ կազմող գրութիւնը, որ կը կրէ «Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւն» ստորագրութիւնը, ըստ էութեան նոյն անձին կողմէ գրուած։ Պատմական խեղաթիւրումներով, նենգափոխութիւններով, կէս ճշմարտութիւններով լեցուն այդ էջերուն կ’անդրադառնանք յետագային, քանի որ ներկայիս խնդրոյ առարկայ պատկերագիրքին ընդհանուր բնորոշումն է թիրախը, անոր հակառամկավարական, հակակուսակցական բովանդակութիւնը։ Պատկերագիրքը բովանդակային առումով զանազան գլուխներով կը ներկայանայ հանրութեան՝ ՌԱԿ նախապատմութիւնը հերոսական Արմենականներէն սկսեալ մինչեւ 1921 գոյառած գաղափարակից կազմակերպութիւններ. անոնց միաւորումը ՌԱԿ-ի դրօշի տակ, ապա՝ ականաւոր գործիչներու ներկայացումը, ուղեկից կազմակերպութիւններու ստեղծումը, կուսակցութեան հիմնած կառոյցներուն թուարկումը՝ դպրոցներ, ակումբներ, երիտասարդական եւ մշակութային կեդրոններ ու մամուլ, այնուհետեւ՝ կուսակցական գործունէութեան զանազան դրուագները, հանդիպումներ՝ եկեղեցական, քաղաքական ու պետական դէմքերու հետ, Պէյրութեան շրջանի գլխաւոր մի քանի դէմքեր, հուսկ ապա՝ 100-ամեակի ձեռնարկներ Հայաստանի եւ զանազան գաղութներու մէջ, իսկ վերջաւորութեան՝ ամենագլխաւոր՝ ամբոխավարական պարգեւատրութեան բաժինը՝ համապատասխան անուանացանկերով։ Բացի պատմական դիտաւորեալ անճշդութիւններէն ու խեղաթիւրումներէն, պատկերագիրքին ամենախոցելի հատուածը կը վերաբերի ՌԱԿ երեւելի մեծ գործիչներուն, ինչպէս նաեւ ներկուսակցական պատասխանատուութիւն ստանձնած կարեւոր դէմքերուն։ Եւ ահա ճիշդ հոն ամենայն տգեղութեամբ կը պարզուի ալպոմը կազմողին անհատական-անձնական, աչառու, կողմնակալ, նաեւ քինախնդիր մօտեցումը մեծավաստակ ՌԱԿ կարգ մը գործիչներու նկատմամբ։
Դժուար է կռահել, թէ պատկերագիրքը կազմողը կամ կազմողները ինչո՞ւ այդքան ժլատ եղած են կուսակցութեան եգիպտական շրջանի մեր գործիչներուն նկատմամբ, «բաւարարուելով» Վահան Թէքէեանով եւ Ալեքսանդր Սարուխանով, եւ ոչ իսկ մէկ լուսանկար կամ խօսք, օրինակ, Էօժեն Բաբազեանի մասին, որ շրջան մը գլխաւորած է ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութիւնը, հեղինակն է կուսակցութեան օրհներգին, դեռ չխօսելով Կոկանեանի եւ Տիգրան Երկաթի եւ միւսներուն մասին։
Իսկ Պէյրութեան շրջանէն բոլորովին անտեսուած է Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանը, որ Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանի եւ Գերսամ Ահարոնեանի հետ ՌԱԿ ղեկավար թրիոն կը կազմէր եւ իր հաշտարարի դերով ու բնաւորութեամբ կնճռոտ հարցերը կը լուծէր, յատկապէս Միջին Արեւելքի մեր շրջանակներուն մէջ եւ միջեւ։ Բոլորովին մոռցուած է այդ եռեակին աւելի ուշ միացած կարկառուն ուրիշ դէմք մը՝ Հայկաշէն Ուզունեանը, որուն կը պարտինք եւրոպական գաղութներու, յատկապէս Ֆրանսայի, Պելճիքայի, Յունաստանի կուսակցական շրջանակներու վերազարթօնքի կազմակերպումը, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ՀԲԸՄ յարաբերութիւններու հեզասահ ընթացքը՝ Բարեգործականի Եւրոպայի լիազօր պատասխանատուի իր հանգամանքով։ Չմոռնալով նաեւ Յունաստանի մեր օրգան «Նոր Աշխարհ»ի, Լոնտոնի «Էրեբունի»ի, նոյնիսկ Պուէնոս Այրեսի «Սարդարապատ»ի հիմնադրման մէջ անոր ունեցած վաստակը։ Առաւել՝ իր անունը կրող գրական մրցանակը, որով Սփիւռքի ու Մայր հայրենիքի տաղանդաւոր բազմաթիւ գրողներ աւելի քան երեք տասնամեակ գնահատուեցան ու քաջալերուեցան։ Եւս առաւել, որպէս համեստ մէկ մասնակիցը Երեւանի սիրտին վրայ կառուցուած Թէքէեան Կեդրոնի ստեղծումին կը վկայեմ, որ առանց Հայկաշէն Ուզունեանի յաջորդական նուիրահաւաքներուն ու ջանքերուն, մեր այդ Կեդրոնը պարզապէս չէր կրնար գոյութիւն ունենալ։
Բայց ինչո՞ւ խուզումը, այդ զլացումը, այդ անտեսումը պատկերագիրքը կազմողին ու կազմողներուն։ Հարցումը կը հնչէ ինքնաբերաբար։ Պատասխանը՝ նոյնպէս. Հայկաշէն Ուզունեանը սկզբունքայնօրէն դէմ էր բոլոր պառակտիչներուն եւ չէր ծածկեր այդպիսիներու հանդէպ իր անողոք կեցուածքը, արգահատանքը, զզուանքը։ Եւ պատկերագիրքը կազմողները կը պատկանին ա՛յդ դասին։ Վերը տրուեցաւ «Սարդարապատ» թերթին անունը, որուն հիմնադրումին եւ Պուէնոս Այրէսի «Արմենիա» փողոցին վրայ բարձրացած Թէքէեան Կեդրոնին կառուցման մէջ, աւելին՝ բովանդակ Հարաւային Ամերիկայի տարածքին կուսակցական կառոյցներուն մէջ եւ միջեւ անգնահատելի աշխատանք կատարած անձի մը անուան անտեսումը պատկերագիրքի հեղինակներուն կողմէ, խուզումն ու խզումը բարեհամբոյր, միշտ լաւատես, միշտ ոգեւոր ու ոգեւորող Նահապետ Նահապետեանի վաստակին, գէթ մի քանի տողով ու լուսանկարով անոր ազգանուէր ծառայութեան գնահատանքի զլացումը։
Իսկ ի՞նչ պէտք է ըսենք այլ անձնաւորութեան մը անտեսումին մասին, որ կը կոչուէր Երուանդ Ազատեան։ Կուսակցութեան մէկ դարու պատմութեան առնուազն կէսին վրայ իր մտաւորական դրոշմը ունեցող, ազդեցութիւն ձգած անձ, լրագրող, խմբագիր, գրականագէտ, արուեստաբան, հռետոր եւ ընդհանրապէս հոգեմտաւոր ու քաղաքական վաւերական գործիչ, որ իր գործունէութեամբ ու կերպարով, ի տարբերութիւն աւանդական մեր այլ կուսակցութիւններու, կը շեշտէր մեր կուսակցութեան մտաւորական կերպարը, միջազգային քաղաքական կեանքին մէջ մեր ժողովուրդին ու մեր պետութեան գոյութենական արժէքը, վիճակն ու նշանակութիւնը ներկայացնողի առաքելութիւնը։
Անկարելի է մի քանի տողով ներկայացնել անոր վաստակը մեր հայալեզու եւ անգլիալեզու մամուլի զարգացման, միջազգային քաղաքագիտական միտքի ներդրմամբ զայն հարստացնելու, վերջապէս՝ լրատուական նորանոր հարթակներով ռամկավար մամուլը ճոխացնելու գործը։ Երուանդ Ազատեանն էր, որ յղացաւ Հայաստանի մէջ ռամկավար մամուլ ստեղծելու գաղափարը, միաժամանակ զայն նորագոյն թեքնոլոճիով,- Անդրկովկասի մէջ առաջին անգամ,- օժտելու նախաձեռնութիւնը, որուն առայսօր թշնամի կը մնան պատկերագիրքին հեղինակները, որոնք, միաժամանակ, կը հանդիսանան մեր մեծանուն ընկերոջ քինախնդիր հակառակորդները նոյնիսկ անոր վախճանումէն ետք ու կը զլանան տող մը, նկար մը յատկացնել մեծավաստակ ընկերոջ յիշատակին։
Անշուշտ, պատկերագիրքը հանրագիտարան չէ, ուր արձանագրուած, ընդգրկուած ըլլային կազմակերպութեան մը, այս պարագային՝ ՌԱԿ-ի մէկդարեայ պատմութեան երեւելի թէ համեստ բոլոր նուիրեալները, որոնք դար մը ամբողջ առաջնորդութիւն եւ կեանք տուին, հակակշռեցին ու հաւասարակշռեցին հայութեան մէկդարեայ ուղին։ Համեստ այդ գործիչներուն ու նուիրեալներուն մասին բարեբախտաբար մենք ունինք արձանագրուած վկայութիւններ, որոնց վրայ այս տարիներուն կ’աւելնայ մեր ամենագործունեայ ընկերներէն Յակոբ Վարդիվառեանի «Մեծ Երազի Ճամբուն Ուղեւորները» առայժմ քառահատոր շարքը։ Սակայն յաւակնոտ վերնագիր ունեցող յիշեալ պատկերագիրքին մէջ անպայման պէտք էր ներկայացուած ըլլային եթէ ոչ շրջանային վարչութիւններու, ապա գէթ կուսակցութեան կեդրոնական վարչութիւններու առաջին դէմքերը։ Օրինակ, 1988-1995 ժամանակաշրջանին ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ղեկավար-ատենապետի պարտականութիւնները ստանձնած դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանը, որ զգալի դեր կատարած է կուսակցութեան Քանատայի շրջանակին եւ ընդհանրապէս ամերիկահայ հատուածին մէջ։ Նոյնպէս՝ ոչ մէկ տող, ոչ մէկ լուսանկար, ոչ մէկ նշում։ Կարծէք գոյութիւն չէ ունեցած նման մարդ մեր կուսակցութեան մէջ։
Առաւել եւս, երբ ՌԱԿ-ը տուեալ անձով ներկայացած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի, Սփիւռք-Հայաստան համագործակցութեան հիմնադիր համագումարներուն։ Եւս առաւել՝ երբ նոյն անձը մինչեւ 1995-ի Լառնաքայի պատգամաւորական ժողովը, այսինքն այսպէս կոչուած «երիտասարդական յեղաշրջումը», Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը եղած է։
Իսկ ի՞նչ ըսել այդ յեղաշրջման «հերոսին»՝ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ դարձած Յակոբ Գասարճեանի անուան բացակայութեան մասին, մէկը՝ որ պատկերագիրքը կազմողներուն գործակիցը դարձեր էր Հայկաշէն Ուզունեանի, Երուանդ Ազատեանի նման ընկերներու վտարումի, ինչպէս նաեւ «Ազգ» թերթի խլում-փակումի «քաջագործութեան» ընթացքին ու պառակտիչ այլ խայտառակութիւններու մէջ։ Գոնէ յիշէին, որ այդ անձը, Յ. Գասարճեանը, եղած է միակը, որ ՌԱԿ-ի յառաջադրմամբ ընտրուած է Լիբանանի խորհրդարանի անդամ, հետեւաբար արժանի էր գոնէ ժլատ նախադասութեան մը, փոքրիկ լուսանկարի մը։ Ոչ միայն անձեր, այլ նաեւ կուսակցական կարեւոր իրագործումներ անտեսուած են պատկերագիրքը կազմողներուն կողմէ, քանի որ անոնք, գիրքը կազմողները, որեւէ լումայ չեն ունեցած այդ իրագործումներուն մէջ։
Այլեւայլ իրագործումներու կարգին անկարելի է չյիշել Հայաստանի մէջ Վահան Թէքէեանի անունը կրող միջնակարգ (երկրորդական) 5 վարժարաններու գոյառումը, որոնցմէ վերջինը, աւա՜ղ, Բերձորի դպրոցը, Նիքոլ Փաշինեանը նուէր տուաւ թուրք-թաթարներուն՝ ամբողջ Արցախի հետ միասին։ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, որ Հայաստանի մէջ ալ բարձր հեղինակութիւն ու յարգանք կը վայելէ, միայն իր անունը չէ որ տուաւ այդ դպրոցներուն, այլ նաեւ ստանձնեց ամբողջական հոգատարութիւնը անոնց վերաշինութեան, կահաւորումին, ինչպէս նաեւ՝ ուսուցչական կազմերու օգնութեան՝ ահա արդէն 25 տարի շարունակ, Sponcer a teacher ամենամեայ նուրիահաւաքով եւ անուանական լսարաններու ստեղծմամբ։ Ո՞վ տեսեր է այսպիսի պատմաշինութիւն։
Կամայական այսպիսի խզխզում շարադրանքի, խուզում դէմքերու եւ փաստերու, այսպիսի խզում պատմական շարունակականութեան։ «Անաչառ» այս պատմագրութեան մէջ, սակայն, կայ մէկը, որ միշտ պիտի յիշուի, դարէ դար, մինչեւ վախճանն աշխարհի ու թերեւս անկէ ետք ալ. այդ անձը կը կոչուի այսպէս կոչուած Կեդրոնական Վարչութեան մը ատենապետը։
Չէ՞ք հաւատար։
Նորէն թերթեցէք դարակազմի՜կ պատկերագիրքը եւ կը համոզուիք. այդ պառակտիչի լուսանկարին հոն կը հանդիպիք 81 անգամ…։
Յոբելեանական ալպո՞մ, թէ՞ ծաղրանք։
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
«Զարթօնք» օրաթերթ, Լիբանան