Հոգեվարքի մէջ կը տուայտի մայրիներու մեր չքնաղ Լիբանանը: Արդարեւ, Նոյեմբեր 22, 1943-ի անկախութեան հռչակումէն ի վեր, գեղատեսիլ, հիւրընկալ եւ ձեռներէց այս երկիրը երբեք չէ դիմագրաւած նման աննախընթաց տնտեսական արհաւիրք: Ինչ որ կը բեմադրուի այսօր Լիբանանի մէջ ՙտնտեսական տագնապ՚ին բնութագրումէն շատ աւելի լուրջ է:
Անըմբռնելի է լիբանանցիի մը համար, երկրէն ներս կամ արտասահմանի մէջ ապրող, տեսնել իր հայրենակիցներուն կէսը` բացարձակ աղքատութեան ճիրաններուն մէջ մխրճուած: Համաձայն World Bank-ի նորագոյն տուեալներուն, այս օրերուն Լիբանանի բնակչութեան 50 առ հարիւրը կատարեալ թշուառութեան ծոցը նետուած է:
Վերջին տարիներու քաղաքական ամլութիւնը ծնունդ տուաւ ներկայ տնտեսական ողբալի իրավիճակին: Կացութիւնը աւելի բարդացաւ անշուշտ քորոնայի երեւումով եւ առաւել` ներկայութեամբը աւելի քան մէկ միլիոնի հասնող սուրիացի գաղթականներու: Կարծէք այս բոլորը բաւարար չէին զգետնելու միջին դասակարգը, երբ վրայ հասաւ Օգոստոս 4-ի պատուհասը. նաւահանգիստի պայթումը կործանեց Կեդրոնական Պէյրութի շէնքերուն կէսը, պատճառ դառնալով 300 հազար անձերու տնանկ դառնալուն, 200 անձերու մահուան եւ 6 հազար ուրիշներու վիրաւորման: Բնականաբար տարիներու եւ բազմամիլիառ տոլարի պիտի կարօտի Պէյրութի վերակառուցումը:
Լիբանանի պետական կառոյցներէն միայն ազգային բանակը մնացած է հաւատարիմ երկրին սահմանադրութեան եւ անշահախնդիր` ծառայած իր ուխտին, սակայն լիբանանեան բանակը եւս անեղծ մնացած չէ երկրին մէկ ծայրէն միւսը. մէկ նախարարութենէն միւսը` տիրող համատարած սնանկութեան: Զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար Զօր. Ժոզէֆ Աուն անցեալ ամիս ազդարարեց թէ տասնամեակներէ ի վեր երկրին մէջ տիրող տնտեսական գայթակղութեան եւ մսխումի հետեւանքով, պետական այլ կառոյցներու նման, բանակն ալ իր կարգին ենթակայ է փլուզումի:
Լիբանանեան դրամանիշին 90 առ հարիւր արժեզրկումին հետեւանքով, զօր. Աուն հաստատեց, թէ լիբանանցի զինուորին ամսականը 90 տոլարի համազօր է: Որպէսզի հնարաւոր ըլլայ բանակին պատկանող ինքնաթիռները գործածելի վիճակի մէջ պահել, գնդապետ Հասան Պարաքաթ քանի մը օրեր առաջ ծանոյց, թէ 150 տոլարի վճարումով, քաղաքացիներ 15 վայրկեան պիտի սաւառնին ծովափին վրայ, այս ինքնաթիռներէն մէկուն ինչպէս ծանօթ է, քանի մը տարիներ առաջ երբ լայնատարած հրդեհ մը ծայր տուած էր Լիբանանի մէջ, պետութեան պատկանող չորս ջրատար ինքնաթիռներ, որոնց առաքելութիւնն էր հրդեհի դէմ պայքարիլ, կազմալուծուած էին, որովհետեւ խնամքի չէին ենթարկուած:
Քաթար, կարեկից Լիբանանի բանակին պէտքերուն, յայտարարած է թէ մինչեւ ցնոր տնօրինութիւն, ամսական 70 թոն քանակութեամբ ուտեստեղէն պիտի հայթայթէ զինեալ ուժերուն:
Երկրին եւ շահախնդիր քաղաքական ղեկավարներուն եսամոլ խաղերուն զոհը դարձած է բարի ժողովուրդը` բացարձակ անելի առջեւ գտնուելով: Տնտեսական այս ահռելի տիղմէն դուրս գալու միակ միջոցը արդարեւ, արեւմուտքին կողմէ ընծայուելիք տնտեսական հսկայական վարկն է` պայմանաւորուած արտակարգ եւ արմատական տնտեսական բարեկարգումներու վրայ: Երկրին աւագանին սակայն, տակաւին կը յամառի որդեգրել որեւէ բարենորոգումի ծրագիրներ, որոնք կրնան ամենադոյզն չափով վնաս հասցնել իրենց սեփական շահերուն: Այս մէկը անհաւասար եւ անարդար գուպար մըն է իշխող տարրին եւ տառապող զանգուածներուն միջեւ:
Ինչ ցաւալի երեւոյթ, երբ կը կարդանք թէ Լիբանանի ժողովուրդին միայն 12 առ հարիւրը պատուաստուած է եւ վառելանիւթի չգոյութեան պատճառով Յուլիս 9-ին երկրին ելեկտրական հոսանքը դադրած էր, նետելով Լիբանանը խաւարին գիրկը:
Ի՜նչ հեգնանք, երբ միջազգային մամուլը Լիբանանը կը դասէ Հայիթիի շարքին:
Հոգեկան կազդուրման միամիտ փորձ մը կատարելով, պահ մը մեր հայեացքը նետենք վաթսունական թուականներու Լիբանանին վրայ: Արդարօրէն, այս շրջանը կարելի է որակել Լիբանանի ոսկեդարը: Տնտեսական աշխուժութեան, համայնքային բարի գոյակցութեան, մշակութային նախանձելի նուաճում եւ ընդհանրապէս յառաջդիմութեան` կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս: Ոչ միայն աշխարհի չորս ծագերէն զբօսաշրջիկներ կ’այցելէին Լիբանան, այլ բնական իր գեղեցկութեան առընթեր երկիրը կ’առինքնէր արտաքին աշխարհը իր մշակոյթով եւ ազատական միջավայրով: Պաալպէքի տարեկան փառատօները միջազգային չափանիշով յաջողութիւն կ’արձանագրէին, ուր երաժշտական եւ արուեստի բոլոր մարզերը կը ներկայացուէին տեղացի տաղանդներու` Ֆէյրուզ, Սապահ, Ուատիհ Սաֆի եւայլն, միջազգային տիտաններու կողքին:
Գազինօ տիւ Լիպանը կախարդական իր ներկայացումներով կը հրապուրէր ամէն ոք. մամուլը, բաղդատած արաբական երկիրներու, կը վայելէր որոշ ազատութիւն: Հրատարակչական տուները, անկաշկանդ կը հրատարակէին զանազան վարդապետութիւններ կամ քաղաքական տեսութիւններ բովանդակող հատորներ: Արաբ մտաւորականներ` արաբական այլ երկիրներէ ապաստան գտած էին Լիբանանի մէջ՛ Պէյրութի Համրա շրջանին մէջ իրենց լիբանանցի համախոհներուն հետ, անկաշկանդ հանդիպումներ կ’ունենային:
Տարի մը հազիւ անցաւ երբ առասպելական հմայք ունեցող եւ հարուստ պատմութեան տէր, մեր բոլորին ծանօթ Պրիսթոլ պանդոկը վերջնականապէս փակեց իր դռները` երկրին մէջ ստեղծուած տնտեսական անհանդուրժելի պայմաններուն բերումով:
Պէյրութի հանրածանօթ պանդոկներէն Ֆինիսիան իր 500 սենեակներով սկսած է պատրաստութիւններ տեսնել ամառնային եղանակի վերջաւորութեան հիւրեր ընդունիլ: Ակնարկելով անցեալ տարուայ նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքներուն մասին:
Մազէն Սալահ Լոնտոն ՙԹելկրաֆ՚ թերթին հետեւեալը ըսած է. ՙՖինիսիա պանդոկը իր 60-ամեայ պատմութեան ընթացքին քանի մը անգամ ունեցած է այս փորձառութիւնը: Թէեւ պայթումին վնասը միայն արտաքին է, սակայն հսկայ շինութեան մը համար մեծածախս գործ մըն է՚:
Ֆինիսիա պանդոկին առաջին հիւրերը սկսան հասնիլ վաթսունական թուականներու սկիզբը, գլխաւորաբար Եւրոպայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն: Անոնց մէջ աչքառու էին հանրայայտ դերասան դերասանուհիներ:
Վերջին տարիներուն Ֆինիսիա պանդոկը սկսած էր աստիճանաբար վերագտնել վաթսունական թուականներու իր շքեղութիւնն ու անմրցելի հմայքը: 15 տարուան քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին (երբ աւելի քան 120 հազար անձեր իրենց կեանքը կորսնցուցին եւ հազարաւոր ուրիշներ առեւանգուեցան` որոնց ճակատագիրը ցարդ կը մնայ անյայտ) եւ յաջորդող տարիներուն Ֆինիսիան խաւարի մէջ մնաց: Սակայն 2000 թուականին պանդոկին դռները վերաբացուեցան աւելի քան հարիւր միլիոն տոլարի վերանորոգումներէ եւ արդիականացումներէ ետք:
Քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, Քորնիշի շուրջ գտնուող պանդոկները զինեալ խումբերու կողմէ բռնագրաւուելով` ծառայեցին անոնց որպէս կեդրոնատեղի: Արդիական այս պանդոկներու ցանցը, ուր օտար զբօսաշրջիկներ կը հիւրընկալուէին, դարձան պատերազմական գօտի եւ առ այդ կոչուեցան ՙՊանդոկներու պատերազմ՚: Զբօսաշրջիկներու փոխարէն պատերազմական թղթակից-լուսանկարիչներ կը շրջագայէին միայն այդ գօտիին մէջ: Այդ պանդոկներու ցանցէն միայն Հոլիտէյ Իննը կը մնայ լքուած, լիբանանեան բանակի հսկողութեան տակ: Այսօր տակաւին կարելի է տեսնել բազմահարիւր փամփուշտներով վնասուած անոր արտաքին պատերը` ցաւագին յիշեցում մը քաղաքացիական արիւնալի պատերազմին:
Միջերկրականի ափին բազմած Սէն Ժորժ գեղատեսիլ պանդոկն ալ տակաւին կը մնայ սառած` պատմութեան մէջ: Պատճա՞ռը. բարդ քաղաքական-անհատական խնդիրներու հետ է առնչուած: Ենթադրութիւններ կան թէ նախկին նահատակեալ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի մեծ ճիգ տարած էր, ուրիշներ կը պնդեն, թէ անուղղակի ճնշում բանեցուցած էր Սէն Ժորժ պանդոկի սեփականատէր ընտանիքին վրայ, զայն իւրացնելու (կամ գնելու) համար: Սէն Ժորժ պանդոկը ծանր վնասներու ենթարկուեցաւ 2005-ի հսկայ պայթումէն` որուն զոհ գնաց նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին: Պայթումը տեղի ունեցաւ պանդոկին դիմացի պողոտային մէջ: Սէն Ժորժ իր դռները վերջնականապէս փակեց անցեալ Յուլիսին, նաւահանգիստի պայթումէն քանի մը շաբաթներ առաջ:
Ֆենիսիա պանդոկին վերադարձը մեծապէս ողջունելի երեւոյթ մըն է, մասնաւորաբար երբ նկատի ունենանք թէ ան կանգուն մնաց քաղաքացիական պատերազմին, 2020-ի նաւահանգիստի պայթումին, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան ներխուժումէն Լիբանանի վրայ 2006 թուականի Յուլիսին:
Ֆենիսիան երբ բացաւ իր դռները 1961-ին կը նկատուէր Պէյրութի ամէնէն արդիական կառոյցը. անոր ճարտարապետն էր նշանաւոր ամերիկացի Էտուարտ Տիւրել Սթոնը, որուն գործն էր նաեւ Նիւ Եորքի նշանաւոր Ռատիօ Սիթի Հոլը եւ աշխարհահռչակ Մօ Մա թանգարանը:
Թէեւ ցաւալի լուրերը կը շարունակուին հասնիլ Լիբանանէն, ինչպէս քանի մը օր առաջ ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ը յայտարարեց թէ Լիբանանի ընտանիքներուն 77 առ հարիւրը անկարող է կերակրելու իր երեխաները, տակաւին լիբանանցի ժողովուրդը ունի յոյս եւ հաւատք թէ Փիւնիկի նման երկիրը պիտի վերակենդանանայ:
ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Նիւ Եորք