ՆՈՒՊԱՐԱՇԷՆԻ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԵՒ ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԱՅԻՆ ՀԱՐՑԻ ԼՈՒԾՈՒՄԷՆ ՎԵՐ ԵՒ ԱՆԴԻՆ ԿԱ՛Յ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
ՀՀ Երևան Քաղաքի Քաղաքապետ՝
Տիգրան Ավինյանին
Կրկնօրինակը՝ ի գիտութիւն
ՀՀ վարչապետի աշխատակազմին
Սեւակ Յակոբեանէն
11.10.2025թ.
Յարգելի պարոն Ավինյան,
Բնականաբար ձեզի համար գաղտնիք մը չէ, ոչ ալ նորութիւն է Երևան քաղաքի Նուպարաշէն վարչական շրջանի տխուր իրավիճակը, որ ի դեպ խրոնիկ է:
Որպէս վերջին պատահար, տեղեակ էք, թէ Նուբարաշէնի աղբավայրին մէջ հրդեհ բռնկած էր հոկտեմբերի 10–ի գիշերը, մուխի, ծուխի եւ գարշահոտութեան մատնելով մեր սիրելի մայրաքաղաքը:
Մինչ դուք եւ Ձեր պատկանած քաղաքական խումբը վերջին հրդեհի փաստը պատահական չէք նկատեր՝ տողատակին մէջ մատնանշելով ընդդիմութիւնը, վերջինս իր հերթին Ձեզ է, որ կը մեղադրէ անփութութեան մէջ: Քաղաքական փոխցեխարձակումներէն բացի կայ անշուշտ քաղաքացիին աւելի եւս հետաքրքրող կամ յուզող պարագաները, որոնք են մեր մայրաքաղաքին սպառնացող կենսոլորտային աղէտն ու անկէ բխելիք առողջապահական լուրջ խնդիրները:
Այս բոլորէն վեր եւ անդին սակայն, այս տողերը գրողիս համար կայ այլ մտահոգութիւն եւ ընդվզում, որ ունի բարոյական ենթահող ինչ կը վերաբերի Նուպարաշէնի անուան ու անոր խորիմաստ գոյութեան:
Ափսոս, որ Ժամանակին քաղաքային աւան, այսօր մայրաքաղաքի վարչական շրջաններէն մէկը դարձած Նուբարաշէնը առաւելապէս հանրութեան յայտնի է այնտեղ տեղակայուած բանտով, հոգեբուժարանով, գերեզմանոցով եւ մանաւանդ աղբանոցով, որ ոչ միայն պատիւ չի բերեր անոր անուան, այլ նաեւ լուրջ անարգանք է անոր Մեծ բարերարի անմեռ յիշատակին:
Շատերու համար կրնայ այլեւս մոռցուած պատմութիւն ըլլալ, թէ Նուպարաշէնի կառուցումը կապուած է հայ ազգային բարերար, ՀԲԸՄիութեան հիմնադիր նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշայի անուան ու հայրենասէր գործունէութեան հետ։ Ան արժանաւոր որդին էր Եգիպտոսի նման մեծ պետութեան մը առաջին վարչապետ Նուպար Փաշային: Պօղոս Նուպարի նախահայրերը սերած են Ղարաբաղէն Կոնստանդնուպոլիս գաղթած վաճառական Մկրտիչ Նուպարի Մելիքեանի ընտանիքէն:
Հայ ազգի համար ամենաբախտորոշ ժամանակահատուածին Պօղոս Նուպարը ինքզինք նետած էր ազգային-քաղաքական յորձանուտ. Ան ղեկավարեց սփյուռքահայ ազգային պատուիրակութիւնը Փարիզի հետ Ա. Աշխարհամարտ խաղաղութեան վեհաժողովին: Հայաստանի և հայ ժողովուրդի համար ծանր ժամանակներ էին: Ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայութեան բեկորները ապաստանած էին ինչպէս աշխարհով մէկ, նաեւ անշուշտ Արևելեան Հայաստան: Պատերազմը, սովը, աւերները, համաճարակները կը հնձէին Հայ ժողովուրդի մնացորդածի կեանքերը: Եւ մինչ Եւրոպական պետութիւնները Հայ ժողովուրդի խնդիրներուն կը վերաբերէին սոսկ իրենց գերպետական շահերէն ելնելով, Պօղոս Նուպարի պէս Մեծ Հայ մը չէր կրնար ձեռնածալ մնալ:
ՀԲԸՄիութեան միջոցաւ աշխարհասփիւռ հայու բեկորներուն օգնութեան անզուգական ձեռք մեկնելուն զուգահեռ, անոր ուշադրութիւնը նաեւ կեդրոնացած էր Հայրենի նորաստեղծ պետութեան վրայ մեծ յոյս կապելով անոր անժամանցելի կարեւորութեանը վրայ:
Հետեւաբար, Հայաստանի մէջ Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, Պօղոս Նուպար իր օգնութիւնը առաջարկեց Հայրենի պետութեան: Հայրենադարձութիւնը խթանելու տեսլապաշտ մօտեցումով, ան Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան առաջարկեց Երևանի շրջակայքին մէջ աւան մը կառուցել, անոր համար ամերիկայութեան կողմէ հանգանակուած անբաւարար գումարին վրայ աւելցնելով իր իշխանական նուիրատուութիւնը: Պօղոս Նուպարի հիմնական նպատակն էր Ցեղասպանութիւն վերապրած հայ ժողովուրդի զաւակներուն հայրենադարձութիւնը։
Առաջարկը ընդունուած էր: Աւանը 1930ին արդէն սկսած էր կառուցուիլ: Յատակագիծի հեղինակը ականաւոր ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանյանն էր: Հայ մեծ ճարտարապետը երկու տարի անձամբ հետեւելով հայրենադարձներու համար կառուցուող բնակավայրի շինարարական աշխատանքներուն, շուտով իրականութիւն դարձուց այն:
Երախտապարտ Հայ ժողովուրդը այդ աւանը իր Մեծ զաւակին անունով կոչեց՝ Նուպարաշէն: Ափսոս, որ սակայն 1937-ին Ստալինեան բռնաճնշումներու տարիներուն, աւանը ստացաւ Սովետաշէն անունը:
Անցան տարիներ: Վերջապէս անկախացած Հայաստանի կառավարութիւնը նշեալ աւանը արդարօրէն վերանուանեց իր նախկին Նուպարաշէն անունով, եւ շուտով ան դարձաւ Երեւան քաղաքի լիարժէք վարչական շրջան մը: Անոր կեդրոնական այգիին մէջ 2001 թուին, արժանաւորապէս կանգնեցաւ քանդակագործ` Տիգրան Արզումանյանի եւ ճարտարապետ` Է. Աբաղյանի աշխատանքը հանդիսացող՝ Մեծ բարերարին կիսանդրին:
Յարգելի պարոն քաղաքապետ,
Որպէս Հայ մարդ, Հայաստանի քաղաքացի եւ Պօղոս Նուպարի հիմնած Մեծ Միութեան արդեն 90-ամեայ դրօշակակիրը հանդիսացող թերթին՝ «ԶԱՐԹՕՆՔ»-ին խմբագիրը, կոչ կ՛ուղղեմ Ձեզի համապատասխան քայլեր ձեռնարկելու փրկելու կացութիւնը: Ժամանակն է կոտրելու այն բացասական պատկերացումները, որոնք հայրենաբնակ հանրութեան մօտ կը յառաջանան այսօր «Նուպարաշէն» բառը լսելով։
Նուպարաշէնը իր բարերարին տեսիլքով ու Թամանյանի արուեստով նախագծուած էր որպէս Ազգային Երազ, մինչ ան այսօր վերածուած է Ազգային Ամօթի:
Նախաձեռնութիւնը Ձերը պէտք է ըլլայ գուցէ նաեւ վերջ տալու վերջին հրդեհին յառաջացուցած ցասումին, անկախ ամէն տեսակի մեկնաբանութենէ:
Նուպարաշէնը պէտք չէ, որ մնայ աղբանոց, ոչ ալ տխուր կամ վատահամբաւ բաներ յուշող տեղավայր: Ինքզինք յարգող երկիրներու մեծ քաղաքները ունին աղբի վերամշակման համար շատ յաջող եւ շահաբեր ինչպէս նաեւ կենսոլորտապաշտպան ձեռնարկներ: Այս մասով, ինչպէս նաեւ շրջանը մեծապէս զարգացնելու եւ հայրենադարձութեան նոր խթան հանդիսացնելու համար, ես վստահ եմ, որ Ձեզի կրնայ զօրավիգ կանգնիլ Պօղոս Նուպարի շարաւիղը հանդիսացող, անոր հիմնած Մեծ Միութեան՝ ՀԲԸՄ-ի այսօրուայ ղեկավարութիւնը, ինչպէս նաեւ ամբողջ սփիւռքահայութիւնը, եթէ իրենց ներկայացուի թափանցիկ, գործնական եւ նպատակասլաց ծրագիր:
Յարգանքով,
Սեւակ Յակոբեան,
ՅԳ. Սոյն պաշտօնական նամակը գրած եմ Արեւմտահայերէն լեզուով եւ ուղղագրութեամբ, նախ՝ որպէս սկզբունքային հարց, ապա լիարժէք օգտագործած ըլլալու համար Մեծ բարերարին խօսած ու գրած մայրենին:
Սևակ Հակոբյան, Լիբանանի «Զարթոնք» օրաթերթի գլխավոր խմբագիր