Ներկայութեամբ
Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Նախագահ Սամ Սիմոնեանի
Այս տարի Մոնթրէալի Հ.Բ.Ը.Մ. Ալեք Մանուկեան Վարժարանը կը նշէ իր հիմնադրութեան՝ որպէս Գանատահայոց առաջին վարժարանը , 55-րդ տարին:
Այս առթիւ ուրբաթ օր՝ Մայիսի 2,-ին վարժարանը կազմակերպած էր դպրոցական շքեղ հանդէս մը ներկայութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նորընտիր Նախագահ՝ պրն. Սամ Սիմոնեանի՝ ստեղծիչը «ԹՈՒՄՕ» միջազգային եզակի համբաւ վայելող թուայնական թեքնիկներու կրթական նախաձեռնութեան, ընկերակցութեամբ իր ազնիւ տիկնոջ, եւ Հ.Բ.Ը.Մ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու: Հանդիսութեան ներկայ էին Գանատահայոց Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար Եպիսկ. Յովակիմեան, եւ Ալեք Մանուկեան Վարժարանի յղացող եւ հիմնադիր՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նախկին Փոխ Նախագահ եւ այժմ Կ. Վ.եան Վաստակաւոր (Emeritus) Անդամ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան:
Ուրբաթ օր, վարժարանին երիտասարդ տնօրէն պրն. Շահէ Թանաշեանի կարող առաջնորդութեմբ տեղի ունեցող տպաւորիչ հանդէսին, ելոյթներ ունեցան վարժարանին աշակերտները, յատկապէս մօտ 180 հոգիներէ բաղկացած երգչախումբին գեղեցիկ կատարումներով: Վարժարանին «Արշաւիր եւ Նատիա Կէօնճեան» հանդիսասրահը կը յորդէր յատկապէս բազմահարիւր ծնողներու ներկայութեամբ: Այս մասին եւ շաբաթավերջի ձեռնարկներուն պիտի անդրադարձուի յաւելեալ թղթակցութեամբ մը:

Ձախէն աջ՝ Գանատահայոց Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար Եպիսկ. Յովակիմեան, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Նախագահ պրն. Սամ Սիմոնեան եւ Վարժարանի հիմնադիր Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան, դպրոցի «Արշաւիր եւ Նատիա Կէօնճեան» հանդիսասրահի մուտքին:
ԹՂԹԱԿԻՑ