4 Յունիս 2022-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի “Շուշի” պարախումբը գլխաւորաբար համավարակին պարտադրած պայմաններուն բերումով երկու տարուան դադարէ ետք կրկին բեմ վերադարձաւ եւ հանրութեան ներկայացաւ տպաւորիչ ելոյթով մը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց հանդիսատեսներուն մէջ: “Յոյսի թեւերուն վրայ” վերնագրուած ելոյթը տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի “Յովհաննէս Պօղոսեան” վերանորոգուած թատերասրահին մէջ, որ ծայրէ ծայր գրաւուած էր ծնողներու, բարեկամներու եւ հիւրերու ներկայութեամբ. շատեր ելոյթին հետեւեցան առցանց՝ ուղղակի սփռումի ճամբով:
“Շուշի” պարախումբին երկու ենթախումբերը` Մեսրոպեանի ներկայ եւ նախկին սաները կատարեցին 16 պարեր, գերակշռաբար՝ հայկական, ինչպէս աւանդական, նոյնպէս եւ արդի մշակումներով: Ընդհանուր հաշւով բեմ բարձրացան 27 պարողներ, որոնք յաջողեցան ներկաներուն պարգեւել գեղարուեստական վայելքի յիշարժան պահեր: Պարախումբին ելոյթը յատկանշուեցաւ պարային հետաքրքրական բեմադրութիւններով, բեմի, տարազներու եւ երաժշտական ձեւաւորման բարձր ճաշակով, ինչպէս նաեւ պարողներու ակնյայտ խանդավառութեամբ եւ լաւապէս պատրաստուած կատարումներով:
Ելոյթի բացման խօսքին մէջ Մեսրոպեան վարժարանի ուսուցչուհիներէն տիկին Սօսէ Գասպարեան պարախումբին անունով ոգեկոչեց յիշատակը առաջին պարուսոյց, վաղամեռիկ Յարութ Գարաճեանին, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեանի շրջանաւարտ եւ պարախումբի անդամ Ճէսիքա Պէզճեանին, որ զոհ գնաց Օգոստոս 4-ի Պէյրութի նաւահանգիստի սարսափելի պայթումին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստին, որ միշտ ներկայ եղաւ պարախումբի կողքին, աջակցեցաւ ամէն կերպ ու քաջալերեց պարողները՝ լաւագոյնը տալու համար այս ելոյթին։
Ուսուցչուհի Ռուլա Սարգիս իր հերթին հպարտութիւն յայտնեց, որ դասերուն կողքին, Մեսրոպեանի աշակերտները շաբաթական դրութեամբ դպրոց կը ներկայանային այս գիշերուան ելոյթի փորձերուն համար՝ ջանասիրաբար, լրջութեամբ եւ պատասխանատուութեան զգացումով: “Արդիւնքը աւելի քան պատուաբեր է եւ ոգեւորիչ”, ըսաւ ան:
Փակման խօսքին մէջ, Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ ըսաւ, որ այս ելոյթը ըստ էութեան պոռթկում մըն էր ի պատասխան այն դժբախտութիւններուն, որոնք հարուածեցին Լիբանանահայութիւնը՝ տեղական թէ համահայակական առումներով: Ճիշդ է, որ մենք կորսնցուցինք Շուշի քաղաքը եւ արցախեան վերջին պատերազմին տուինք զոհեր ու վիրաւորներ՝ մեր հարազատներէն, սակայն այսօրուան ելոյթով մեր նոր սերունդի տղաքն ու աղջիկները եկան ըսելու, որ պայքարը կը շարունակուի, եւ մենք անպայման պիտի վերահաստատենք յաղթութեան դրօշը մեր հայրենիքի բոլոր տարածքներուն վրայ, ըսաւ պարոն Գալուստ: Ան աւելցուց, որ ելոյթը նաեւ պատասխան մըն է այն դժուարին իրավիճակին, որուն մէջէն կ՛անցնի Լիբանանը վերջին քանի մը տարիներուն, եւ զորս յաղթահարելու կամքն ու վճռականութիւնն է որ արտայայտեցին պարախումբի անդամները՝ իրենց պարերով ու ելոյթի կազմակերպիչները՝ իրենց ամէնօրեայ հետեւողական աշխատանքով:
Մեսրոպեանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց պարախումբի ամբողջ անձնակազմին՝ աշակերտներուն, պարուսոյց Աւօ Գարաքէշիշեանին, նախկին պարուսոյց Սարին Արթինեանին, քուլիսներու ետին աշխատողներուն եւ ի վերջոյ ծնողներուն, առանց որոնց քաջալերանքին եւ նեցուկին դժուար թէ կարելի ըլլար հասնիլ այս արդիւնքին:
Պարուսոյց Աւօ Գարաքէշիշեան վճռական դերակատարութիւն ունեցաւ վերականգնելու Շուշի պարախումբին կանոնաւոր փորձերը՝ երկու տարուան դադարէն ետք: Ան ոչ միայն կատարեց պարերու բեմադրութիւնը եւ ղեկավարեց փորձերը, այլ նաեւ իրականացուց ելոյթին հետ կապուած գեղարուեստական միւս աշխատանքները, որոնց շարքին՝ բեմի եւ պարերու խորապատկերներուն իւրայատուկ եւ գեղեցիկ ձեւաւորումը: Նախկին պարուսոյց Սարին Արթինեան հեռակապով յուզիչ խօսք մը ուղղեց ներկաներուն Շուէտէն, ուր ան ներկայիս կ՛ապրի, շեշտելով իր մշտական կապուածութիւնը պարախումբին՝ լաւագոյն յիշատակներով:
Պարոն Կրէկուար Գալուստ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պօղոսեան հիմնադրամին, որուն հովանաւորութեամբ վերջերս իր աւարտին հասած էր Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին շքեղ վերանորոգութիւնը, ինչ որ մեծապէս նպաստեց ելոյթի բարձրամակարդակ կազմակերպումին եւ հետագային նոյն ձեւով պիտի ծառայէ նաեւ այլ ձեռնարկներու: