Վերջերս Երեւանէն լոյս տեսած Զարմինէ Պօղոսեանի ՙԱզէզէն-Ամերիկա՚ գիրքին հրատարակութեան առթիւ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարանը Ս. Վարդան Մայր Տաճարի ՙԳավուքճեան՚ հանդիսասրահին մէջ, Ապրիլ 27 երեկոյեան, կազմակերպեց մեծարանքի ընդունելութիւն մը ի պատիւ հեղինակին: Ներկայ էին ծանօթ արուեստասէր ու գրասէր ընտրանի մը, հաւանաբար առաջին նման հաճելի հաւաք մը մօտ երկու տարիներ ետք: Հայերէն լեզուին եւ գրականութեան հաւատացողներ զիրար ողջունեցին ջերմօրէն:
Օրուան հանիսավարն էր Առաջնորդարանի ՙԳրիգոր եւ Գլարա Զօհրապ՚ կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Ճեսի Արլեն որ ներկայացուց օրուան հանդիսութեան յայտագրին մաս կազմող եկեղեցական եւ աշխարհական հիւրերը:
Օրուան գլխաւոր բանախօսներն էին անգլերէն լեզուով Ընձակ Ա. Քհնյ. Նալպանտեան (Թրամպուլէն) եւ հայերէն լեզուով Յովհաննէս Խոստեղեան (Նիւ Եորքէն): Զոյգ բանախօսները գիրքը ներկայացուցին որպէս եզակի հրատարակութիւն մը մեր գրական անդաստանէն ներս. գաղթական հայու մը ապրումները իր ծննդավայր Սուրիոյ Ազէզ գիւղաքաղաքէն սկսած մինչեւ Ատլանտեանի այս ափերը երկարող յուշապատումներով, հանդիպումներով, ուրախ եւ տխուր փորձառութիւններով, կրթանուէր առաքելութեամբ եւ հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդումով:
Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուցին մեծարեալի ամուսինը, դարձեալ ծանօթ ազգային մը որ նուիրումով մաս կազմած է թատերական մեր կեանքին ու շրջան մը վարած ատենապետութիւնը տեղւոյն Թէքէեան Մշակութային Միութեան մասնաճիւղին. ան երգեց Օմար Խայեամէն դասական երգ մը: Ժանէթ Մարգարեան իր կարգին մասնակցեցաւ յայտագրին դաշնակով:
Հրաւիրուեցաւ օրուան մեծարեալը: Ան հաղորդական իր նկարագրով ներկաները կապեց իրեն. տուաւ դրդապատճառները այս երկին ծնունդին: Անոր հրատարակութեան եւ ցրւումին համար երախտագիտութիւն յայտնեց մասնակիցներուն: Ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք եկած էին պատուելու կրթական հայ մշակը, հասարակական գործիչը եւ հայ գրողը:
Հուսկ խօսք առաւ Առաջնորդ Սրբազան հայրը` Դանիէլ Եպս. Ֆընտըքեան, որ իր հայրական օրհութիւնը տուաւ Զարմինէին ու բոլոր ներկաներուն:
Տեղի ունեցաւ ընթրիք-հիւրասիրութիւն, որու ընթացքին ներկաները առիթ ունեցան անձամբ շնորհաւորելու Տիկին Պօղոսեանը: