Հանդիպումներ
1983-ի Սեպտեմբերն էր: Կը վերադառնայի Սիտնիէն, ուր գացեր էի մեր աննման ղեկավարներ Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանի հրահանգով եւ Հայկաշէն Ուզունեանի «գործնական» կարգադրութեամբ` Աւստրալիոյ ՌԱԿ մեր նորակազմ շրջանակի անդամներուն ազգային-կուսակցական խնդիրներու շուրջ դասախօսութիւն տալու եւ Մայր հայրենիքի գիտական եւ արդիւնաբերական յաջողութիւններով ոգեւորելու համար: Աշխարհի ամենասիրուն ծովաբնութենական քաղաքին մէջ տասնօրեայ կեցութենէս ետք կը վերադառնայի պատերազմական անդոհանքի մէջ գտնուող Պէյրութ, աւելի ճիշդ` Լառնաքայի նաւահանգիստ, ուրկէ նաւով պիտի անցնէի Լիբանան՝ օդակայանը գոց ըլլալուն:
Կուսակցական պիւտճէի վրայ ծանր չնստելու համար օդանաւային աժաննոց տոմս էր ձեռքիս, որ կը ստիպէր վերադարձիս 70 ժամով հանգրուանել Ֆիլիփիններու մայրաքաղաք Մանիլա, իսկ հոնկէ՝ Տուպայ:
Բարեբախտաբար, այդ ժամանակ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի հոգեւոր առաջնորդ, այժմ հանգուցեալ, Աղան Սրբազանի կարգադրութեամբ, որուն ծանօթ էի դեռ Երեւանի համալսարանի մեր ուսանողութեան տարիներէն, աւելին` որ ան եղած էր ապագայ տիկնոջս` Յասմիկին, ուսանողական հանրակացարանի մեր խեղճուկ դահլիճին մէջ երիտասարդական զուարթ մթնոլորտի մը մէջ հայ քրիստոնեայ դարձնողն ու կնքողը: Ուրեմն Աղան Սրբազանն էր,- որուն տանը մէջ հիւրընկալուեր էի Սիտնի կեցութեանս ընթացքին, դարձեալ կուսակցական պիւտճէի խնայողութեան նկատառումով, եւ վայելեր էի անոր մօր հալէպեան համով ճաշերը,- կապ հաստատեր էր Մանիլայի իր ծուխի ամենահզօր անդամներէն Սերգիս Կարապիետի հետ. այդպէս կը կոչէին Ֆիլիփիններու ձկնային արդիւնաբերութեան ծովային, օդային ու ցամաքային սառնարան-փոխադրամիջոցներու ցանցի մենատէր մեր ազգակիցը, որպէսզի երեք օր վայելեմ անոր հիւրընկալութիւնը:
Ուրեմն նշեալ օրը, նշեալ ժամուն հասնելով Մանիլայի օդակայան, ուր գաղափար անգամ չունէի, թէ ո՛վ պիտի դիմաւորէր զիս, ինքզինքս գտայ արեւելեան իսկական պազարի մը մէջ` ժամանողներ ու դիմաւորողներ ամէն կողմ, ոմանց ձեռքին` վեր պարզած անուանական պաստառներով:
Բայց ո՞վ էր զիս դիմաւորողը այդ խառնիճաղանջին մէջ: Եւ լիբանանահայու զգացողութիւնս զիս չխաբեց: Նկատեցի, որ «ցուցարարներէն» մէկուն պաստառին վրայ գրուած էր «Bishop», «Եպիսկոպոս»: Բառին գործողութիւն տալով մեկնաբանեցի` «Եպիսկոպոսին ղրկած մարդը», ու մօտեցայ պաստառակիրին: Ճիշդ էի: Ուրախացած ձեռքս բռնեց Եուսուֆը (այդ էր անունը), պայուսակս վերցուց եւ տարաւ զիս դէպի parking: Կանգ առինք շքեղ ինքնաշարժի մը առջեւ։ Դուռը ներսէն բացուեցաւ ու տեսայ իր հայկականութիւնը բնաւ չկորսնցուցած զննող աչքեր եւ ամենակարեւորը` պատկառելի քիթ մը: Մտայ ինքնշարժ ու պարսկահայերէն լսեցի. «Յոգնած չըլնես» խօսքը: Մաղթանք` զոր միայն պարսկահայերը կը գործածեն: «Ոչ, բնաւ յոգնած չեմ», ըսի ու սեղմեցի խօսակիցիս ձեռքը: «Սերգիս», ըսաւ պարսկահայերէն ծորուն հնչողութեամբ, «ր» հնչիւնը շատ փափուկ «յ» արտասանելով:
Մեքենան շարժեցաւ, ուղեւորուեցանք դէպի քաղաք։ Ամբողջ ընթացքին անգլերենապարսկահայերէն պատմեց իր կենսագրութիւնը. ծնած Թաւրիզ, անցած Հնդկաստան` Պոմպէյ եւ այլուր, ապա Մանիլա: Ըսաւ` ամուսնացած է ֆիլիփինօ աղջկան մը հետ, ունին երկու որդի` Տիգրան եւ Արամ, երկուքն ալ դեռ ամուրի: Պատմեց, որ մօտիկ յարաբերութիւններ ունի Աղան Սրբազանին հետ, տարին մէկ անգամ անոր գլխաւորութեամբ կը հաւաքուին Սէուլի (Հարաւային Քորիա) գլխաւոր հրապարակին վրայ գտնուող հայկական եկեղեցին` Թոքիոյէն, Սինկափուրէն, Նիւ Տելհիէն, Փեքինէն եւ այլ վայրերէ եկած հայ գոհարավաճառներու, կերպասի ու մետաքսի գործով զբաղող մեծահարուստ դարձած, վաւերական մաքսանենգ հայերու հետ, կը կնքեն իրենց նորածին զաւակներն ու թոռնիկները, կը պսակեն, զոյգերով` պոչ-պոչի, իրենց զաւակները, գիշերը մինչեւ առաւօտ լափ-լաւ կը խմեն ու քէֆ կ’ընեն, յետոյ կը բաժնուին` տարի մը ետք կրկին հանդիպելու մաղթանքով եւ Սրբազանին օրհնութեամբ:
Ու մինչ արդէն մեր մեքենան կ’ընթանար քաղաքին, դատելով ոստիկանական իրարայաջորդ անցարգելներու առատութենէն` վերնախաւային պողոտաներէն, հիւրընկալս, աւելի ցած ձայնով պատմեց, որ հրաշալի յարաբերութիւններ ունի Ռուսաստանի դեսպանատան հետ եւ, աւելցուց, Ֆիլիփիններ այցելող սովետական մշակութային-պարային իւրաքանչիւր խումբ պէտք էր իր երաշխաւորութիւնը ստանար համերգներու կազմակերպման պետական իրաւունք ստանալու համար տեղական իշխանութեանց կողմէ: Եւ աւելցուց, որ վերջերս վերջնագիր ներկայացուցեր էր սովետ դեսպանութիւն, որ, ինչպէս ինք ըսաւ, հերիք եղաւ ու պոլ եղաւ, որ բնաւ հայաստանեան խումբ չէ եկած Մանիլա պարելու կամ համերգ տալու: Եւ յաղթական` աւելցուց, որ դեսպանութենէն ստացեր է պատասխան նամակ, որ շուտով Մանիլա կը ժամանէ Հայաստանի պետական պարախումբը ամբողջ կազմով` ելոյթ ուենալու: Ու տեսնելով դէմքիս տարակուսանքը` աւելցուց, որ վաղը նամակը ցոյց կու տայ իր գրասենեակին մէջ:
Մեքենան արդէն կանգնած էր շքեղ մուտքով առանձնատուն վիլլայի մը առջեւ: Իջանք: Հիւրընկալս յայտնելէ ետք, որ իր տունն էր, ըսաւ` մտնենք հաց ուտելու, որմէ ետք կ’երթանք պանդոկ, hotel:
Տուն մտանք, անցանք մեծկակ հիւրասենեակ եւ ուղղուեցանք դէպի terrassa, երբ լսուեցաւ շա՜տ ազդեցիկ ձայն մը` «Սաքուլ, Սաքուլ»: Նայեցայ ձայնին կողմը… թութակ մըն էր՝ բնութենէն իրեն տրուած brend-ային շքեղագոյն համազգեստով` կարմիր գլխարկ, մուգ-կանանչ մարմին, սեւադեղին պոչ եւ տիրապետող կեցուածք: Հիւրընկալս սրտազեղ մօտեցաւ թութակին, ես` նոյնպէս, գրպանէն հանեց ինչ-որ հատիկներ, ձեռքը երկարելով վանդակէն ներս` կերակրեց իր ընկերը, որ թութակերէն իր երախտագիտութիւնը հայտնեց: Հոն, զգացի, որ հիւրընկալս յուզուած էր, առանձին` մինչ այդ իմ բնաւ չզգացած գորովանքով ըսաւ. «էս ընկերս որ չլինի, ես իմ լեզուով ամբողջ տարին հայերէն չեմ խօսայ, եւ ինքը գիտայ դա, դրա համար էլ ինձ տեսնելուց հայերէն ա բարեւում, խօսում ինձ հետ, երջանկացնում ինձ»:
Ոչինչ կրնայի ըսել:
Այնուհետեւ անցանք վարդաստանի մը մէջ մխրճուած պատշգամ` «հաց ուտելու», ինչպէս Սերգիսը ըսեր էր: Բայց ի՜նչ հաց. հսկայ սեղանը ծանրաբեռնուած էր ծովային ուտեստներով եւ ինծի անծանօթ, միշտ ծովային բուսեղէնով: Սեղանին արդէն նստած էր Տիկին Կարապիէտը, պատկառելի արտաքինով ֆիլիփինուհին: Ձեռքսեղմումէն ետք անակնկալօրէն անցաւ յարձակողականի, մաքրամաքուր անգլիական անգլերէնով. «Տղոցս համար ինչո՞ւ հայ աղջիկ չես գտներ»: Անակնկալ մեղադրանքէն դուրս պրծնելու համար ըսի. «Բայց Տիկի՛ն, ֆիլիփինուհիները շատ սիրուն են»: Արձագանգը շատ աւելի զարմանալի թուեցաւ ինծի` օդին մէջ աջ ձեռքով տեղացի աղջիկները արհամարհելու ժեսթով մը` «խելացի չեն»: Ու մինչ Սերգիսը զուարճացած կը հետեւէր մեր խօսակցութեան` փորձեցի «մարտահրաւէրի» տակէն ելլել. «Տիկի՛ն, ըսի, տղաքը ղրկեցէք Պէյրութ, բան մը կ’ընենք»: Տիկինը տարակուսանքով նայեցաւ դէմքիս, մինչ Սերգիսը ընդմիջեց մեր խօսակցութիւնը. «քիչ յետոյ Եուսուֆը քեզ կը տանի hotel, թռիչքդ վաղը ժամը 2-ին է: Պէտք է հանգստանաս։ Մինչեւ օդակայան Եուսուֆը քեզի ցոյց կու տայ մեր քաղաքին գրաւչութիւններէն (օգտագործեց attractions բառը) մէկ-երկուքը: Գիշերը կը խօսիմ մեր Bishop-ին հետ»:
Յաջոդ առաւօտ այդպէս ալ եղաւ: Նախաճաշէն ետք Եուսուֆը եկաւ եւ զիս տարաւ երկու «գրաւչավայր», երկուքն ալ… գերեզմանոցներ, առաջինը` չինական, երկրորդը` ամերիկեան: Առաջինը իսկապէս զարմանահրաշ փոքրիկ քաղաքի մը կը նմանէր, տարբեր գոյնի քարերով ու մարմարներով կառուցուած դամբարաններ: Հետաքրքրասիրութիւնս մղեց զիս անոնցմէ մէկը մտնել. ճաշասեղանի մը շուրջ ամբողջ ընտանիք մըն էր հաւաքուած, շեղ աչքերով մարդիկ, կիներ ու երախաներ. միասին կը ճաշէին, իբր, իրենց հանգուցեալ հարազատին հետ, անոր մտերմութեան մէջ:
Յետոյ պիտի իմանայի ուսուցիչէս` Եուսուֆէն, որ հազար եւ աւելի տարի Ֆիլիփիններու վրայ իշխած չինացիները այժմ իրաւունք չունին հոն սեփական կալուած ունենալու: Անոնց թոյլատրուած էր միայն իրենց գերեզմանոցներուն մէջ այդպիսի «ճոխութիւն» վայելել… Դաժան է, չէ՞:
Յաջորդ դաժանութիւնը, ուր առաջնորդեց զիս Եուսուֆը, քաղաքին արուարձաններէն մէկն էր, հսկայ ռազմական մը, անշուշտ ամերիկեան, որուն փողոցին նայող` նոյնպէս հսկայ գերեզմանոց մը կար` հազարաւոր խաչերով եւ աւելի քիչ` Դաւիթի վեցանկիւն մարմարէ նշաններով: 10 հազար շիրիմներ փռուած էին հոն, Մ. Նահանգներ-Ճափոն պատերազմի օրերէն մնացած: Մուտքին կային բարձր զոյգ սիւներ, որոնց վրայ փորագրուած էին հոն թաղուած ամերիկացի զինուորներուն անունները, շիրիմներու թիւերով հանդերձ: Տխրամեղկ կռահումս զիս մղեց կարդալ զոհուած զինուորներուն մականունները` գտնելու ian վերջաւորութիւնը: 10 հազարին մէջ չէր կրնար հայու անուն չըլլալ. չէ՞ որ, ինչպէս Վահրամ Մաւեանը իր գիրքի ճակատին գրած է` ամէն տեղ հայ կայ: Դժբախտաբար չէի սխալած, ինչպէս Վահրամ Հայկազուն անունով հայ զինուոր մը հողին տակ պառկածներուն մէջ: Ինչպէս գրուած էր: Հետեւակ զօրքի շարքերէն սերժան (sergeant) մը: Գտայ շիրիմը, որ թերեւս երբեք այցելու չէր ունեցած, ու մեր սրտաբուխ «Հայր մեր»ը մրմնջացի, միաժամանակ խորհելով մեր ազգի դժնի ճակատագրի մասին. ուրիշ երկրի մը համար, ուրիշ բանակի մը մէջ, մեզի հետ որեւէ առնչութիւն չունեցող, մեզի անմիջական սպառնալիք չեղող ժողովուրդի մը զինուորի գնդակէն զոհուի՞լ: «Այս ճակատագիրն ի՜նչ սեւ է, Աստուա՛ծ», պիտի գոչէր Պետրոսը Դուրեան…
Դուրս գալով գերեզմանատունէն` Եուսուֆին հարցուցի, թէ կրնա՞նք վերադառնալ Սերգիս Կարապիետենց տուն հրաժեշտ տալու: Կ’ուզէի հրաժեշտ տալ այդ երկրին մէջ մնացող գուցէ միակ ու վերջին հայուն: Կ’ուզէի հրաժեշտ տալ սիրելի Թութակին, միակ հայախօսին, օտար երկրի մը մէջ հայը հայ պահող այդ խելացի, ուշիմ, զգայուն եւ գեղեցիկ էակին:
Եուսուֆը ցուցամատով ցոյց տուաւ ժամացոյցը: Պէտք էր հասնէինք օդակայան, պէտք էր վերադառնայի իմ երկրորդ հայրենիք՝ Լիբանան: Գացինք:
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ
Յուլիս 5, 2026









