Հռոմի Պապին վերջին պաշտօնական հանդիպումը, ի դէպ, եղած էր երէկ եւ ան հակառակ ոչ բարւոք վիճակ մունենալուն ընդունած էր ԱՄՆ Փոխ նախագահ Ճէյ Վէնսը։
Տեսանիւթն արդէն յստակ ցոյց կու տայ, որ Պապը խօսելու արտայայտուելու դժուարութիւններ ունէր։
Բարդ ժամանակներու համընկաւ Արժանթինցի եւ ընկերվարական, պարզ հիմունքներով Սուրբ Պետրոսի գահը բարձրացած Պապին գործունէութիւնը։
Պատերազմներ, տագնապներ եւ համաշխարհային մակարդակի մեծ անկումներ եւ բարոյալքումներ։
Ցաւալիօրէն Պապի վերջին ամիսները եղան բարդ ու դժուարին անոր առողջութեան տեսակէտէ, իսկ Ռուս-Ուքրանական պատերազմին եւ Կազայի աղէտին առընթեր անոր յորդորները մնացին անպատասխան։
Ի՜նչ խօսք, որ հայասէր, Հայաստանասէր Պապ մըն էր ու պատմութեան մէջ ամրագրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ (եւ հակառակ ամեհի ճնշումներուն) դարձեալ Սուրբ Պետրոսի հոյակերտ տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ անմահ պատարագն ու ոգեկոչումը, եւ այդ բոլորին տակ պէտք է անպայման նկատել Հռոմի Ֆրանչիսկոս Քահանայպետին ու հայ Կաթողիկէ Թարմունի (վախճանեալ ՝ 2015-ի Յունիսին) Պատրիարքին քաջարի ստորագրութիւնները։
Տեսանիւթը՝ երէկուայ հանդիպումէն
Սագօ Արեան-ի ֆեյսբուքյան էջ