Կիրակի, Հունվարի 4, 2026
Ազգ
Wildberries
Wildberries-ը նվազեցնում է միջնորդավճարը այն վաճառողների համար, ովքեր ապահովում են արագ առաքում մինչև գնորդ
  • Նորություններ
    • Պաշտոնական
    • Տեղական
    • Միջազգային
    • Տնտեսական
    • Տարածաշրջանային
    • Սոցիալական
    • Մշակութային
    • Հոգևոր
    • Իրավունք
    • ՌԱԿ մամուլ
  • Վերլուծություն
    • Քաղաքականություն
    • Տնտեսական
    • Հրապարակախոսություն
  • Մշակույթ
    • Ազգային
    • Կերպարվեստ
    • ToTo
    • Երաժշտություն
      • Դասական
      • Պոպ
      • Ջազ
      • Ռոք
  • ՌԱԿ մամուլ
  • «ԱԶԳ» Շաբաթաթերթ
    • Հոդվածներ
    • «ԱԶԳ» շաբաթաթերթ, տպագիր
    • Տպագիր արխիվ 1991-2025
    • Արխիվ
  • Տեսադարան
  • Մամուլ
  • Մեր հեղինակները
Ոչինչ չի գտնվել
Տեսնել բոլոր արդյունքները
Ազգ
Ոչինչ չի գտնվել
Տեսնել բոլոր արդյունքները

Հաւատք եւ Վերանորոգում. Իրագործումներու Քառորդ Դարաշրջան Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Հովանաւորութեամբ

03/01/2026
- ԿԱՐԵՎՈՐԸ, Հոգևոր, Միջազգային, Նորություններ
Կիսվել ՖեյսբուքումԿիսվել ԹվիթերումՈւղարկել Տելեգրամով

Նորին Սուրբ Օծութիւն Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը  կը ղեկավարէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին 1999-ի Հոկտեմբերէն ի վեր, որպէս, Հայ Առաքելական Եկեղեցուոյ ամենաբարձրաստիճան պաշտօանտարը՝ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց 132-րդ Կաթողիկոս։ Աւելի քան 25 տարի ան առաջնորդած է Սուրբ Էջմիածնի Մայր Աթոռը, վերականգնման, բարեփոխումներու եւ նոր ժամանակներու ալեկոծ յորձանուտներու ընդմէջէն։ Իր այս ջանքերուն համար Նորին Սրբութիւնը արժանացած է ոչ միայն աշխարհի տարածքին հայ հաւատացեալներու, այլ նաեւ Սփիւռքի եւ Հայաստանի բազմաթիւ բարերարներու, նուիրատուներու եւ գործընկեր կազմակերպութիւններու վստահութեանը։ Այս հանգամանքը համեմատաբար կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ հանգեցուցած է շարք մը նշանակելի նուաճումներու ։

Ծնած Օգոստոս 21, 1951-ին, Հայաստանի Արմաւիրի մարզի Ոսկեհատ գիւղին մէջ, աւազանի անունով՝ Կտրիճ Գրիգորի Ներսիսեան, հասակ առած  է  հոգեւոր միջավայրի մէջ, որ կազմաւորած է Եկեղեցւոյ իր  նուիրումը: Ընդամէնը 14 տարեկանին ան մուտք գործած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանը, ուր սկիզբ առած է  իր ճանապարհը դէպի քահանայութիւն։

1970-ին սարկաւագ ձեռնադրուած, իսկ երկու տարի ետք կուսակրօն քահանայ՝ ընդունելով Գարեգին անունը։ Աստուածաբանական բարձրագոյն ուսում ստացած է Վիեննայի, Պոննի եւ Մոսկուայի աստուածաբանական ակադեմիաներուն մէջ։ Իր ստացած միջազգային կրթութիւնը ընդարձակած է իր աշխարհայեացքը, իր մէջ ձեւաւորելով համաշխարհային տեսադաշտ մը, որ աւելի ուշ պիտի նշանագծէր իր մօտեցումը թէ՛ հաւատքին, եւ թէ՛ առաջնորդութեան։ Իր հոգեւոր խորունկ պատրաստութիւնը, լեզուներու տիրապետումը, եւ դիւանագիտական հմտութիւնը, պիտի յատկանշէին իր յետագայ ղեկավարի ոճը՝ որ կը հաւասարակշռէ աւանդապահութիւնը համաշխարհային ներգրաւուածութեան հետ։

«Նորին Սուրբ Օծութիւնը շահեցաւ համարումը եւ վստահութիւնը ոչ միայն համայն հայ հաւատացեալներուն, այլ նաեւ Սփիւռքի եւ Հայաստանի բազմաթիւ բարերարներու, նուիրատուներու եւ գործակից կազմակերպութիւններու, որուն իբր արդիւնք, կարճ ժամանակի մէջ իրականացան բազմաթիւ նշանակալի նուաճումներ»։

1980-ին վերադառնալով Էջմիածին, 1983-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է եւ նոյն տարին փոխ-առաջնորդ նշանակուած։ 1992-ին ստացած է Արքութեան աստիճան։ Որպէս հայ եկեղեցւոյ մէջ մեծ վստահութիւն վայելող առաջնորդ, դարձած է Արարատեան Հայրապետական Թեմի առաջնորդը, որ Հայ եկեղեցւոյ ամէնամեծ եւ գործուն թեմն էր արդէն անկախ Հայաստանի մէջ։ Երանաշնորհ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին եւ ապա երանաշնորհ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսին կողմէ իրեն վստահուեցան Երեւանի եւ շրջակայ շրջաններուն վրայ ընդարձակ հովուական եւ վարչական լիազօրութիւններ։

Փոփոխութիւններու Մարտահրաւէրներուն Դիմագրաւումը

Խորհրդային կարգերու փլուզումին յաջորդող դժուար տարիներուն, ինչպէս նաեւ անկախութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի առաջին պատերազմէն ետք, Հայաստանի ժողովուրդը կը դիմագրաւէր կենցաղային դաժան պայմաններ, զուրկ՝ կրթութենէ, ջերմութենէ եւ նոյնիսկ սնունդէ։

1992-ին, Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոսը հոգատարութիւնը ստանձնեց, մօտաւորապէս 1000 թոշակառուներու, որոնք ատենին կ’օգտուէին խորհրդային դարաշրջանի իրաւասութիւններէն, որպէսզի անոնք ապահովուէին սննդարար տաք ճաշերով եւ հաւաքատեղիներով այն վայրերուն մէջ, որոնք այն ժամանակ կոչուեցան Ապուրի Խոհանոցներ։ Գետնի վրայ միջոցներ հաւաքագրելու իր կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի բարերարներու վստահութեան ձեռք բերումը, կարելի դարձուցին այս սկզբնական նախաձեռնութիւններուն արդիւնաւէտ եւ ազդու ընթացքը։ Նման ծրագիրներ ճամբայ հարթեցին նորանկախ Հայաստանի մէջ Եկեղեցւոյ կողմէ իրականացուող առաջին լայնածաւալ մարդասիրական ջանքերուն եւ ապագայ տարիներուն ընդլայնուող ընկերային ծառայութիւններուն համար։

Ան իր հեղինակութիւնը ի գործ դրաւ առաջնահերթութիւն տալու եւ լուծումներ գտնելու պատանիներու ընկերային հրատապ կարիքներուն, որոնք տիրող պայմաններուն բերումով, լքուած էին փողոցային կեանքի։ Գարեգին Արքեպիսկոպոս արագօրէն քայլեր առաւ, որպէսզի եկեղեցին ձեռք ձգէ խորհրդային ժամանակաշրջանի Երիտասարդական/Պիոներական Պալատները եւ այդ շէնքերը վերածեց արտադպրոցական կեդրոններու, ուր պատանիները կրնային ապահով միջավայրի մէջ հաւաքուիլ եւ շաղուիլ հայկական մշակութային եւ հոգեւոր կեանքին, ձեռք բերելով կատարողական եւ ձեռարուեստի հմտութիւններ ինչպէս նաեւ ամէն օր առողջ սնունդ ստանալ։ 1993 թուականէն սկսեալ տարեկան 3000 ուսանողներ կը գրանցուէին այդ կեդրոններուն մէջ։

«Վեհափառ Տէրը իր առաջնորդող փիլիսոփայութեամբ ձեւաւորած է երկու տասնամեակներու վրայ երկարող ձեռնարկներ, որոնք կը զօրացնեն կապը Եկեղեցւոյ, Հայրենիքի եւ Հայկական Սփիւռքի միջեւ։ Տեսիլք մը, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը դնէ ազգային կեանքի կեդրոնը, ոչ իբր պատմական մասունք, այլ որպէս հաւատքի, կրթութեան, եւ համայնքային կեանքի գործօն ուժ»։

Այս որոշիչ ժամանակաշրջանին, գիտակից թուային լրատուամիջոցներու ազդեցութեան,  ան ներդրում կատարեց զանգուածներուն հասնելու համար, եւ 1995-ին հիմնեց «Շողակաթ» հեռուստաընկերութիւնը Արարատեան Հայրապետական Թեմի գրասենեակներէն՝ երեք հոգինոց անձնակազմով մը։ Ծրագիրը միտուած էր քրիստոնէական արժէքներ ներշնչելուն, միաժամանակ լուսաբանելով հանրային եւ ընթացիկ իրադարձութիւնները։ Երիտասարդական Կեդրոններուն եւ Ապուրի Խոհանոցներուն կողքին, «Շողակաթ» հեռարձակման հարթակը առաջնահերթութիւն պիտի մնար յառաջիկայ տարիներուն։

Կառուցողական Նախաձեռնութիւններ

1990-ականներուն շարունակուող մարդասիրական եւ ընկերա-տնտեսական կարեւոր ծրագիրներուն զուգահեռ, Գարեգին Արքեպիսկոպոսը հասկցաւ, որ յետ-խորհրդային շրջանին հայկական աւանդութիւնները եւ կրօնական կեանքը վերականգնելու համար անհրաժեշտ էր մատչելիութեան բարելաւում։ Երանաշնորհ ՆՍՕՏՏ Վազգէն Ա.-ի եւ ապա Երանաշնորհ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Ա.-ի կողմէ իրեն վստահուած նախագիծերէն էր Երեւանի մէջ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի կառուցումը, որուն շինարարութիւնը սկսաւ 1997-ին։ Տաճարը պիտի ըլլար Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ամէնէն մեծ Մայր Տաճարը աշխարհի մէջ, որ իրագործելի դարձաւ Սփիւռքէն ստացուող շարունակական նուիրատուութեանց շնորհիւ։

1999-ին Կաթողիկոս ընտրուելէ ետք, ՆՍՕՏՏ  Գարեգին Բ.-ի առաջին տարիները նշանաւորուեցան եկեղեցական ենթակառոյցներու աննախադէպ ընդլայնումով մը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սեփականութեան տարածքը քառապատկուեցաւ, մօտաւորապէս 40 նոր կամ վերանորոգուած շէնքերով, որոնք վերափոխեցին պատմական համալիրը, ի լրումն բազմաթիւ եկեղեցիներու, տաճարներու եւ հոգեւոր դպրանոցներու Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։

Ամենակարեւոր ծրագիրներէն էին Սուրբ Տրդատ Բաց Խորանին ստեղծումը, որ կառուցուեցաւ 1500 հաւատացեալներ տեղաւորելու համար Հայաստանի քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք ընդունելու 1700-ամեակին, ինչպէս նաեւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին վերանորոգումը։ Եօթը տարուան տեւողութեամբ Մայր Տաճարի վերանորոգումը, որ UNESCO-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան վայր է, ներառեց կառուցուածքային ամրապնդում, գմբէթի խաչին փոխարինումը եւ իւղանկարներուն ու որմնանկարներուն վերականգնումը, որոնք վնասուած էին ժամանակի  պատճառով կամ ծածկուած էին խորհրդային դարաշրջանին քսուած ներկի բազմաթիւ շերտերով։ UNESCO-ի հսկողութեան ներքեւ իրականացուող այս ծրագիրը միջազգային համակարգուած ջանք էր, որ միաւորեց բազմապիսի նուիրատուներ եւ աջակիցները։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճար

Միաբանական նոր կացարաններ, գրադարաններ եւ կրթական կեդրոններ, ինչպէս՝ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Մատենադարանը եւ Գարեգին Ա. Հոգեւոր Կրթական Կեդրոնը, առաւել հարստացուցին Էջմիածնի հոգեւոր եւ մտաւոր կեանքը։ Բարերարներու առատաձեռնութեամբ, հիմնական նորոգութիւններ վերափոխեցին կարեւոր կառոյցներ, ինչպէս՝ Ալեք եւ Մարի Մանուկեան Գանձատունը, Խրիմեան թանգարանը, Հին Վեհարանը, Ռուբէն Սեւակի թանգարանը եւ ճեմարանականներու համար նախատեսուած հանգստաւէտ հանրակացարանները։ Այս կառոյցները, ի միջի այլոց, պիտի ապահովէին, որ Էջմիածինը մնայ սրբազան միջավայր մը եւ ուսման ու ծառայութեան կենսունակ կեդրոն մը, ինչպէս նաեւ դրական ազդեցութիւն ունենայ հոգեւորականներու կրթութեան եւ կառավարման կարողութիւններու զարգացման ուղղութեամբ։

Ներքին Հիմերու Ամրապնդում

Ֆիզիքական ընդարձակումէն անդին, Նորին Սուրբ Օծութիւնը աշխատեցաւ զօրացնել եկեղեցական կառավարման ներքին կառոյցները։ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի կանոնաւոր նիստերու գումարումը թէ՛ Էջմիածնի մէջ եւ թէ՛ արտասահմանեան թեմերուն մէջ, զօրացուց միասնութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը։ Այլ մասնագիտացուած խորհուրդներ եւ յանձնախումբեր, ինչպէս՝ Միաբանական Խորհուրդը, Վերաքննիչ եւ Կարգապահական յանձնախումբերը եւ Ճարտարապետական ու Հրատարակչական Խորհուրդները ստեղծուեցան եկեղեցական վարչութիւնը մասնագիտացնելու համար։ Եպիսկոպոսական եւ Եկեղեցական-ներկայացուցչական Ժողովներու վերահաստատումը երկար դադարէ մը ետք, նշեց հաստատութենական մասնակցութեան եւ թափանցիկութեան նոր դարաշրջան մը։

Իբրեւ Գերագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս իր գահակալութեան առթիւ, Գարեգին Բ.-ը խոստացաւ վերակառուցել Եկեղեցւոյ կրթական եւ հովուական հիմերը, վերակազմակերպելով ճեմարանները, ներմուծելով քահանաներու համար արագացուած վերակազմաւորումի ծրագիրներ եւ ստեղծելով երիտասարդական ծառայութեան եւ քրիստոնէական կրթութեան նոր բաժանմունքներ։ Նպատակ ունենալով ներգրաւել քահանաներու նոր սերունդ մը, Նորին Սուրբ Օծութիւնը որդեգրեց հոգեւորական դաստիարակութեան արդի աշխարհի գործելաոճը։ Իր հսկողութեան տակ, երկու հիմնական ճեմարաններ՝ Գէորգեանը եւ Վազգէնեանը, վերաշխուժացուեցան, ինչպէս նաեւ նախաձեռնուեցան միջազգային համալսարաններու մէջ բարձրագոյն կրթութեան աստիճաններու համար կրթաթոշակներու նոր ներդրումներ:

Վեհափառին առաջնորդութեան ներքեւ, Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանը պետական հաւատարմագրում ձեռք բերաւ 2002-ին, լիակատար ճանաչում ստանալով իբրեւ բարձրագոյն կրթական հաստատութիւն 2005-ին, համապատասխանեցուելով եւրոպական բարձրագոյն կրթութեան չափանիշներուն 2007-ին։ 2016-ին, ճեմարանը ճանաչում ստացաւ որպէս յետ-համալսարանական եւ դոկտորական կրթութիւն իրականացնող աստուածաբանական կեդրոն։

Կրթութիւնը միշտ ալ առանցքային տեղ ունեցած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի Հայ Եկեղեցւոյ վերաբերեալ տեսլականին մէջ՝ սկսեալ Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանին համար պետական հաւատարմագրում ապահովելէն մինչեւ զայն լիարժէք եւ միջազգայնօրէն համապատասխանեցուած աստուածաբանական հաստատութեան մակարդակի բարձրացնելը։

Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը կը հանդիպի պատանիներու հետ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։

Սեւանի Վազգէնեան Դպրանոցը նմանապէս զօրացուցած է իր դիրքը՝ տրամադրելով բարձրագոյն մակարդակի դասընթացքներ եւ հասցնելով հոգեւորականներու եւ գիտնականներու նոր սերունդներ։ Նոր կրթական կեդրոններ, ինչպէս Թրփանճեան Աստուածաբանական Քոլէճը՝ Հառիճի վանքին մէջ, հիմնադրուած 2012-ին, եւ Գարեգին Ա. Հոգեւոր Կրթութեան Կեդրոնը, բացուած 2018-ին, դարձան կարեւոր կառոյցներ քահանայից վերապատրաստման եւ մտաւոր փոխանակումներու համար։ Բացի այդ, Վեհափառ Հայրապետը հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէր, որպէսզի ակադեմական կարողութիւն ունեցող երիտասարդ հոգեւորականները կարենային ուսանիլ բարձր հեղինակութիւն վայելող հաստատութիւններու մէջ, ինչպիսիք են Օքսֆորտի Համալսարանը, Հռոմի Գրիգորեան Պապական Համալսարանը կամ Լուվէնի Համալսարանը Պելճիքայի մէջ, ուր անոնք ոչ միայն որակեալ կրթութիւն կը ստանան, այլ նաեւ տարբեր մշակոյթներու հետ կը ծանօթանան։ Աշխարհիկ միջավայրերու մէջ տեղաւորումներով, անոնք աւելի լաւ կրնային տեսնել աշխարհը ժողովուրդի տեսանկիւնէն։ Աւելի քան 300 երիտասարդ հոգեւորականներ օգտուած են այս պատրաստութենէն: Ներկայիս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ ծառայող 54 եպիսկոպոսներէն 41-ը կրթուած եւ ձեռնադրուած են 1999 թուականէն ասդին։

Աշխոյժ գործունէութեամբ յատկանշուող «Շողակաթ» հեռուստաալիքին զուգահեռ, ներդրումներ կատարուած են Հայ Եկեղեցւոյ պատմական աղբիւրներու հրատարակութիւնները եւ թուային ծրագրերու մատչելիութիւնը ընդլայնելու համար։ Մայր Աթոռի Հրատարակչական Բաժանմունքը, որ մեկնարկած է 2006-ին, դարձած է օտար լեզուներէ թարգմանութիւններու եւ դասական հայերէնի, ինչպէս նաեւ եկեղեցագիտութեան, հայագիտութեան, մեկնաբանութիւններու, քրիստոնէական բարոյագիտութեան եւ ուսուցողական գրքոյկներու հրատարակման կարեւոր հաստատութիւն մը։ 2012-ին, առաջին անգամ ըլլալով, Մայր Աթոռը հրատարակեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան»-ի արդի հայերէն եւ դասական հայերէն հրատարակութիւնները։ Աւելի քան 30,000 օրինակ վերահրատարակուեցաւ եօթը տարուան ընթացքին։

Բանակի եւ Բանտերու Հոգեւոր Սպասարկութիւն

Ինչպէս ամրագրուած է 1995-ի Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ, Զինուած Ուժերու հոգեւոր ծառայութիւնը 1997-ին վստահուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ։ 1999-էն սկսեալ բազմաթիւ զօրամասերու գրադարանները հարստացան հոգեւոր գրականութեամբ, ներառեալ՝ Սուրբ Գիրքի օրինակները, «Էջմիածին» պարբերաթերթը, «Քրիստոնեայ Հայաստան» Մայր Աթոռի երկշաբաթեայ թերթը, ինչպէս նաեւ զանազան հոգեւոր գրքոյկներ եւ աղօթագիրքեր։ Զինուորական մատուռներու թիւը շարունակեց աճիլ, եւ հոգեւորականներու խումբ մը, որպէս գնդերէցներ, սկսան ծառայել Հայաստանի բանակին հոգեւոր ծառայութեան կառոյցներուն մէջ, ներառեալ՝ ամուսնացած եւ կուսակրօն քահանաներ եւ սարկաւագներ։ Հայաստանի ուղղիչ հիմնարկներու համար

Կաթողիկոսը հիմնեց Բանտերու Հոգեւոր Տեսչութիւնը։ Այսօր քրէակատարողական հիմնարկներու մէջ գտնուողները հայ հոգեւորականութեան կողմէ կանոնաւոր հոգեւոր սպասարկութիւն կը ստանան։

Մարդասիրական Աջակցութիւն

Մայր Աթոռի  «Հաւատքով Կառուցենք» նախաձեռնութեան միջոցով 2008-ին, աւելի քան 100 բնակարաններ կառուցուած են Հայաստանի կարիքաւոր ընտանիքներու համար, ներառեալ՝ պատերազմէ եւ բնական աղէտներէ տուժածները։ Մայր Աթոռը նաեւ աջակցած է անվճար բժշկական օգնութեան՝ Իզմիրլեան Բժշկական Կեդրոնին միջոցով, որ լիարժէք գործող հիւանդանոց մըն է, նաեւ օգնութիւն ցուցաբերած է վիրաւոր զինուորներուն եւ հոգեւորականներուն, ներառեալ՝ զգալի դրամական միջոցներ յատկացնելով արտերկիր ուղարկուածներուն, անոնց  տեղադրման համար։ Բանտարկեալներուն եւ անոնց ընտանիքներուն տրամադրուած են նաեւ հովուական եւ նիւթական օգնութիւն։

Վեհափառ Հայրը COVID-19 համավարակի ժամանակ, Իզմիրլեան Բժշկական Կեդրոն կ’այցելէ իր օրհնութիւնը տալու վիրաւոր զինուորներուն:

Նորին Սուրբ Օծութիւնը նաեւ գլխաւորեց կրթական հաստատութիւններու հիմնադրումը, ինչպէս՝ Էջմիածնի Էտուարտ Էօրնէքեան վարժարանը (2009) եւ Երեւանի Գէորգ Էմինի անուան աւագ դպրոցը (2014), որոնք երկուքն ալ կը խթանեն բարոյական եւ հոգեւոր արժէքներով ներծծուած ակադեմական գերազանցութիւնը։ Մայր Աթոռը նաեւ կը գործարկէ բազմաթիւ գիշերօթիկ դպրոցներ եւ պատանեկան տուներ (Հայորդեայց Տուներ) Աշտարակի, Կիւմրիի, Վանաձորի եւ Երեւանի մէջ, ուր աւելի քան 60,000 կարիքաւոր երեխաներ կրթութիւն եւ խնամք ստացած են։

2014-ին, Վեհափառ Տէրը հիմնեց Մայր Աթոռի Ընկերային Ծառայութիւններու Գրասենեակը, մեկնարկելով լայնածաւալ մարդասիրական ծրագիրներ, որոնք կ’աջակցին գաղթականներուն, տարեց սերունդին, տեղահանուած ընտանիքներուն, հաշմանդամութիւն ունեցող անձանց եւ կարիքաւոր երեխաներուն։

Վերջին տասնամեակը յատկանշուեցաւ յաջորդական եւ պատմական ճգնաժամերով, որոնք լուրջ մարտահրաւէր հանդիսացան Հայ Եկեղեցւոյ առաջնորդութեան՝ մարդասիրական օգնութեան գործին մէջ էական դեր ստանձնելու ուղղութեամբ։ Հայաստանի մէջ COVID-19 համավարակէն եւ 2020-ի Արցախեան Պատերազմէն ի վեր, Մայր Աթոռի Ընկերային Ծառայութիւններու Գրասենեակը զգալիօրէն աւելի մեծ թիւով նիւթական օգնութեան ծրագիրներ իրականացուց, քան իր սովորական դրամական օժանդակութեան ծրագիրները՝ խոցելի ընտանիքներուն եւ անհատներուն։

Համաշխարհային Հասանելիութիւն

Վեհափառ Հայրապետը շարունակեց եկեղեցւոյ միջոցով մշակութային դիւանագիտութիւն վարելու հարուստ աւանդութիւնը, զորս Հայ Առաքելական Եկեղեցիին յատուկ եղած է,  համաշխարհային պատմութեան մէջ Հայ ազգի եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վայելած եզակի դիրքին շնորհիւ։ Իր պաշտօնավարման կարճ տարիներուն ընթացքին, ան կազմակերպեց Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի աննախադէպ այցը անկախ Հայաստան 2001-ի Սեպտեմբեր 26-ին։ Էջմիածնի մէջ, Պապը մասնակցեցաւ Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութեան պետականօրէն ընդունման 1700-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն եւ Վեհափառ Տէրին հետ ստորագրեց համատեղ հռչակագիր մը՝ դատապարտելով 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը։ Վատիկանի հետ յարաբերութիւնները պիտի շարունակէին ծաղկիլ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ իմաստալից ներգրաւուածութեամբ, որ նոյնպէս այցելեց Սուրբ Էջմիածին, իսկ վերջերս՝ Լեւոն Դ. Պապին հետ, Հռոմի  մէջ։

Վեհափառ Տէրը Էջմիածնի մէջ ընդունած է աշխարհի առաջնորդները, հոգեւոր ղեկավարները եւ միջազգային ներկայացուցիչները։ Վերի նկարին մէջ՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Պապը (Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցի) Սեպտեմբեր 2001։ Վարի նկարին մէջ՝ Թէովդորոս Բ․ Պապը (Աղեքսանդրիոյ Ղպտի Եկեղեցի) Ապրիլ 2015։

Վեհափառ Տէրը աշխատած է կամուրջներ կառուցել քրիստոնէական դաւանանքներու եւ համաշխարհային հաւատքներու միջեւ։ Իր այցելութիւնները քոյր եկեղեցիներ, հանդիպումները միջազգային ղեկավարներու հետ եւ մասնակցութիւնը համաշխարհային ժողովներու, բարձրացուցած են Հայ Եկեղեցւոյ ձայնը համաշխարհային բեմերու վրայ։ 2013-ին ան ընտրուեցաւ համանախագահ Համաշխարհային Եկեղեցիներու Խորհուրդին, իսկ 2019-ին՝ Պատուոյ Նախագահ «Կրօնները Յանուն Խաղաղութեան» միջազգային կազմակերպութեան, որ կը ներկայացնէ աւելի քան 125 երկիրներ։ Բացի ատկէ, Վեհափառ Հայրապետը աշխատած է Վրաստանի, Միջին Արեւելքի, Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի կրօնական, մշակութային եւ կառավարական հաստատութիւններու պաշտօնատարներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ։

Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը անձամբ ճամբորդած է այն վայրերը, որոնք կը կապեն Հայ Եկեղեցւոյ անցեալը իր ներկայի առաքելութեան հետ եւ նոր յարաբերութիւններ կը կերտեն Մայր Աթոռին համար։ 2000 եւ 2005 թուականներուն ան այցելեց Սուրբ Երկիր եւ Երուսաղէմի սուրբ վայրերը։ Իր 2001-ի այցելութեամբ  Վրաստանի հայահոծ Ջաւախքի շրջանը, ան հանդիսացաւ աւելի քան մէկ դարու ընթացքին այդտեղ այցելող առաջին Հայ Կաթողիկոսը։ Այս մէկը կը ներկայացնէ վճռակամութիւն մը հասնելու ամէն հայ համայնքի, որքան ալ հեռու ըլլան անոնք։ Նոյն տարին, ան ճամբորդեց Տէր Զօր՝ պատուելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը։ 2007-ին ան այցելեց Սթամպուլ եւ հրապարակայնօրէն վերահաստատեց Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը լրագրողներուն առջեւ։

Վեհափառ Տէրը երիտասարդական ծրագիրներ ստեղծեց միացնելու համար հայ երիտասարդութիւնը ամբողջ աշխարհի տարածքին։ 2001-ին հիմնուեցաւ Հայ Երիտասարդներու Համաշխարհային Միութիւնը (ՀԵՀՄ), որպէսզի երիտասարդութիւնը ներգրաւուի եկեղեցական կեանքին եւ համայնքային ծառայութեան մէջ։ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ՝ Ամերիկաներէն, Ասիայէն, Եւրոպայէն մինչեւ Միջին Արեւելք եւ Ռուսաստան,  իր գործունէութեամբ, միութիւնը կը դրսեւորէ Գարեգին Բ-ի համաշխարհային պատկերացումը՝ հոգեւորապէս միացեալ հայ ժողովուրդի տեսլականով։ Վեհափառ Հօր համար  առաջնահերթութիւն եղած  է խրախուսել անկեղծ երկխօսութիւնը երիտասարդ մասնագէտներու եւ եկեղեցական ղեկավարներու հետ, համայնքային կարիքներու եւ նախապատւոութիւններու աւելի խոր ըմբռնման համար։

Վեհափառ Հայրապետին առաջնորդող փիլիսոփայութիւնը, աւելի քան երեք տասնամեակներու ընթացքին, ձեւաւորած է բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ, որոնք կը զօրացնեն կապը Եկեղեցւոյ, հայրենիքին եւ համաշխարհային Հայ Սփիւռքին միջեւ։ Այդ տեսլականով, Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը դառնայ ազգային կեանքի կորիզը, ոչ որպէս պատմական մասունք, այլ որպէս հաւատքի, կրթութեան եւ համայնքային  կեանքի գործօն ուժ։

Անգլերէն Բնագիրը հրատարակուած է AGBU Magazine-ի Դեկտեմբեր 2025-ի թիւին մէջ։

Արեւմտահայերէնի թարգմանեց՝ Սեւակ Յակոբեանը «ԶԱՐԹՕՆՔ» օրաթերթի գլխավոր խնբագիր։

ShareTweetShare
Նախորդ գրառումը

Իրանի զինված ուժերը բարձր մարտական ​​պատրաստության մեջ են․ Աբբաս Արաղչի

Հաջորդ գրառումը

Փաշինյանական խունտայի որդեգրած կապիտուլյացիոն ուղեգիծը երկիրը տանում է հակառակ ուղղությամբ. Արմեն Այվազյան

Համանման Հոդվածներ

ԿԱՐԵՎՈՐԸ

Հնգժամյա գործողություն. ի՞նչ է պատմել Գեներալ Քեյնը

03/01/2026
Միջազգային

Մադուրոն ուղևորվում է Նյու Յորք, իսկ Վաշինգտոնում կորոշեն, թե ով կկառավարի Վենեսուելան. Թրամփ

03/01/2026
Նորություններ

Վենեսուելայի նախագահ Մադուրոյի իշխանության տապալման մասին. Էդմոն Մարուկյան

03/01/2026
Միջազգային

ԵՄ-ն բազմիցս հայտարարել է, որ Մադուրոն զուրկ է լեգիտիմությունից և պաշտպանել է խաղաղ անցումը. Կայա Կալլաս

03/01/2026
Հաջորդ գրառումը

Փաշինյանական խունտայի որդեգրած կապիտուլյացիոն ուղեգիծը երկիրը տանում է հակառակ ուղղությամբ. Արմեն Այվազյան

logo-white1
“Վահան Թեքեյան” Սոցիալ-Մշակութային Հիմնադրամ
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են։ Կայքի նյութերը տարածելիս հղումը կայքին պարտադիր է։

©2025 «ԱԶԳ» վերլուծական

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In

Add New Playlist

Ոչինչ չի գտնվել
Տեսնել բոլոր արդյունքները
  • Նորություններ
    • Պաշտոնական
    • Տեղական
    • Միջազգային
    • Տնտեսական
    • Տարածաշրջանային
    • Սոցիալական
    • Մշակութային
    • Հոգևոր
    • Իրավունք
    • ՌԱԿ մամուլ
  • Վերլուծություն
    • Քաղաքականություն
    • Տնտեսական
    • Հրապարակախոսություն
  • Մշակույթ
    • Ազգային
    • Կերպարվեստ
    • ToTo
    • Երաժշտություն
      • Դասական
      • Պոպ
      • Ջազ
      • Ռոք
  • ՌԱԿ մամուլ
  • «ԱԶԳ» Շաբաթաթերթ
    • Հոդվածներ
    • «ԱԶԳ» շաբաթաթերթ, տպագիր
    • Տպագիր արխիվ 1991-2025
    • Արխիվ
  • Տեսադարան
  • Մամուլ
  • Մեր հեղինակները

© 2025 «ԱԶԳ» վերլուծական