Մինչ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին վարկն ու հեղինակութիւնը վերջին 4 տարիներուն ապրեցաւ վերիվայրումներ, զուգահեռաբար նուիրահաւաքի գումարներու չափն ալ նուազեցաւ:
Այս երեւոյթին վրայ այսօ՛ր եկաւ աւելնալու նոր նիւթ մը, որն է՝ վերջերս կազմակերպուած «համահայկական» նուիրահաւաքի համար նախատեսուած հեռուստամարաթոնի նախօրէին եւ անոր յաջորդող օրերուն քննարկման նիւթ դարձած՝ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսներուն այս առիթով անձնապէս չարտասանած ուղերձներուն պարագան:
Մինչեւ այն ատեն, որ վերոյիշեալ պարագային լոյսին տակ ըսի-ըսաւն ու բամբասանքը յառաջ կ՛երթային դեղին մամուլի, ինչպէս նաեւ ֆէյք (կեղծ) կամ իրական ֆէյսպուքահայ (նաեւ հայ ըլլալ կեղծող) օգտատէրերու մակարդակով, կարիքը չտեսանք անդրադառնալու այս մասին: Սակայն բանը հասաւ հոն, որ Հայ ազգային կուսակցութեան մը պաշտօնաթերթերէն մին՝ ԱՄՆ-ի մէջ լոյս տեսնող մեզի պաշտօնակից ՄԱՍԻՍ-ը իր 26 Նոյեմբեր 2022-ի թիւին մէջ առաջնորդող յօդուածի մակարդակով եւ մեր յարգելի գործընկեր Գ. Խոտանեանի ստորագրութեամբ գրութիւն մը հրապարակեց, վերնագրելով՝ «Չյայտարարուած պոյքոթ` «Հայաստան» Հիմնադրամին»:
Մեր գործընկերը իր գրութեան մէջ յականէ անուանէ կ՛ամբաստանէ զոյգ կաթողիկոսները, գրելով. «Վերջերս յայտնի դարձաւ, որ թելեթոնին առթիւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. մերժած է իր հայրական պատգամը յղել` Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինէն: Նոյնը ըրած է նաեւ Մեծն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Առաջինը: Երկու հայրապետներուն նմանատիպ այս պահուածքը պատահականութեան արդիւնք չի կրնար ըլլայ եւ ժողովուրդին մօտ կայ այն համոզմունքը, որ նման վերաբերմունքը համազօր է Հիմնադրամի հանգանակային արշաւը պոյքոթելուն` մեկնած քաղաքական նկատառումներէ»:
Ըստ մեզի, անտեղի ու անարադար այլ ամբաստանութիւններու շարքէ մը ետք ու Հայաստանի ներկայ իշխանութեան գովաբանութեան աւարտին, մեր գործընկերոջ գրութիւնը կ՛եզրափակուի հետեւեալ տողով. «Մեր խնդրանքը կը մնայ այն, որ երկու վեհափառները հեռու մնան քաղաքականութենէն` ձգելով որ, ժողովուրդը ինքը որոշէ թէ ո՞վ պէտք է դառնայ Հայաստանի վարչապետը»:
Այսօրուայ մեր սիւնակով պիտի ուզէի նախ ազնուօրէն մեր յարգելի գործընկերոջ յիշեցնել, թէ ճիշդ է, որ երկու վեհափառները յատկանշական երեւոյթով մը, անձնապէս չուղղեցին իրենց խօսքերը, սակայն փաստը այն է, որ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառը յարմար նկատած է յանձնարարել ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին, իր օրհնութիւնը փոխանցել հեռուստամարաթոնի մասնակիցներուն: Նմանապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ՝ Արամ Ա. Վեհափառը յանձնարարած է ԱՄՆ Հայոց Կիլիկիոյ Աթոռի թեմի առաջնորդին, իր հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցել նոյն առիթով: Այս մասին տեղեկացուեցանք՝ Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն՝ Տ. Եսայի քահանայ Արթենեանէն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան բաժնի պատասխանատու՝ Հայր Յովակիմ վրդ. Բանճարճեանէն:
Հետեւաբար, հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ եւ ըստ սահմանումին, պոյքոթ բառը՝ թէկուզ անուղղակի, կիրառելի չէ այստեղ: Կը մնայ սակայն այն ենթադրութիւնը, որ Վեհափառները արդարացիօրէն զգոյշ են նշեալ հիմնադրամի վերջին տարիներու գործունէութեան տնօրինումին ու թափանցիկութեան նկատմամբ, որուն մասին փաստացի կարգով մենք կրնանք օր մը երկար գրել…:
Պրն. Խոտանեան իր գրութեան մէջ, դարձեալ ըստ մեզի, անտեղի ու անարդար համեմատականով մը Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները կը գովերգէ հետեւեալ տողերով. «Բոլորիս ծանօթ է երկու վեհափառներուն կեցուածքը Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն նկատմամբ ու անոնք կը դասուին Վարչապետի հրաժարականը պահանջող փոքրամասնութիւն կազմողներու շարքին: Սակայն, իրենց նմանատիպ քայլով անոնք ոչ թէ կը հարուածեն գործող իշխանութիւններուն, այլ առաջին հերթին Արցախի ժողովուրդին, որուն ճակատագրով մտահոգուած կը ներկայանան ու ամէն օր կը քարոզեն սէր եւ միասնականութիւն: Այս ան պարագաներէն մէկն է, երբ խօսքն ու գործը չեն համընկնիր զիրար եւ այդ մասին առաջինը պէտք է իմանան վեհափառները իրենք: Միւս կողմէ, ի՞նչ կ’ընեն «Արցախը ծախած» իշխանութիւնները: Կառավարութիւնը (Հայաստանի Հանրապետութեան – Խմբ.) 2022 թուականին Արցախի Հանրապետութեան յատկացուց աւելի քան 300 միլիոն տոլար եւ նոյնքան նախատեսուած է 2023-ի պիւտճէով: Այս գումարներով է որ այսօր կանգուն կը մնան Արցախն ու Արցախահայութիւնը»:
Երկու վեհափառներուն վերապահելով իրենց հասցէին ուղղուած մեղադրական սանձարձակ ու անպատշաճ տողերուն պատասխանելը, մեզի կը մնայ դարձեալ յիշեցնել մեր գործընկերոջ, որ ինչ ալ ըլլայ գումարին չափը, ՀՀ կառավարութեան կողմէ Արցախին կամ արցախահայութեան համար ըրած յատկացումները շնորհ չեն, այլ՝ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ: Անկախ ամէն հանգամանքէ, արցախահայութեան մեծամասնութիւնը նաեւ ՀՀ քաղաքացի է եւ ունի իրաւունքներ: Եթէ մենք՝ սփիւռքահայերս ունինք ակնկալութիւններ ՀՀ պետութենէն մեր գոյատեւման համար՝ նիւթապէս նեցուկ կանգնելու հայկական համայնքներուն ու անոնց զանազան հաստատութիւններուն, նոյնը եւ աւելի իրաւունքը ունի արցախահայութիւնը: Պրն. Խոտիկեանին յուշենք, որ եթէ նոյնիսկ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնը այս պահուս իր ձեռքերը լուացած է Արցախէն, նոյնը չի կրնար ընել անոր ժողովուրդի պարագային: Թող ՀՀ կառավարութիւնը Արցախի հայութիւնն ալ իր տրամաբանութեամբ, Հայաստանէ դուրս ապրող հայկական համայնք մը կամ գաղութ մը սեպէ, եղբայր…:
Այս նիւթով, կը մնայ շեշտելով նշել հետեւեալը. Արցախի բնակչութեան սպառողական ապրանքներու ներածումները վերջին 30 տարիներուն բնականաբար կ՛իրականան Հայաստանի ճամբով, որոնց Հայաստան մուտքի մաքսը կը գանձէ Հայաստանը: Ահա այդ գումարէն է, որ մինչեւ օրս «միջպետական վարկի» ձեւաւորմամբ Հայաստանի կառավարութիւնները կը տրամադրէին Արցախի պետական պիւտճէին: Հետեւաբար այստեղ պարզ է, որ այդ գումարը, ո՛չ միայն Արցախին տրուած շնորհ կամ անոր հանդէպ սոսկ պարտականութիւն կատարել չէ, այլ՝ ՊԱՐՏՔ:
Անցնինք ու հասնինք եզրափակիչ տողերուն մէջ նշուած, դարձեալ ըստ մեզի, այս անգամ ալ ո՛չ առարկայական ու նաեւ Հայոց պատմութեան տրամաբանութեան հակասող միտք-խնդրանքին, որն է Պրն. Խոտանեանի խօսքով՝ «Վեհափառները հեռու մնան քաղաքականութիւնէ»: Կարդալով այս, մեր պարտքն է մեր գործընկերոջ ստիպուած յիշեցնել, որ Հայ ժողովուրդին ու անոր Հայրենիքին վերաբերող ոեւէ կեցուածք Հայաստանեայց Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցիին կամ անոր նուիրապետական աթոռներուն գահակալներուն կողմէ ոեւէ սկզբունքային կեցուածք կամ թէկուզ միջամտութիւն քաղաքական չէ՛, այլ ԱԶԳԱՅԻՆ: Այդպէս եղած է Հայոց պատմութեան ամբողջ ընթացքին եւ այդպէս է, որ պէտք է ըլլայ միշտ:
Աւարտին կը մնայ ցաւով մատնանշելով մեր յարգելի գործընկերոջ, որ տուեալ հիմնադրամին 2022-ի հեռուստամարաթոնը կրցած է գոյացնել, ընդամէնը 11 միլիոն ամ. տոլար ամբողջ Հայ ժողովուրդէն: Սոյն գումարին համեմատաբար ճղճիմ թիւը նոր անկում մըն է վերջին չորս տարիներուն հաշուարկով: Ահաւասիկ հիմնադրամին հանդէպ վստահութեան պակասի յստակ չափանիշ մը եւս: Այստեղ անշուշտ պէտք է խիստ քննադատել այն հայորդիները, որոնք հակառակ այն փաստին, որ նշեալ գումարը ամբողջութեամբ կամ աւելին կարողութիւնն ու տրամադրութիւնը ունին տրամադրելու, օրինակ իրենց զաւակներուն հարսանիքին կամ ծննդեան տարեդարձին, սակայն կը զլանան նոյնը ընել ազգօգուտ նպատակներու համար:
Յարգելով հանդերձ մարդ անհատի մը իրաւունքը՝ իր ունեցած գումարը իր ուզած ձեւով ծախսելու, սակայն ազգին հանդէպ ցուցաբերուած ահաւասիկ սոյն երեւոյթն է, որ պիտի ուզէի միասնաբար եւ գիտական հիմքերով ու ձեւաչափով հետազօտել մեր պաշտօնակից թերթին հետ գործակցաբար, հասկնալու մեր ժողովուրդին կարգ մը զաւակներուն այս զլացումին ու անփոյթ կեցուածքին պատճառ հանդիսացող իսկական պատճառները, հեռու զգացական պոռթկումներէ ու անհիմն մեկնաբանութիւններէ:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի
Գլխաւոր խմբագիր