Վերջերս բազմաթիւ ընթերցողներու կողմէ մեզի ուղղուած հարցումներուն ի պատասխան այսու կը տեղեկացնենք, թէ Պէյրութի մէջ վերջերս լոյս տեսած «Զարթօնք» անուամբ նոր շաբաթաթերթը, որ կը հրատարակուի Պարոյր Աղպաշեանի տնօրինութեամբ, մաս չի կազմեր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Համադրուած աշխարհասփիւռ մամուլին: Հետեւաբար ան որեւէ կապ չունի մեզի հետ:
Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ եւ որեւէ շփոթի առաջքը առնելու մտահոգութեամբ կը փափաքինք մեր ընթերցողներուն, ինչպէս նաեւ մեր թերթերու բոլոր գործակիցներուն եւ աշխատակիցներուն ուշադրութեան յանձնել այս պարագան:
ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլ
