Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ամերիկայի եւ Գանատայի Վարչութիւն
Յարգելի Վարչական Անդամներ,
Էտմոն Ազատեանի անակնկալ վախճանումը խոր ցաւ կը պատճառէ մեզի, որովհետեւ իր մեկնումով մեզմէ կը հեռանայ երկար տարիներու բարեկամ մը:
Էտմոն Ազատեան, կարկառուն դէմք մը հանդիսացաւ Սփիւռքի անցնող 60 տարիներուն:
Որպէս քաղաքական խորաթափանց վերլուծաբան, լրագրող եւ խմբագիր, ան իր իւրայատուկ տեսակէտները կ’արտայայտէր համարձակ եւ շեշտակի ոճով, որուն համար սիրուած եւ
յարգուած էր իր ժամանակակիցներէն: Լաւատեղեակ հայ եւ համաշխարհային քաղաքական զարգացումներուն, Էտմոն Ազատեան նաեւ հմուտ մասնագէտ էր հայոց պատմութեան եւ գրականութեան: Ջերմ պաշտպանն էր Հայաստանեայց Եկեղեցիին, յատկապէս Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին եւ խոր հաւատք կը տածէր հայ համայնքներուն նկատմամբ:
Շրջանաւարտ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան Վարժարանէն, Էտմոն Ազատեան երկարամեայ նուիրեալ անդամ էր Միութեան, տասնամեակներ շարունակ վարելով Հանգուցեալ Ցկեանս Նախագահ Ալեք Մանուկեանի անձնական քարտուղարի պաշտօնը: Իբր այդ, տարիներու ընթացքին ան մասնակից եղած է բազմաթիւ նախաձեռնութիւներու:
Որպէս նուիրեալ ազգային գործիչ, Էտմոն Ազատեան մեծ բաց մը կը ձգէ իր ետին, միաժամանակ, ան հայութեան ժառանգ կը ձգէ իր հարուստ վաստակը:
Մեր խորազգաց վշտակցութիւնը կը յայտնենք Էտմոնի հարազատներուն եւ այն կազմակերպութիւններուն, որոնց նուիրումով ծառայեց ան երկար տարիներ, իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան:
Հանգիստ իր ազգանուէր հոգիին
Պերճ Սեդրակեան Նախագահ