ՆԱԽԱԽՆԱՄԱԿԱՆ ՇՆՈՐՀՔԻ ՀԱՄԱԶՕՐ «ԱՐՏՕՆԵԱԼ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆ» ՈՐ ԿՐՆԱՅ ԵՐԿԱՐ ՉՏԵՒԵԼ
– Ի՞նչ Եղաւ
Դեկտեմբերի 8-ին սուրիական ընդդիմութեան ներկայացուցիչները յայտարարեցին, որ Սուրիան անցած է իրենց վերահսկողութեան տակ։ Նախկին վարչակարգի վարչապետ Մուհամմատ Ղազի ալ-Ժալալին իր կողմէն յայտնեց, որ մի քանի նախարարներու հետ կը մնայ Սուրիոյ մէջ եւ արդեն կապ հաստատած է զինուած ընդդիմութեան առաջնորդներուն հետ, իշխանութեան խաղաղ փոխանցման համար:
Այս ընթացքին, Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութենէն յայտարարեցին, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հակամարտութեան շարք մը մասնակիցներու հետ բանակցելէ ետք որոշում կայացուցած է հրաժարիլ իր պաշտօնէն եւ լքել երկիրը: Աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ Ասատը ընտանիքին հետ հասած է Մոսկուա, ուր ՌԴ-ն քաղաքական ապաստանեալի կարգավիճակ շնորհած է իրեն:
Դժուար է այսօր ճշգրիտ դատելը, թէ ի՞նչ եղաւ, սակայն կը հաւատամ, որ Ասատ իր վարչակարգի այս ձեւի տապալումեն կարող էր խուսափիլ եթէ ընկերատնտեսական եւ քաղաքական նուազագոյն բարեփոխումներ կատարէր, երբ սուրիական յեղափոխութիւնը տարիներ առաջ տակաւին սաղմային վիճակի մէջ էր, եւ օտար ուժեր «խաղահրապարակ» այս թափով չէին իջած: Աւելի ուշ ալ երբ ռուսական եւ իրանական, ընդ որում Հըզպալլայի ռազմական աջակցութեան շնորհիւ Ասատը մնաց իշխանութեան վրայ, կամաց-կամաց վերականգնելով իր դիրքը արաբական աշխարհին մէջ, վարչակարգը ժամանակ ունէր որոշ զիջումներու երթալու, որոշակի գոհացնելու համար իր դէմ մարտնչող կողմերը: Դժբախտաբար Պաշշար Ասատի իշխանութիւնը ոչ միայն չօգտուեցաւ իրեն ընձեռնուած բացառիկ առիթէն, այլ՝ աւելի եւս փորձեց ճնշել ընդդիմութիւնը առկայ մաղձը բազմապատկելով, որուն համար ալ ի վերջոյ իր անհեռատես ամբարտաւանութեան գինը վճարեց, վրայ տալով իր աւելի քան 50ամեայ իշխանութիւնը:
– Այսօրուայ Իրավիճակը
Ասատի վարչակարգի տապալումը այս պահուն տեղի ունեցաւ Հայաթ Թահրիր ալ-Շամ կոչուած ապստամբներու անսպասելի յառաջխաղացման արդիւնքով, սակայն հակառակ որ նշեալ խմբաւորումը իր կերպարափոխուած ղեկավարով հանդերձ (նախկին ծայրայեղական իսլամ) կը վերահսկէ Սուրիոյ հիմնական քաղաքները, ան չի կառավարեր ամբողջ երկիրը (տես քարտէսը):
Սուրիան տարիներէ ի վեր կը վերահսկուի ապստամբներու եւ ընդդիմադիրներու շարք մը խմբաւորումներու կողմէ (որոնք բոլորն ալ ինչ, որ չափով, վերջին տասնամեակին ընթացքին դեր ունեցան տկարացնելու Ասատի վարչակարգը) ներառեալ թրքական հովանաւորութիւնը վայելող Ազատ Սուրիայի բանակը, եւ երկրին հիւսիս-արեւելքի մէջ քիւրտերու գլխաւորած խմբաւորումները, որոնք իրենց կարգին նոյնպէս տարածքներ գրաւեցին վերջին օրերուն:
Ապստամբներու խումբերէն ոչ մէկն ալ այսօր անշուշտ «չի սգար» Ասատի վարչակարգին տապալումը, սակայն երկիրը ղեկավարելու վերաբերեալ ընդհանուր համաձայնութիւն գտնելը դեռ կրնայ շատ դժուար ըլլալ: Այս բանը աւելի կը շեշտուի, երբ նկատի ունենանք, որ երկրին հիւսիսը արդեն իսկ բախումներ տեղի ունեցած են վերջին օրերուն մրցակից խմբաւորումներու միջեւ:
– Սուրիահայ Համայնքը Հետ-Իշխանափոխութեան
Սուրիահայերու մօտ զգուշաւոր լաւատեսութիւն մը կը նշմարուի Սուրիոյ նոր իշխանութեան հետ յարաբերութիւններու առումով, սակայն կ՛ուզեմ հաւատալ, որ պէտք է ըլլայ խելամիտ ըմբռնում մը իրենց մօտ, թէ այսօրուայ տանելի իրավիճակը կրնայ ոեւէ վայրկեանին փոխուիլ դէպի վատը:
Սուրիոյ նոր առաջնորդները այժմ աշխոյժ կերպով կը փորձեն իրենց քաղաքական մակնիշը (branding) սարքել սիրուն շղարշով մը պատուած՝ երբեմնի արմատականներէն վերածուելով համեմատաբար «ազատական» իշխանութեան նաեւ որոշակի կառուցողական դիրքորոշումներ ցուցաբերելով ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն հետ իրենց յարաբերութեանց մէջ։ Նոր իշխանութիւններուն այս պահուածքին շարժառիթը պարզ եւ հասկանալի է. Անոնք կը ցանկան ճանաչում ունենալ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային խաղացողներու, որոնց շարքին Արեւմտեան երկիրներու կողմէ։
Թէ, որքան երկար կը շարունակուի Սուրիոյ ներկայի «ազատականացումը», դժուար է ըսել։ Սակայն ակնյայտ է, որ ներկայի «մեղրամիսը» չի կրնար երկար տեւել։
Համապատասխանաբար սուրիահայ համայնքը պէտք է առաւելագոյնս արդիւնաւէտ օգտագործէ այս բարենպաստ ժամանակահատուածը, ճիշդ որոշումներ կայացնելու համար։
– Հայաստանի Իշխանութիւններու Կողմէն Հայրենադարձութեան Ռազմավարութեան Բացակայութիւնը
Մինչ այս բոլորը կը կատարուին տարածաշրջանին մէջ, ՀՀ իշխանութիւնները ոչ միայն ոչ մէկ դրական քայլ չառին սուրիահայութեան տարհանման համար, այլեւ ընդհանուր առմամբ հայրենադրաձութեան ոչ մէկ ծրագիր իրականացուցին, նամանաւանդ ներկայ իշխանութեան օրերուն։ Նախորդ իշխանութիւնները ինչ–որ փորձեր ըրին սուրիահայոց խնդիրը կարգաւորելու համար, սակայն վերջին աւելի քան տասը տարիներուն ընթացքին պատահած սուրիահայերու զանգուածային ներհոսքին հանդէպ պատասխանատու կերպով չմօտենալը շատ բանի ցուցիչ եղաւ. Հայաստան ապասատանած սուրահայերու կարեւոր մէկ մասը լքելով Հայաստանը ուղղակի մեկնեցան այլ երկրներ, այլ մաս մըն ալ հաստատուելու համար ահագին դժուարութիւններու հանդիպելով նախընտրեցին վերադառնալ իրենց ծննդավայրը: Համեմատաբար շատ քիչերն են, որ մնացին համակերպուելով Հայրենիքի ոչ այնքան հիւրընկալ պայմաններուն:
Աւելի քան ցաւալի է, որ Հայաստանի այսօրուայ իշխանութիւնը, ընդհանրապէս հետաքրքրուած չի թուիր ըլլալ սփիւռքով, որուն վառ վկայությունը, իր կողմէն Սփիւռքի նախարարութեան լուծարումն էր իր իշխանութիւն գալուն առաջին իսկ օրերուն։
– Ի՞նչ Ընել
Մինչ, մինչեւ այս պահը Հայաստանի իշխանութիւնները հայրենադարձութիւն իրագործելու մէջ ձախողած են, այսօր գոնէ ժամանակն է լրջութեամբ մօտենալ հարցին քանի շատ աւելի ուշ չէ…:
Նման ռազմավարութիւն մշակելու համար գիւտարարութեան կարիքը չկայ: Ընդամէնը կարելի է օգտուիլ տարածաշրջանի մէջ այլ երկրի մը կազմակերպած հայրենադարձութեան մոտելէն: Կամ պարզապէս որդեգրել այն միջոցառումները, որ ներգաղթ կազմակերպող Արեւմտեան երկիրներ ի գործ կը դնեն քաջալերելու եկողները:
Սակայն փոխանակ լրջանալու, եկուր տես, որ Երեւանի Հրապարակի մեթրոյի գետնանցումին մէջ, Հայաստան ապաստանած սուրիահայերուն ստեղծած «Հալէպ» կոչուող շուկան քանդեցին առանց տարբերակ մը առաջարկելու կարելի եղածին չափ համակերպելով, հայրենիքի մէջ ապրիլ ու արարել փորձող հայորդիներուն…:
– Անկախ Ամէն Ինչէ
Սակայն անկախ պարզուած այս տխուր տեսարանէն այստեղ կը բարձրանայ գոյութենական այլ կարեւոր հարց մը. Մինչ Հայրենիքի սահմաններուն վրայ տեղի կ՛ունենան թշնամական զինավարժութիւններ ու տարածաշրջանին մէջ քաոս մըն է, որ կը տիրէ. հեծանիւ քշելով զբաղած ՀՀ իշխանութիւնները հասկցա՞ծ են, թէ մեր Հայրենիքը կը գտնուի նոյնինքն Մերձաւոր Արեւելքի, անմիջական հարեւանութեամբ, ուր կատարուածները, ինչպէս մօտակայ անցեալին, շուտով աւելի եւս մեծ արձագանգ պիտի ունենան Հայաստանի մէջ, այս անգամ գուցէ գերազանցելով Արցախի կորուստի ահաւորութիւնը: Խաղաղութիւն մուրացող մեր իշխանութիւնը, այս անգամ, ոչ թէ ստիպուած պիտի ըլլայ դիմակալելու սոսկ պատերազմ մը, այլ՝ սանձարձակ արշաւանք մը, թէ՛ աջէն, եւ ինչու չէ նաեւ ձախէն…:
Սևակ Հակոբյան
Լիբանանի «Զարթոնք» օրաթերթի գլխավոր խմբագիր