20 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1975 – 20 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2025
Հիմնադրութեան Յիսնամեակի Առիթով
ԱՄԲԻՈՆ
Յիսնամեակ մը առաջ, հայկական Սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ հասակ առած նոր սերունդը՝ հայրենի հողին վրայ չծնած, բայց այդ հողի կարօտով ներծծուած նորահաս զարմը, զէն ի ձեռին ըմբոստացաւ: Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած, անոր արհաւիրքը ցմրուր ճաշակած սերունդի մը մատղաշ յետնորդները՝ որոնք Արարատը իրենց սեփական աչքերով չտեսան, բայց անոր վեհութիւնը իրենց սիրտերուն մէջ ամբարեցին, հնչեցուցին Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայկական հողերու ազատագրութեան ի խնդիր ռազմի շեփորը:
Ու անոնք, Մայր Հայաստանի ձեռքերուն մէջ ի պահ դրուած սուրի հզօրութեամբ ջրդեղուած, համայն մարդկութեան ազդարարեցին, որ իրենք այլեւս չեն հանդուրժելու Հայ ժողովուրդին պարտադրուած՝ հայրենազրկումի, իրաւազրկումի եւ պատուազրկումի լուծը: Ազդարարումը այդ, գուպարի աւազանին մէջ մկրտուեցաւ ու անուանակոչուեցաւ՝ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ (ԱՍԱԼԱ): Առաջին իսկ զինեալ գործողութիւններով ի լուր աշխարհին ան ծանուցեց, որ ունի՝ ե՛ւ անուն ե՛ւ ինքնութիւն, ե՛ւ գաղափար ե՛ւ տեսլական, ե՛ւ ծրագիր ե՛ւ առաքելութիւն, ե՛ւ պայքարի կամք ե՛ւ յաղթական ոգի:
Մեր կազմակերպութիւնը՝ յիսնամեակ մը ամբողջ անցնելով հուրի ու սուրի ընդմէջէն, աննկուն պայքարի տարերքին արձանագրելով վերելքներ ու վայրէջքներ, յաղթանակներ եւ ընկրկումներ, յառաջխաղացումներ եւ տեղքայլեր, զոհաբերելով հոյլ մը անձնազոհ նահատակներ, անձնուէր վիրաւորներ եւ անվեհեր բանտարկեալներ, Հայոց պատմութեան մատեանին մէջ մեծատառով վերահաստատեց՝ իր ազգային եւ մարդկային անկորչելի եւ անօտարելի իրաւունքներուն համար պայքարող հայու անջնջելի ու անշիջելի գոյութիւնը: Համաշխարհային պատմութեան ընթացքը կը բնորոշուի պատմաքաղաքական շրջափուլերու յաջորդականութեամբ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը զանազանուի տուեալ ժամանակի եւ տարածութեան մէջ իր ուրոյն յատկանիշներով:
Յիրաւի, այլ էին աշխարհառազմավարական, ռազմաքաղաքական, աշխարհագրական, ժողովրդագրական, հասարակական եւ տնտեսական, մշակութային, կրթական, գիտական եւ բարոյահոգեբանական իրողութիւնները անցեալ դարու եօթանասունականներուն եւ ութսունականներուն, նոյնիսկ իննսունականներուն, եւ այլ են այսօր: Պէտք է փաստել, որ ներկայիս հիմնովին փոխուած են համաշխարհային եւ տարածաշրջանային իրողութիւնները, յառաջացած են ուժերու նոր յարաբերակցութիւններ եւ մեծապետական շահերու նոր դրսեւորումներ, բացայայտուած են նուաճողական ու ծաւալապաշտական սրուող անզուսպ ախորժակներ, որոնք պատմաքաղաքական ներկայ փուլին, ժամանակաւորապէս, իրենց անբարենպաստ ներգործումը կ’ունենան ազատագրական պայքարի ընթացքին, թափին ու ուժականութեան վրայ:
Վերոնշեալին զուգահեռ պէտք է արձանագրել նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ներկայիս գործող վարչախումբի կողմէ, հետեւողականօրէն ի գործ դրուող՝ ազգային իղձերու ու նպատակներու ժխտումը եւ ուրացումը, մեր ինքնութեան խաթարումը, կենսամտածողութեան եւ կենսակերպի աղաւաղումը ու խեղումը, եւ ազգային արժէքներու ոտնահարումը նպատակադրող նկրտումները, իսկ ի լրումն այս բոլորին՝ հայապատկան տարածքներու պաշտպանութիւնը ապահովելու իր պարտադիր պարտականութենէն ինքնայօժար հրաժարումը եւ յատկապէս Արցախի կորուստը, համահայկական իրականութեան մէջ ստեղծած են նահանջի եւ հիասթափութեան համընդհանուր տրամադրութիւններ, խորացուցած են ազգային հիմնախնդիրներու նկատմամբ անտարբերութեան մթնոլորտը՝ Հայաստանը ու Հայ ազգը կանգնեցնելով գոյաբանական խնդիրներու դէմ յանդիման:
Այս իրողութիւններն են, որ ազգային – ազատագրական պայքարի ռահվիրայ մեր կազմակերպութիւնը հարկադրած են, վերարժեւորելու տուեալ շրջափուլի իր մարտավարական խնդիրները եւ առաջնահերթութիւնները:
Ելլելով նախանշուած հանգամանքներէն, հարկ է ընդգծել, որ Հայկական բռնագրաւուած հողերու ազատագրութեան ռազմավարական գերնպատակին առընթեր, մարտավարական հրատապ եւ անմիջական խնդիրներու վրայ սեւերումը եւ անոնց դիմագրաւման ու յաղթահարման ուղղութեամբ առկայ ներուժի ու միջոցներու կեդրոնացումը, ընթացող ժամանակահատուածի համար մեր կազմակերպութեան օրակարգի անբաժան մասնիկը եւ առաջնահերթութիւնը կը հանդիսանայ, այն պարզորոշ հիմնաւորմամբ, որ առանց այդ խնդիրներու հայանպաստ լուծման, ռազմավարական գերնպատակի ուղղութեամբ յառաջխաղացումը չի կրնար ձեռք բերել անհրաժեշտ ու հարկաւոր՝ գաղափարական, քաղաքական, հասարակական եւ բարոյահոգեբանական խթաններ:
Առ այդ՝ Բոլորելով յիսնամեակը եւ կանգնելով յաջորդ տասնամեակներու շեմին, մեր կազմակերպութիւնը կ’երդուի անշեղ հայապատկան բոլոր հողերու ազատագրման ի խնդիր անխոնջ պայքարը՝ միշտ վառ եւ կենսունակ պահելով միացեալ եւ ամբողջական Հայաստանի կերտման իղձն ու տեսլականը: Ան կը վերահաստատէ իր անխախտ յանձնառութիւնը՝ միշտ եւ ամէնուր պաշտպանելու ազգային գերագոյն շահերը, մեր ինքնութիւնը, արժէքները, արժանապատւութիւնը եւ աւանդոյթները:
Ան կը վերանորոգէ իր համոզումը, որ Հայ ազգի գոյութեան, գոյատեւման եւ յաւիտենականութեան գլխաւոր առհաւատչեան, Հայրենիքի պաշտպանութեան, պահպանութեան եւ հզօրացման զուգահեռ, բռնագրաւուած հայապատկան հողերու ազատագրութեան համար պայքարի մշտական բոցավառումով կ’երաշխաւորուի միայն: Պայքարները, նամանաւանդ ազգային – ազատագրական պայքարները, ժամանակի եւ տարածութեան սահմանափակումներ չունին:
Անոնք ունին մէ՛կ առաքելութիւն եւ մէ՛կ խնդիր՝ յաղթանակով աւարտել նախաձեռնուած գործը: Այս հրամայականի գիտակցութեամբ գօտեպնդուած, մենք կը շարունակենք եւ պիտի՛ շարունակենք մեր երթը՝ յանուն Հայրենիքի եւ Հայ ազգի: Կը խոնարհինք ազգային – ազատագրական պայքարի նահատակներու յաւերժ յիշատակին:
Կը խոնարհինք Հայաստանի տարածքային պաշտպանութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան, հայութեան անվտանգութեան ապահովման եւ Արցախի հերոսամարտի նահատակներու անմեռ յիշատակին: Փառք ու պատիւ բոլոր ազատամարտիկներուն:
Պայքարը կը շարունակուի: Յաղթանակը մերն է:
20 Յունուար 2025
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ
Բովանդակ Հայաստանի Քաղաքական Ղեկավարութիւն