Ցեղասպանութիւն 100 +7

Ժումանա Հատտատ եւ Փոլա Եագուպեան Հայոց ցեղասպանութեան 107րդ ամեակը առիթով յատուկ արարողութեամբ նշեցին:
Շաբաթ 23 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան ժամը 5:30ին ՏԱՖԱ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած սոյն միջոցառման ընթացքին տեղի ունեցաւ յայտնի լրագրող՝ Ժումանա Հատտատին «Դերձակուհիին Աղջիկը» գիրքին շնորհանդէսը եւ նկարչական ցուցահանդէս նուիրուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Լիբանանի նահատակներուն:
Ոգեկոչման արարողութեան ներկայ եղան ՌԱԿի նախկին պետական երեսփոխան եւ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ ընկ. Յակոբ Գասարճեան իր տիկնոջ՝ Տիկին Անիին ընկերակցութեամբ: ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացուց վարչութեան փոխ-ատենապետ՝ ընկ. Տոքթ. Յակոբ Փափազեան:
Խօսք առաւ Լիբանանի յառաջիկայ Երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածու՝ Փոլա Եագուպեան, որ ի միջի այլոց ուրախութեամբ նշեց իր կազմակերպած ձեռնարկի մը Հայ քաղաքական աւանդական կուսակցութեան գործիչի մը եզակի ներկայութիւնը, յանձին ընկ. Յակոբ Գասարճեանին:
