«ՃԱՆԱՉԵԼ ԶԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԶԽՐԱՏ, ԻՄԱՆԱԼ ԶԲԱՆՍ ՀԱՆՃԱՐՈՅ»
Հասկնալով հանդերձ, որ մեր ազգին ու Հայրենիքին դիմագրաւած այս թշուառ օրերուն, մահ ու կենաց խնդրի մը մասին, չէ, որ պիտի գրեմ այստեղ, մինչ մենք ազգովին ունինք շատ լուրջ մարտահրաւէրներ ու առաջնահերթութիւններ:
Սակայն ապրելով ու գիտակցելով այն դառն իրավիճակը ուր Հայերէն լեզուն նոյնիսկ Հայաստանի մէջ այսօր վտանգուած է, չկրցայ հետեւեալը գրելու փորձութիւնը շրջանցել:
Աշխարհի վրայ աւելի քան հարիւր լեզուներ կան, որոնք կ՛օգտագործեն լատինական տառերը, մինչ մենք բախտաւոր ենք ունենալու մեր ուրոյնը, որ միայն մենք կ՛օգտագործենք:
Աւելի քան 1600 տարիներ առաջ Հայ ժողովուրդի պետութեան, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին եւ այդ օրերու գիտութեան մարդուն (Վռամշապուհ թագաւոր, Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոս եւ Մեսրոպ Մաշտոց) անզուգական երրորդութեան համատեղ ջանքերով, վերջինս ստեղծեց եւ շրջանառութեան մէջ դրաւ Հայոց Այբուբենը, մեր լեզուն ու ժողովուրդը ազատագրելու համար այդ օրերուն ուժեղ մշակոյթ հանդիսացող բիւզանդական ազդեցութենէն, որպէսզի Հայ ժողովուրդը, իբրեւ ինքնուրոյն մշակոյթի տէր ազգ շարունակէ իր երթը պատմութեան ընթացքին:
Պատմական այս յուշին ֆոնին, եւ մինչ ամէն օր կը վկայեմ մեր լեզուին ահաւոր անկումը Հայրենիքին մէջ, վերջերս նկարին մէջի երեւոյթին ալ հանդիպեցայ, որ ընդվզեցուցիչ է:
Ես չեմ գիտեր ինչը կ՛արգիլէր մերօրեայ Հայ երիտասարդին, իր սէրը հայատառ յայտնել իր սիրած աղջկան, սակայն փաստը այն է, որ ահաւասիկ ինք նախընտրած է լատինատառ գրել հայերէն ամենապարզ նախադասութիւնն անգամ:
Իմ կողմէ քիչ մը թիթիզութիւն կրնայ ըլլալ կամ ճոխութիւն համարուիլ, այստեղ հարցը քննարկել նաեւ ընկերա-հոգեբանական, բարոյագիտական կամ փիլիսոփայական տեսանկիւնէ, որ ինչո՞ւ համար պէտք է իւրացնել կամ սեփականացնել մեր սիրած անձը (Դուն իմս ես), բացի եթէ անոր մենք մեր կօշիկը կամ ինչ որ առարկան կը նկատենք եւ ըստ այնմ ալ գուցէ կը վարուինք, սկզբունքով մեր լաւագոյն ու հաւասար կէսը համարուելիք էակին հետ:
Ե՞րբ վերջապէս պիտի սկսինք «ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»:
Սևակ Հակոբյան, Լիբանանի «Զարոնք» թերթի գլխավոր խնբագիր





