Ուրբաթ, Փետրվարի 27, 2026
Ազգ
Wildberries
Wildberries-ը նվազեցնում է միջնորդավճարը այն վաճառողների համար, ովքեր ապահովում են արագ առաքում մինչև գնորդ
  • Նորություններ
    • Պաշտոնական
    • Տեղական
    • Միջազգային
    • Տնտեսական
    • Տարածաշրջանային
    • Սոցիալական
    • Մշակութային
    • Հոգևոր
    • Իրավունք
    • ՌԱԿ մամուլ
  • Վերլուծություն
    • Քաղաքականություն
    • Տնտեսական
    • Հրապարակախոսություն
  • Մշակույթ
    • Ազգային
    • Կերպարվեստ
    • ToTo
    • Երաժշտություն
      • Դասական
      • Պոպ
      • Ջազ
      • Ռոք
  • ՌԱԿ մամուլ
  • «ԱԶԳ» Շաբաթաթերթ
    • Հոդվածներ
    • Ազգ շաբաթաթերթ տպագիր
    • Տպագիր արխիվ 1991-2026
    • Արխիվ
  • Տեսադարան
  • Մամուլ
  • Մեր հեղինակները
Ոչինչ չի գտնվել
Տեսնել բոլոր արդյունքները
Ազգ
Ոչինչ չի գտնվել
Տեսնել բոլոր արդյունքները

Արդեօք Վարչապետ Փաշինեանը Սկսած Է Զառանցե՞լ… Անկեղծօրէն՝ Ժամանակն Է Բանալու Փակագիծերը

21/02/2026
- ԿԱՐԵՎՈՐԸ, Նորություններ, ՌԱԿ մամուլ
Կիսվել ՖեյսբուքումԿիսվել ԹվիթերումՈւղարկել Տելեգրամով

Կատարուածը այլևս շատ վտանգաւոր է: Արդեօ՞ք Վարչապետ Փաշինեանը սկսած է զառանցել… ուշադրութեամբ դիտենք երբ ան անհաւատալիօրէն պաշտօնապէս կը յայտարարէ թէ Ս. Էջմիածնայ՝ փաստօրէն ամենահաւատարիմ պաշտպան բարերարները Մայր Աթոռը իր գանձերով մէկտեղ կ՛ուզեն Հայաստանէն դուրս բերել…:Միւս կողմէ, ինքզինք աջ ու ձախ կանոններու և կանոնաւորութեան հերոս ու պաշտպան ներկայացնողը, հակառակ Եկեղեցւոյ կանոններուն, աւելի քան քառորդ դար, իր կենակիցին հետ հանգիստ սրտով ապրելէ եւ իբրեւ արդիւնք՝ չորս զաւակներու ալ հայր դառնալէ ետք՝ յանկարծ այսօր կ՛որոշէ իր կենակցութիւնը վերջապէս «օրինակացնել» և գոնէ ըստ պետական օրինի՝ «զագս-ով», (civil) պսակադրութիւն կնքել: Ակնյայտօրէն այս բոլորը որպէսզի նուազեցնէ իր եւ իր կենակիցին հասցէագրուող տեղին, սակայն արդէն անյարմար խօսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ արդարացնէ եկեղեցւոյ մէջ իբրեւ թէ «Բարեկարգչական» իր այլապէս ալ անօրինական և անհեթեթ յաւակնութիւնը…:

Այս պահուն վստահաբար սոյն տողերը ընթերցողը, տեղեակ է, թէ քանի մը օր առաջ վարչապետ Փաշինեանը աւելի քան քսանհինգ տարիներ, հակառակ իր «բարեկարգելու» ձգտած Եկեղեցւոյ կանոններուն, և նոյնպէս ալ երկրին կանոններուն, իր կենակիցին հետ չորս զաւակներու հայր դառնալէ ետք՝ «քիչ մը ուշ», յանկարծ որոշեց, գոնէ ըստ պետական կանոնի՝ civil ամուսնանալ:

Նոյնպէս, ընթերցողը հաւանաբար  ականատես  է, վերջերս խումբ մը թղթակիցներու տուած իր հարցազրոյցին, ուր՝ ըստ երեւոյթին, նորանոր զրպարտութիւններ չգտնելու փաստով ճարահատ, այս անգամ,  իբրեւ թէ հարց-պատասխաններու երկար շարքով մը, առանց վարանելու, իր այսպէս կոչուած «Վարչապետի հանգամանքով», ուզեց պաշտօնապէս թղթակիցները համոզել թէ այն հանրածանօթ սփիւռքահայ մեծանուն անձնաւորութիւնները, որոնք այս օրերուն կոչերով հանդէս կու գան ի պաշտպանութիւն մեր երկհազարամեայ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյն, Մայր Աթոռին եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետին, ինք իբր լաւ տեղեկացուած է,  թէ անոնց բուն նպատակը եւ ստոր ծրագիրը, «Ս. Էջմիածինը իր գանձերով հանդերձ, դուրս բերել է Հայաստանէն եւ տանիլ անորոշ օտար քաղաք մը՝ Վիեննա, Մոսկուա, եւ ով գիտէ տակաւին ուր»…:

Բնականաբար, երբ վարչապետ Փաշինեան, ըստ երեւոյթին ուրիշ ելք չունենալով, ստիպուի այս մակարդակի իջնել եւ այսքան բացայայտ սուտ մը, հրապարակաւ արտասանել, զայն ծածկել փորձելով դէմքին վրայ դրած կեղծ ժպիտով ու քմծիծաղով, ողջմիտ ու տրամաբանող հայորդիներուն համար այլ բացատրութիւն չի մնար, բացի եզրակացնելէ, թէ կամ այն է, որ տուեալ մարդը մտահոգիչ հոգեկան անհաւասարակշիռ վիճակի մը մէջ կը գտնուի (նկատի ունենալով նաեւ աւելի քան 25 տարիներ ետք յանկարծ առնուած՝ գոնէ պետականօրէն օրինապէս ամուսնանալու իր խիստ «յապաղած» որոշումը) եւ կամ ալ ան այնքան ծանր ճնշումներու տակ կը գտնուի իր Թուրք եւ Ազերի հովանաւորներուն կողմէ, որ չի վարանիր նոյնիսկ այսքան բացայայտօրէն ծիծաղելի սուտ մը յօրինել:

Իր այս սուտով, ան չի վարանիր նաեւ, նոյնիսկ յանձն առնելու այն փոքր թիւով հայերու կողմէ իր նկատմամբ որպէս վարչապետ ունեցած՝ քաղաքավար յարգանքը կորսնցնելու վտանգը:

Ցաւալին սակայն այն է, որ քիչ մը ամէն տեղ կ՛ապրինք ապատեղեկատուական  այնպիսի ահաւոր մթնոլորտի մէջ, ուր բացառուած չէ, թէ տակաւին կը գտնուին հաւատացողներ նոյնիսկ երբ Փաշինեան ըսէ, թէ «յայտնուած է չորքոտանի աւանակ մը որ երկու թեւերով կը թռչի…»:     

Իսկապէս ալ կրկնակի ցաւալի երեւոյթը այն է, որ արդէն իսկ առանց ուշանալու, սկսած են յայտնուիլ,  «դաւադրութեան տեսութեան» ռահվիրաներ, որոնք չեն բացառեր այն վարկածը, թէ. «Փաշինեան հաւանաբար ունի ԱԱԾ-ի գաղտնի արձանագրութիւնները որոնք կը փաստեն Ս. Էջմիածինը «փախցնելու» այս մտադրութիւնները»:

Ափսոս որ սակայն այս կատարուածը պարզապէս «զուարճալի» փոքր պատահար մը չէ երբեք:            Շատ մեծ ցաւ է գիտակից որեւէ հայու մը համար, այսպիսի գերտագնապային օրերուն, տեսնել  Հայաստանի Վարչապետի հանգամանքը ունեցող անձ մը, որ պատրաստ է հրապարակաւ այս աստիճանի խոշոր ցնդաբանութիւն եւ ստախօսութիւն մը կատարելով այսքան նուաստանալ:

Արդարեւ պէտք է ենթադրել, թէ Փաշինեան չ’անդրադառնար, որ այսքան խղճալիօրէն ծիծաղելի սուտ մը պաշտօնապէս կատարող վարչապետի մը ուրիշ ոչ մէկ յայտարարութիւնը կամ «հաւաստիացումը» այլեւս որեւէ իմաստ կամ արժէք կրնայ ներկայացնել, բանիմաց որեւէ հայու մը մօտ:         

Ինչ կը վերաբերի օտարներուն, այն ինչ որ մեզի՝ հայերուս ծիծաղելի և կամ խորքին մէջ՝ մահացու մեղք կը նկատուի, անոնց բոլորովին անտարբեր կը թողու, այնքան ժամանակ որ Փաշինեան իրենց ձեռքին մէջ կամակատար խամաճիկ մըն է, որ հաւատարմութեամբ կը կատարէ իրենց պատուէրները:

Թուրքը եւ Ազերին արդէն յաջողեցան, մեր սուրբ Արարատը եւ մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու արդար դատը՝ Ցեղասպանութիւնը, այնքան հեշտութեամբ սրփել տալ Հայաստանի պաշտօնական արձանագրութիւններէն, խօսոյթէն եւ օրակարգէն, հիմա ալ ոգի ի բռին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դարաւոր կառոյցը խեղճացնելու ճամբուն վրայ են, շնորհիւ նոյն Փաշինեանին: Իր հերթին, Ամերիկան, գրեթէ յաջողցուցած է որպէս գերտէրութիւն՝ նոր եւ խոր ճեղք մը ստեղծել իր մրցակից Ռուսաստանի հարաւ-արեւմտեան սահմաններուն վրայ:

Եթէ այսպիսի մեծ «իրագործումներ» այսքան դիւրութեամբ ուրիշ որեւէ արարած մըն ալ  «նուիրէ» այդ երկիրներուն, անշուշտ թէ անոնք «խաղաղութիւն» կը խոստանան այդ շրջանին մէջ, որպէսզի չխանգարուի իրենց համար այսքան նպաստաւոր սպասարկուի մը աշխատանքը…:

Մեծ խաղացողներէն, ի վերջոյ որո՞ւն կը հետաքրքրէ  Արարատը, Ցեղասպանութիւնը, կամ Հայաստանեայց Եկեղեցիին կառոյցը և այսպէս կոչուած բարեկարգութիւնը: Օտարին համար մենք՝  հայ կոչեցեալ խեղճերս, քիչ մը ժամանակ կը պոռչտանք:  Հայաստանի մէջ, որ այս ընթացքով շուտով  կրնայ վերածուիլ՝  Արեւմտեան Ատրպէյճանի, հայրենաբնակ հայերու կարեւոր թիւով մէկ խաւը, զբաղած է ուտելով, եւ Հայրենիքին կենացը՝ ամպագոռգոռ բաժակաճառեր արտասանելով: Միւս կողմէ, ինչ կը վերաբերի Սփիւռք կոչուածին,  երբ Ցեղասպանութեան յաջորդող երրորդ սերունդն ալ հեռանայ երկրային իր կեանքէն, և երթայ դէպի յաւերժութիւն, հոն ալ այլևս բացարձակ լռութիւն եւ հանդարտութիւն պիտի տիրէ:

Կարճ խօսքով, ահաւասիկ, թէ ի՞նչ կ՛արժէ ամէն գնով խաղաղութիւնը…, այո՛ խաղաղութիւն եւ մահացու լռութիւն՝ Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, շնորհիւ Նիկոլ Փաշինեանին եւ իր գործակիցներուն..:

Ամօթ՝ հազար ամօթ բոլորիս եթէ թողունք որ մեր վերջը այս ըլլայ:

Խմբագրական «Պայքար» շաբաթաթերթ

ShareTweetShare
Նախորդ գրառումը

Տեսանյութ. Դատավորը ներխուժել է կրոնական տարածք և ինքն է օժտել աշխարհիկ անձին հոգևոր իշխանությամբ

Հաջորդ գրառումը

Գյուղերը դատարկելու «բարեփոխիչ» ծրագիր. հիմա էլ դպրոցներ են փակում

Համանման Հոդվածներ

Միջազգային

Աֆղանստանը պատերազմ է սկսել Պակիստանի դեմ

27/02/2026
ԿԱՐԵՎՈՐԸ

Զրույց հայելու հետ. ինչում էին մեղադրում «նախկիններին» և ինչպիսին դարձան «ներկաները». Արթուր Խաչիկյան

27/02/2026
ԿԱՐԵՎՈՐԸ

Հայտնաբերվել է զինծառայող Նարեկ Համլետի Հակոբյանի դին. ՊՆ

27/02/2026
ԿԱՐԵՎՈՐԸ

Պոլսոյ Մաշալեան պատրիարքի Synodal անուրջները. Աղեքսանդր Քանանեան

26/02/2026
Հաջորդ գրառումը

Գյուղերը դատարկելու «բարեփոխիչ» ծրագիր. հիմա էլ դպրոցներ են փակում

logo-white1
“Վահան Թեքեյան” Սոցիալ-Մշակութային Հիմնադրամ
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են։ Կայքի նյութերը տարածելիս հղումը կայքին պարտադիր է։

©2026 «ԱԶԳ» վերլուծական

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In

Add New Playlist

Ոչինչ չի գտնվել
Տեսնել բոլոր արդյունքները
  • Նորություններ
    • Պաշտոնական
    • Տեղական
    • Միջազգային
    • Տնտեսական
    • Տարածաշրջանային
    • Սոցիալական
    • Մշակութային
    • Հոգևոր
    • Իրավունք
    • ՌԱԿ մամուլ
  • Վերլուծություն
    • Քաղաքականություն
    • Տնտեսական
    • Հրապարակախոսություն
  • Մշակույթ
    • Ազգային
    • Կերպարվեստ
    • ToTo
    • Երաժշտություն
      • Դասական
      • Պոպ
      • Ջազ
      • Ռոք
  • ՌԱԿ մամուլ
  • «ԱԶԳ» Շաբաթաթերթ
    • Հոդվածներ
    • Ազգ շաբաթաթերթ տպագիր
    • Տպագիր արխիվ 1991-2026
    • Արխիվ
  • Տեսադարան
  • Մամուլ
  • Մեր հեղինակները

© 2025 «ԱԶԳ» վերլուծական