Անտառային հրդեհները, որոնք աւերեցին ԱՄՆ Լոս Անճելըսի ամենագեղատեսիլ թաղամասերը, շարունակուեցան տարածուիլ, շաբթուայ բոլոր օրերուն ընթացքին:
Լոս Անճելըսի Ալթատինա քաղաքին մէջ կանգնած Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնը, որ կը գտնուի հրդեհներու կիզակէտէն ընդամէնը քանի մը հարիւր մեթր անդին, Աստուծոյ նախախնամութեան անվնաս մնաց:
Այս պահուն, Լոս Անճելըս գաւառի Շերիֆին հրահանգով ԹՄՄ կեդրոնը (ինչպէս կ՛երեւի նկարին մէջ), շրջափակուած է յատուկ ժապաւէններով, զորս շրջանցելը արգիլուած է առկայ վտանգներու պատճառով, որոնց թատերաբեմն է Ալթատինայի հիմնայատակ աւերուած հիւսիսային հատուածը:
Ալթատինա քաղաքին մէջ ելեկտրականութիւնը անջատուած է, ընդ որում նաեւ «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնինը:
Նկարները, ԶԱՐԹՕՆՔ-ին տրամադրեց ԹՄՄ Մեծագոյն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի ժրաջան ատենապետ՝ Գարլ Պարտաքեանը, որուն տունն ալ իր հերթին հրաշքով փրկուած է: Նկարներէն գիշերայինը առնուած է 9 Յունուարին, Լոս Անճելըսի ժամով երեկոյեան 9:00-ին, իսկ ցերեկայինը՝ յաջորդ օրը, 10 Յունուարին, Լոս Անճելըսի ժամով յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին:
Լոս Անճելըսի տարածքին մէջ ծագած հինգ անտառային հրդեհները պատճառ հանդիսացած են հազարաւոր շինութիւններու ամբողջական կամ մասնակի հրկիզման եւ հարիւր հազարաւոր բնակիչներու տարհանումին:
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցիի ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդարանի դիւանէն կ՛իմանանք, որ թեմի քահանայ հայրերը գոհունակութեամբ յայտնած են, որ առայսօր մարդկային վնասներ չկան, սակայն, ցաւօք բացայայտած են, թէ՝ համայնքի զաւակներէն շատեր իրենց բնակարանները կորսնցուցած են եւ այժմ իջեւանած հիւրանոցներու մէջ կամ հարազատներու մօտ:
Ըստ ոչ-պաշտօնական տեղեկութիւններու, Փասատինայի եւ Ալթատինայի մէջ շուրջ 40 հայ ընտանիքներ կորսնցուցած են իրենց բնակարանները, որոնց շարքին ԶԱՐԹՕՆՔ-ի ազնիւ բարեկամներ: Կը հաղորդուի, որ Լոս Անճելըսի արեւմտեան կողմը գտնուող Pacific Palisades բնակավայրին մէջ ալ շատ մը հայորդիներ իրենց տուները կորսնցուցած են:
Հայաշատ Փասատենայի մէջ ափսոս, որ ամբողջութեամբ այրած է Հայ Աւետարանական «Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ» ամէնօրեայ վարժարանը, որ համայնքին ջանքերով հիմնուած էր 1980-ին:
Վարժարանի հրկիզման ցաւալի լուրը տեսերիզով մէկտեղ տուած է ամերիկահայ հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս Հալաճեանը։
Հակառակ արհաւիրքին, ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը յայտնենք, որ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը հաւատարիմ իր առաքելութեան, «Սահակ-Մեսրոպ» վարժարանի խնամակալութեան տրամադրած է Փասատինայի իր նախկին դպրոցին շէնքը, ուր այժմ անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին դիմաւորելու համար հրկիզուած վարժարանի սիրեցեալ աշակերտները: Իր հերթին ԹՄՄ Ամերիկայի եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւնը հրապարակային յայտարարութեամբ մը, իր ցաւակցութիւնները յայտնած է հրդեհներուն հետեւանքով աւերուած Ալթատինայի Սահակ-Մեսրոպ հայկական քրիստոնէական վարժարանին անձնակազմին, աշակերտներուն եւ ընտանիքներուն: ԹՄՄ դարձեալ միշտ հաւատարիմ իր մշակութային առաքելութեան, Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի պատասխանատուներուն առաջարկած է ի պահանջեալ հարկին օգտուիլ «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնին տարածքէն հնարաւորինս շուտ վերսկսելու համար իր ազգօգուտ աշխատանքները:
Լոս Անճելըսի մէջ կլիմայական անբարենպաստ պայմաններով յառաջացած, բնութեան այս ահաւոր աղէտին տխուր առիթով, ԶԱՐԹՕՆՔ կը ցաւակցի տուժած մարդկանց, ի մասնաւորի հայորդիներուն, այն գիտակցութեամբ, որ տուն մը մարդուս ինքնութեան հետ անմիջապէս կապակցուած կառոյց է, որ դժուար է հատուցել սոսկ նիւթական միջոցներով:
Մենք վստահ ենք սակայն, որ մեր ժողովուրդի զաւակները այս աղէտն ալ պիտի շրջանցեն, դարձեալ ոտքի կանգնելով աւելի ամուր քան երբեք: Մինչ այդ, համբերութիւն եւ տոկունութիւն կը մաղթենք բոլորին:
«Զ.»
Հետևեք մեզ նաև Տելեգրամում։