Հետեւեալ գրութիւնը հատուած մըն է Պէյրութի մէջ ատենին հրատարակուած՝ «Երիտասարդ հայ», գրական, հասարակական պատկերազարդ երկշաբաթաթերթի 1972-ին լոյս տեսած 51րդ թիւի խմբագրականէն։ «Երիտասարդ Հայը», որ իր ժամանակին կարեւոր հետք ձգած է օրուայ Հայ երիտասարդութեան մտածողութեան մէջ: Երկշաբաթաթերթը, լոյս տեսած է 1969-1975 թուականներուն: Անոր նշանաւոր խմբագիրներէն եղած է իր տեսակին մէջ իւրայատուկ, յառաջադէմ եւ յեղափոխական նկարագրի տէր՝ Հայր Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանը: Սոյն խմբագրականին նիւթին այժմէականութեան պատճառով կ՛արտատպենք զայն յառաջիկայ Մայիսին 15-ին նախատեսուած, Լիբանանի Երեսփոխանական ընտրութիւններու վաղորդայնին: Խմբ.
Ընտրութիւնները պատրաստելու եւ վարելու ձեւին մէջ նոյն գործելակերպն է որ նկատելի է Լիբանանեան բոլոր հատուածներուն մօտ:
Գործածուած ու գործածուելիք միջոցները կը մնան էապէս հակաժողովրդական, բնոյթով ու ձեւով ( կաշառք, բռնութիւն եւլն.):
Քաղաքական-գաղափարական գետնի վրայ եւս կացութիւնը կը մնայ ծիծաղելիօրէն անհեթեթ ու ցաւալիօրէն յարանուանական։ Ոչ մէկ կազմակերպութիւն կը ներկայանայ իր ընտրողներուն՝ ԻՍԿԱՊԷՍ գաղափարական հիմերու վրայ։ Մատի վրայ համրուող կազմակերպութիւններու կողմէ իբրեւ յեղաշրջող նորութիւն ներկայացուած ընտրական ծրագիրները կամ յայտարարութիւնները պարզ ձեւակերպումի մը սահմաններն իսկ չեն անցնիր։
Հայկական գետնի վրայ, եւս կացութիւնը նոյնն է, մէկ տարբերութեամբ. յարանուանականութիւնը կը թուի աւելի ամրացած ըլլալ քան երբեք «մեր» ղեկավարներուն մտքերում մէջ։ Անհաւատալի կարճատեսութեամբ, հայկական կազմակերպութիւնները ամբողջ թափով կը հենին համայնքային կառոյցին վրայ իրենց ընտրական խաղը վարելու համար։
Բոլորն ալ պատրաստ են, աթոռները բաշխումի շուրջ համաձայնութեան պարագային, դաշնակցելու լիբանանեան ծայրայեղ աջը ներկայացնող կազմակերպութիւններու հետ` «անշուշտ առանց շեղելու իրենց ուղիէն»։
Ցաւով կ`անդրադառնանք, որ օր ըստ օրէ աճող թիւը բողոքող երիտասարդներուն ոչինչ կրցած է փոխել պատեհապաշտ բարքերէն:
Ցաւով կը նշմարենք նաեւ, որ երիտասարդական հսկայ զանգուածներու մօտ ամենայն հարազատութեամբ տեղափոխուած ու արմատացած են հին մտայնութեան յատկանիշները։
Չենք ապաստանիր սակայն պարտուողական դիրքերու վրայ, համոզուած ըլլալով որ լիբանանեան ներքին ուժականութեան հանդիսացող յեղաշրջող զարգացում մը անհնարին չէ։ Ընդհակառակը: