Բաց Նամակ «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ը Հովանաւորող Կողմին և Անդամներուն
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ
Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Յարգելի Անդամներ
Վեհափառ Տէր,
Յարգելի Գործընկերներ,
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալին հովանաւորութեամբ՝ 2024 թուականի Յունուարին հիմնադրուած «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ» -ը (Cilicia Analytical Platform), ատենին մեծապէս ուրախացուց զիս, երբ մտածեցի, որ Հայաշխարհի իրականութեան մէջ վերջապէս կ՛ունենանք մարմին մը, որուն ազգային հարցերուն հանդէպ մօտեցումն ու գործելաձեւը պիտի տարբերի մանաւանդ սփիւռքահայ կառոյցներու ժամանակավրէպ աշխատելաոճէն եւ հարցեր դիմակալելու՝ ոչ-անպայմանօրէն արհեստավարժ մօտեցումէն:
Հակառակ իր անուան՝ «Վերլուծական Հարթակ» (Analytical Platform) քիչ մը շփոթեցնող հանգամանքին, քանի արդի հասկացողութեամբ, «Վերլուծական հարթակ»-ը առնչուած է աւելի համակարգչային աշխարհին, (որ համապարփակ ծրագրային լուծում մըն է, որ կը ներծծէ, կը պահեստաւորէ, կը մշակէ եւ կը վերլուծէ բազմաթիւ աղբիւրներէ հում տուեալները՝ գործնական պատկերացումներ ստեղծելու համար։
Անիկա կը գործէ իբրեւ միասնական աշխատանքային սեղան՝ միացնելով տուեալներու շտեմարանները, արհեստական բանականութիւնը (AI) եւ տուեալներու պատկերացման գործիքները՝ բարդ տուեալները աղիւսակներու եւ հաշուետուութիւններու վերածելու համար՝ տուեալներու վրայ հիմնուած որոշումներ կայացնելու նպատակով), սակայն այդ պահուն «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ» անուանումով մարմին մը որ ստեղծուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանու ներքեւ՝
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախաձեռնութեամբ, որուն յայտարարուած նպատակն էր համախմբել հայազգի մասնագէտները եւ վերլուծաբանները՝ քննարկելու եւ գնահատելու Հայաստանին, Արցախին եւ Սփիւռքին առնչուող աշխարհաքաղաքական ու ռազմավարական մարտահրաւէրները, իմ մօտ արդարօրէն յառաջացուց այն ակնկալութիւնը, որ նշեալ «Հարթակ»-ը պիտի մեր ազգին ծառայէ իբրեւ նորարար «Միտքի Կեդրոն» մը կամ Think Tank, ինչպէս սովութիւն է կոչել արեւմտեան աշխարհին մէջ, հաւատալով, որ ստեղծող կողմին նապատակն ալ ճիշտ այս է:
Այդ թուականէն սկսայ մօտէն հետեւիլ նշեալ մարմնին հաղորդագրութիւններուն (օրինակ տես՝ https://www.aztagdaily.com/archives/680141), բան մը սորվելու համար անկէ և ի պահանջեալ հարկին՝ կիրառելու զայն: Հասկանալով հանդերձ, որ նշեալ հաղորդագրութիւնները կրնան հանդիպումին ամբողջ բովանդակութեան եւ քննարկումներուն լիարժէք պատկերը չներկայացնել, սակայն ափսոս, որ իմ համար գոնէ, յստակ կը դարձնեն շեղումը Think Tank-ի մը իսկական աշխատելաձեւի սահմանումէն և հետեւաբար հաւաքականութեան մը անկէ ունեցած ակնկալիքէն:
Իսկ ժողովրդային լեզուով եթէ փորձութիւնը ունենամ արտայայտուելու, ապա անկեղծօրէն ըսեմ, որ տուեալ հաղորդագրութիւնները արդէն սկսած են իմ վրայ տպաւորութիւն գործել, թէ նշեալ «Հարթակը» վերածուած է հայկական դասական՝ ինչ որ յանձնախումբի մը, որ «ի՞նչ կայ չկայի» համար հանդիպելէն անդին դեռ չէ անցած: Ներեցէ՛ք սիրելիներ. Ընդամէնը, եւ այնքան ինչքան իմ սեփական կարծիքը կ՛արժէ, տպաւորութիւն մըն է, որ թուղթին կը յանձնեմ:
Վեհափառ Տէր,
Յարգելի գործընկերներ,
Միջազգային սահմանումով և քիչ մըն ալ իմ հայեցողութեամբ, Միտքի կեդրոնը (think tank) հետազօտական կազմակերպութիւն մըն է, յաճախ ոչ-եկամտային եւ անկախ, որ կ’իրականացնէ խորաթափանց ուսումնասիրութիւններ եւ կը տրամադրէ վերլուծութիւն, քաղաքականութեան վերաբերեալ առաջարկներ եւ գործնական լուծումներ բարդ հարցերու շուրջ, ինչպիսիք են տնտեսութիւնը, քաղաքականութիւնը, արհեստագիտութիւնը եւ ընկերային հարցերը: Անոնց հիմնական գործառոյթն է ազդել հանրային քաղաքականութեան վրայ եւ կամուրջ հանդիսանալ ակադեմիական հետազօտութիւններու եւ գործնական քաղաքական որոշումներու միջեւ։
Ահա Միտքի կեդրոնի հիմնական գործառոյթները.
• Քաղաքական հետազօտութիւններու իրականացում. Հիմնաւոր, ապացոյցներու վրայ հիմնուած զեկոյցներու, սպիտակ թուղթերու եւ ուսումնասիրութիւններու արտադրութիւն յատուկ իրական աշխարհի խնդիրներու շուրջ։
• Ազդեցութիւն քաղաքականութեան վրայ եւ լուծումներու պաշտպանութիւն. Ազգային թէ պետական քաղաքականութիւն կամ ռազմավարութիւն մշակողներուն այլընտրանքներու, օրէնսդրական նախագիծերու ձեւակերպում եւ քննարկման կէտերու տրամադրում՝ պատկան մարմիններու գործողութիւնները ձեւաւորելու համար։
• Օրակարգի սահմանում. Եզակի հարցեր ընդգծելով եւ հանրային բանավէճեր ձեւաւորելով՝ Միտքի կեդրոնները կ’օգնեն որոշել, թէ որ նիւթերը կը դառնան պատկան մարմիններու կամ տուեալ հաւաքականութիւններուն համար առաջնահերթութիւններ։
• Շահագրգիռ կողմերու հրաւիրում. Գործել իբրեւ «չէզոք հող»՝ համաժողովներ, սեմինարներ եւ կլոր սեղաններ կազմակերպելու համար, որոնք ի մի կը բերեն ազգային-համայնքային-քաղաքական գործիչներուն, գիտնականներուն, գործարար առաջնորդներուն եւ գործողութիւններ նախաձեռնողներուն՝ տարբեր տեսակի ռազմավարութիւններ քննարկելու համար։
• Հանրային բանավէճի ձեւաւորում. Յօդուածներու եւ համապատասխան ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու հրապարակում, լրատուական միջոցներու հետ համագործակցութիւն եւ ընկերային լրատուամիջոցներու օգտագործում՝ յատուկ հարցերու իրազեկութիւնը բարձրացնելու եւ հանրային կարծիքին վրայ ազդելու համար։
• Մասնագիտական վերլուծութեան տրամադրում. Գիտելիքներու պահեստի դեր կատարելով, մասնագիտական նիւթերու շուրջ արհեստագիտական փորձաքննութիւն առաջարկելով, որոնք համապատասխան պատկան մարմինները ներքին կարգով գուցէ չունենան։
Միտքի կեդրոնները կրնան տարբերիլ այլ կառոյցներէն (նպատակ ունենալով առարկայական, ակադեմիական վերլուծութիւն) մինչեւ գաղափարական (որոշակի ազգային, քաղաքական կամ տնտեսական օրակարգի ջատագովութիւն), բայց բոլորն ալ կը կիսեն «միտքերու շուկային» ազդելու նպատակը։
Ամփոփելու համար, դարձեալ յիշեցնեմ, որ Միտքի կեդրոնը մասնագիտացուած կազմակերպութիւն մըն է, որ կը կատարէ հետազօտութիւն եւ ջատագովութիւն՝ հանրային քաղաքականութեան եւ ընկերային փոփոխութեան վրայ ազդելու համար։ Անոնք կը գործեն իբրեւ կամուրջ ակադեմիական հետազօտութեան եւ պատկան մարմիններու որոշումներու միջեւ՝ բարդ տուեալները քաղաքականութիւն մշակողներուն եւ հասարակութեան համար գործնական գաղափարներու վերածելով։
Իսկ թէ մեր ազգին ներկայով եւ թէ ապագայով մտահոգ հայորդիները ի՞նչ պէտք է ակնկալեն Միտքի կեդրոնէն, ապա նուազագոյնը պէտք է նշել, որ ան որպէս կամուրջ ծառայէ ակադեմական հետազօտութեան եւ գործնական քաղաքականութեան միջեւ, տրամադրելով ապացոյցներու վրայ հիմնուած վերլուծութիւն, նորարար լուծումներ եւ երկարաժամկէտ ռազմավարական հեռատեսութիւն: Գործելով որպէս «միտքի արտադրամասեր» եւ «գիտելիքի միջնորդներ», անոնք օգնեն Հայ ժողովուրդին ուղութիւն ունենալու ընկերային բարդ հարցերուն մէջ, որոնք պատկան՝ պետական, եկեղեցական, թէ ազգային մարմինները չեն կրնար միայնակ ղեկավարել։
Կը մնայ յիշեցնելր, որ ի՞նչը կը յատկանշէ լաւ Միտքի Կեդրոն մը.
• Անկախութիւն Եւ Թափանցիկութիւն. Բարձրորակ Միտքի կեդրոններէն կ’ակնկալուի թափանցիկ ըլլալ իրենց ֆինանսաւորման աղբիւրներուն եւ մեթոտաբանութիւններուն մասին, վստահութիւն ներշնչելու համար։
• Համապատասխանութիւն եւ Ժամանակայնութիւն. Նման կեդրոնի մը հրապարակած հետազօտութիւնը արժէքաւոր է, երբ այն յարմարեցուած է որուայ քաղաքական համաթեքստին, յաճախ առաքուած է կարճ, ապագայապաշտ ձեւաչափերով, որոնք որոշում կայացնողները իրապէս կրնան օգտագործել:
Վերջապէս, եւ հմնուելով վերոյիշեալներուն վրայ իմ համեստ ակնկալութիւնս է, որ «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ը որդեգրէ «Մտածել և Գործել» մօտեցում. Հերթական հանդիպումներէն եւ անոնց մասին հաղորդումէն անդին, որպէս արդիւնաւէտ Միտքի կեդրոն, ան յաճախ ներգրաւուի նաեւ «դաշտային» գործունէութիւններու մէջ՝ ուղղակիօրէն իրականացնելով նախագիծեր, ինչպիսիք են օրինակ՝ կրթութեան (ապագայի գաղափարական ընտրանի պատրաստելու), արհեստագիտութեան կամ մեր աշխարհասփիւռ ազգին ու Հայրենիքին բարեյաջող կառավարման մէջ լուծումներու փորձարկումը:
Գնահատելով հանդերձ «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ին, նուազագոյնին մէջ գոնէ մտայղացման ու գոյութեան փաստը, լիայոյս եմ, որ սոյն Բաց Նամակը կ՛ընկալուի իբրեւ առարկայական եւ սրտցաւ քննադատական մը, որ կը ձգտի բարիին:
Որդիաբար եւ Միշտ Սիրով
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«ԶԱՐԹՕՆՔ-ի օրաթերթի
Գլխաւոր խմբագիր









