Զարմանալի լռութիւն եւ համատարած անդամալուծում կը տիրէ համայն աշխարհի հայութեան մօտ՝ երբ արցախահայութիւնը կը մարտնչի շրջափակման եւ անոր աղէտալի հետեւանքներուն դէմ: Մինչեւ ե՞րբ պիտի դիմանայ արցախահայութիւնը սովին եւ բնաջնջման:
Նկատի ունենալով հայ ժողովուրդին թշնամիին կողմէ Բերձորի միջանցքի փակումին հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկային աղէտը եւ հիմնուելով ազգային հայրենասիրական առաքելութեան վրայ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւնը, որոշեց անմիջական օգնութեան ձեռք մեկնել հայրենի հողին վրայ ամուր կանգնած արցախահայութեան:
Առ այս Ս. Ծննդեան առիթով որպէս սրտաբուխ նուէր, Վարչութիւնս Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի համակարգին մէջ աշխատած եւ պատերազմի զոհ դարձած հայորդիներու 100 ընտանիքներու, 100 ամ. Տոլարի նիւթական օժանդակութիւն մը պիտի փութացնէ. իւրաքանչիւր ընտանիք իրեն բաժին ինկած գումարը ուղղակիօրէն պիտի ստանայ դրամատնային իր հաշիւին մէջ, որպէսզի կարենայ հնարաւորին շրջանցել իրենց զաւակներուն եւ ծնողներուն տարրական կենցաղային դժուարութիւնները:
Այս ուղղութեամբ ԹՄՄ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւնը նախաձեռնած է աւելի ընդլայնուած օժանդակութեան քայլի մը, սկսելով լայնածաւալ նուիրահաւաք մը, կողքին կանգնելու համար Արցախի մեր սիրելի բոլոր հայրենակիցներուն:
Յոյսով ենք, որ մեր այս նախաքայլը խթան կը դառնայ ու կայծ մը կը հանդիսանայ նաեւ համահայկական օժանդակութեան զօրաշարժի մը, հասնելու շրջափակման տակ գտնուող Արցախի քաջարի ժողովուրդին բոլոր կարիքներուն:
Սրտագին կոչ կ’ուղղենք բոլորիդ անմիջապէս ընդառաջել մեր այս նախաձեռնութեան եւ ձեր նուիրատուութիւնը փոխանցել հետեւեալ տեղեկութեան համաձայն:
Թղթատարով ղրկեցէք ձեր վճարագիրները գրոած «Tekeyan Cultural Association»ին եւ «Artsakh Aid» նշումով այս հասցէին՝ Tekeyan Cultural Association, 755 Mount Auburn Street, Watertown MA 01940, կամ ելեկտրոնական կերպով փոխանցէք ձեր նուիրատուութիւնը այս հասցէին՝ https://givebutter.com/YCrT8P
ԹՄՄ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ