Նոյնիսկ հին-նոր տարիներու սահմանագիծին վրայ վարչապետ Նիքոլ Փաշինեանը չկրցաւ զսպել իր բնաւորութիւնը։ Ազգին միակ պատգամախօսը ըլլալու յաւակնութիւնը դրդեց զինք խախտելու տարիներու ընթացքին հաստատուած գեղեցիկ աւանդոյթը։ Վերջին պահուն ան արգիլեց հայկական գլխաւոր հեռատեսիլի եթերը տրամադրել մեր ազգի հոգեւոր Առաջնորդին։ Ինչո՞ւ արգիլեց, ի՞նչ շահեցաւ, ի՞նչ կորսնցուց, կորսնցուցի՛նք։ Բացատրութիւնները շատ են, ենթադրութիւնները՝ նոյնպէս, «Ալիեւէն հրահանգաւորուած էր» պնդումներէն մինչեւ «անընդունելիութիւնը» Վեհափառ Հայրապետի ուղերձի այն հատուածին, որ կը վերաբերի Արցախի կորուստին եւ արցախահայութեան տառապալից կացութեան, այսինքն իր հօտին բարոյապէս զօրակցելու, անոր վերադարձի յոյս ներշնչելու հայրապետական պարտականութեան։
Եթէ նկատի ունենանք, որ Ն. Փաշինեանը եւ անոր գլխաւորած խմբակը յատկապէս Ստեփանակերտի անկումէն ետք բնազդային խորշանք կը զգան Արցախի եւ անոր հետ կապուած ամէն ինչի նկատմամբ, տրամաբանական պիտի ըլլար այս վարկածին ճշմարիտ ըլլալը։ Սակայն կը կարծեմ, որ Վեհափառի ուղերձին այդ հատուածը եթէ նոյնիսկ գոյութիւն չունենար, եւ կամ՝ եթէ Վեհափառը համաձայն գտնուէր Հ1-ի գրաքննիչներուն հետ՝ այդ հատուածը զեղչելու, պիտի պատահէր նոյնը. պատրուակ մը պիտի յօրինուէր արգիլելու Հովուապետին եթերային հանդիպումը իր հօտին հետ, ամբողջ աշխարհի հայութեան հետ։
Մայր Աթոռին եւ անոր Գահակալին նկատմամբ Ն. Փաշինեանի վերաբերումը հին՝ առնուազն հնգամեայ պատմութիւն ունի։ Վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէն անմիջապէս յետոյ Փաշինեանի առաջին կարգադրութիւններէն մէկը եղաւ Վեհափառին անունը ջնջել պետական արարողակարգային պաշտպանութիւն վայելող բարձրաստիճաններու ցուցակէն։ Զուտ ձեւական տնօրինումէ մը անդին՝ ատիկա ազդանշան եղաւ, կը յիշենք բոլորս, Հայոց Հայրապետին դէմ Մայր Աթոռի շրջաբակին մէջ աղանդաւորներու եւ կարգալոյծ նախկին եկեղեցականներու կողմէ հրահրուած տգեղ ու վարկաբեկիչ ցոյցերու սկսումին՝ «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» կարգախօսին տակ։
Նոյն որոշումը պատճառ եղաւ նաեւ, որ Հայաստան այցելող օտար պետական դէմքերու պաշտօնական այցելութեանց արարողակարգային (protocolaire) ցուցակէն դուրս դրուի Մայր Աթոռը։ Պետականօրէն քրիստոնէութիւն ընդունած առաջին ազգի կարգավիճակին անյարիր այդ որոշման հետեւանքով էր, որ, օրինակ, 2021-ին Մ. Նահանգներու քոնկրէսի նախագահ Նենսի Փելոսիի Հայաստան այցելութեան ծրագիրէն դուրս մնաց Մայր Աթոռը, ինչ որ չեմ կարծեր, թէ հաճոյ եղաւ ջերմեռանդ հաւատացեալ բարձրաստիճան տիկնոջ համար։ Փոխարէնը հիւրընկալները զինք տարին Երեւանի Գաֆեսճեան թանգարան՝ ցոյց տալու Գր. Խանճեանի նշանաւոր «Վարդանանք» կոպըլէնը, որուն մայր օրինակը կը գտնուի Վեհարանին մէջ…
Յարաբերութեանց սրումին մէջ վարչախումբը մի քանի հեղ փորձեց Մայր Աթոռը ամբաստանել ֆինանսական ապօրինութեանց մէջ՝ հրապարակ նետելով անհեթեթ տուեալ մը, թէ Ս. Էջմիածինը օրէնքով արգիլուած մենաշնորհ (monopoly) հաստատած է դուրսէն ներածուող մոմանիւթի (paraffine) վրայ։ Մինչդեռ երախաներն անգամ գիտեն, որ մեր երկրին մէջ մոմաշինութեամբ զբաղուող եւ սպառող եթէ ոչ միակ, ապա գլխաւոր կառոյցը Եկեղեցին է, հետեւաբար նաեւ՝ ներածողը։ (Ի դէպ, Մայր Աթոռին ու անոր ենթակայ կառոյցներուն տարեկան ծախսերուն աւելի քան 15 տոկոսը կը հոգացուի մոմավաճառութեան միջոցով)։
Վարչապետական չկամութեան եւ խառնակչութեան դրսեւորումներէն մէկն ալ, ըստ պաշտօնապէս դեռ չհաստատուած լուրերու, կը կատարուի այս օրերուն, նպատակ ունենալով թոյլցնել Եկեղեցիին ներքին՝ ժողովրդավարական կառոյցը՝ թեմերը։ Ըստ այդ տեղեկութեան, որոշուած է թեմակալ առաջնորդներու ձեռքէն խլել կամ չճանչնալ անոնց կլոր կնիքը, հայաստանեան արտայայտութեամբ՝ փեչաթը, այսինքն՝ իշխանութիւնը, այսինքն՝ իրաւական կարգավիճակը։
1904-1905 թուականները, աւելի յստակ՝ Հայ եկեղեցիական կալուածները բռնագրաւելու փորձ կատարած տխրահռչակ փոխարքայ Կոլիցինի ժամանակները յիշեցնող այս եւ այլ արարքները մեզի կը ստիպեն անգամ մը եւս տալ նոյն հարցը՝ ինչո՞ւ կը կատարուին այս բոլորը, ի՞նչն է իմաստը այս քայլերուն։ Մանաւանդ հիմա, երբ ծանր պարտութենէն, Արցախի լքումէն եւ ազգային պետականութեան գոյութիւնը հարցականի տակ դրուելէ ետք այնքան պէտք ունինք համազգային միասնութեան, ազգային ներուժի ամբողջական համախմբումին։
Գայլի գլխուն Աւետարան կարդալու պէս բան մը պիտի ըլլար, եթէ այս էջերուն մէջ բազմիցս կրկնուածը նորէն կրկնէինք, թէ քիչ թէ շատ խելացի որեւէ պետութիւն, յատկապէս նման պայմաններու մէջ, պիտի գուրգուրար ազգային եկեղեցիին վրա՝ ժողովրդային զանգուածներու համար աւելի ընկալելի դառնալու համար։
Ընկալելի չէր Դեկտեմբեր 31-ի գիշերը պատահածը, ո՛չ հայրենաբնակ եւ ո՛չ ալ սփիւռքաբնակ հայ մարդուն համար, որ ինքզինք կը համարէ հայ քրիստոնեայ։ Վերջիններուն մէջ առաջինը եղաւ Ռամկավար Ազատական մամուլի ութեակին՝ ՌԱԿ Համակարգուած մամուլին ուշագրաւ Յայտարարութիւնը, որ բացի դատապարտելէ, պահանջեց ներողութիւն խնդրել Ամենայն Հայոց Հայրապետին ուղերձը չհեռասփռելու համար։ Յաջորդեց Մայր Աթոռի եկեղեցաշէն բարերար, ֆինանսական մեր ազդեցիկ դէմքերէն Վաչէ Մանուկեանի Յայտարարութիւնը՝ Հանրային հեռուստատեսութեան հետ, իմա՝ ՀՀ կառավարութեան հետ կապերը խզելու վերաբերեալ։ Չուշացաւ արձագանգը, աւելի ճիշդ՝ չքմեղանքը Հանրային հեռուստաընկերութեան, թէ օրէնք չկայ Վեհափառ Հայրապետին ամանորեայ ուղերձը հեռասփռելու մասին։ Խեղճուկ, տգէտ բացատրութիւն։ Օրէնքի բացակայութիւնը օրինազանցութիւն չ’ենթադրեր, իսկ աւանդութիւնը յաճախ աւելի ուժ ունի, քան օրէնքը։ Բացի այդ՝ կա՞յ որեւէ օրէնք վարչապետի մը ուղերձը հեռասփռելու համար…
Պէտք չէ սեփական մատի ետեւը պահուըտիլ. ո՛չ միայն Հ1-ը, այլ անոր բուն տէրը հանդիսացող կառավարութիւնն ու կառավարիչը պէտք է ներողութիւն խնդրեն պատահածին համար եւ, աւելի կարեւորը, անյապաղ քայլեր ձեռնարկեն Կառավարութիւն-Եկեղեցի յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելու համար։
Ոմանք կրնան ենթադրել, որ անձնամիջեան յարաբերութիւններն են պատճառը Կառավարութիւն-Եկեղեցի յարաբերութեանց ներկայ սրումին։ Ոչինչ կրնանք բացառել։ Սակայն վերոյիշեալ փաստական իրողութիւնները եւ առաւել՝ Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը դպրոցական ծրագիրէն դուրս մղելու կառավարական որոշումը որեւէ բացատրութեան չի կարօտիր։ Մարդը կը տառապի մեծամոլութենէ (megamoly), իսկ Եկեղեցիին դէմ յանդիման՝ ան ինքզինք կը համարէ կիսաստուած կամ գրեթէ… Աստուծոյ ընտրեալ, մարգարէ, թուրքերը պիտի ըսէին՝ փէյղամպէր։
Աստուած օգնական բոլորիս։
Ասիկա՛ պէտք է ըլլայ մեր աղօթքը Ս. Ծննդեան սա օրերուն։
Յ. ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
Յատուկ «ՊԱՅՔԱՐ»ին
07.01.2024