Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Եգիպտոսի Շրջանային վարչութեան անդամներէն եւ ՀԲԸՄիութեան Եգիպտոսի Շրջանակային վարչութեան ատենապետ ընկեր Գէորգ Երզնկացեանէն իմացանք, , որ Եգիպտահայ երիտասարդներու միութեան անդամ հինգ երիտասարդներ, մեծամասնութեամբ ՌԱԿ Եգիպտոսի օրկան «Արեւ»ի շրջանակէն, օրերս, յաղթահարելով 5165 մեթր՝ բարձրացած են մեր Սրբազան լեռան՝ Արարատի գագաթը եւ հոն ծածանեցուցած են Հայաստանի ու Եգիպտոսի դրօշները։
Եգիպտոսի Ազգային Խորհուրդի ֆէյսպուքի էջին վրայ այս հպարտալի լուրը հաղորդող գրառումին տակ քաջալերական-շնորհաւորական խօսքերով արձագանգած են եգիպտահայ ու նախկին եգիպտահայեր: Եգիպտացի արաբ լրագրողներ եւ համակիրներ, հիացական արտայայտութիւններով հաստատած են, որ հայերը բնաւ չեն լքեր իրենց ազգային սրբութիւնները եւ միշտ ցոյց կուտան իրենց յաղթական կամքը ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն։
Եգիպտոսի արաբական մամուլը իր կարգին լայնօրէն անդրադարձած է սոյն իրագործումին, ի միջի այլոց տեղեկութիւն տարածելով Արարատի ու Հայ ժողովուրդին համար այս սրբազան լերան ներկայացուցած խորհրդանշանակութեան մասին:
Մեր Սրբազան լեռան գագաթ ուխտագնացութեան նոր հերոսներն են՝ Սարօ Երզնկացեան, Արի Երզնկացեան, Վարուժան Գազանճեան, Սիմոն Տեփոյեան եւ Շահան Թերզիպաշեան։
Մեր կողմէն նշենք, որ վերոյիշեալ խումբին անդամ Սարօ եւ Արի Երզնկացեանները արժանաւոր զաւակներն են Ընկ. Գէորգ եւ Թալին Երզնկացեաններուն, որոնց, ինչպէս նաեւ միւս տղոց ծնողներուն սրտագին կը շնորհաւորենք այս հպարտառիթ իրագործումին համար:
Ապրի՛ք, տղաք, հակառակ բոլոր ուրացումներուն, ինչ մակարդակով ալ ըլլայ ան, դուք օր մը ետ պիտի բերէք միայն ու միայն մեզ պատկանող Սրբազան լեռը։