ԵՐԲ ԼԿՏԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ՆՈՐՄ
Հայաստանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն առնչութեամբ Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ) քննարկումներու մէջ է Հայաստանի կառավարութեան աջակցելու ուղիներու վերաբերեալ: Այս մասին Պրիւքսէլի մէջ շաբաթասկիզբին յայտարարեց ԵՄ արտաքին գործերու և անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Կայա Քալլասը։
Արդարեւ Դեկտեմբերի 15-ին ԵՄ Արտաքին գործերու խորհուրդի նիստէն առաջ լրագրողներուն հետ իր զրոյցին մէջ Քալլասը նշեց, որ ԱԳ նախարարներու աշխատանքային նախաճաշի ժամանակ, որուն ներկայ պիտի ըլլայ ՀՀ ԱԳ նախարարը, նախնական քննարկման կեդրոնը կը հանդիսանայ Հայաստանը։ Գլխաւոր թեման՝ թէ ինչպէս կրնայ ԵՄ-ն օգնել Հայաստանին նախընտրական շրջանին։ Ըստ Քալլասի՝ Հայաստանը ԵՄ-էն խնդրէր է, ատենին ԵՄ-ի կողմէ Մոլտովային տրամադրուած օգնութեան նման աջակցութիւն…:
Սոյն սիւնակը համեստաբար ստորագրողս բնական է, որ անձնապէս բացակայ ըլլալով նշեալ նախաճաշէն, վերահասու չեմ, թէ սեղանին վրայ ենթադրաբար հրամցուած պէյքընի, պանիրի տեսականիի, ձուածեղի, եւ տարբեր տեսակի տաք քրուասաններու համին ու հոտին ներքոյ ԱԳ նախարարներուն քննարկածը ճշգրիտ ինչ բովանդակութեամբ եղած է: Սակայն կրնամ անվերապահօրէն հաստատել, թէ անկախ սիրուն փաթեթաւորուած իր շղարշէն, եղածը ակնյայտ միջամտութիւն է Հայաստանի ներքին գործերուն՝ այս պարագային յառաջիկայ համապետական ընտրութիւններուն կազմակերպումին, որ շատ հաւանաբար կը միտի ՀՀ ներկայ իշխանութեան վերարտադրութեան, եւ ուրիշ բան չէ բացի տապանաքար դնելէ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութեան վրայ:
Կայ աւելի վատը. Կատարուածին լրատուութեան մէջ (ըլլայ իշխանական թէ ԵՄ-ի) նոյնիսկ ձեւի համար օգտագործուած չէ «ազատ, արդար եւ ժողովրդավարական» ընտրութիւններ իբր թէ երաշխաւորելու եզրոյթները:
Ուրեմն կարելի է ըսել, որ ծրագրուածը Նիկոլի խմբակին վերընտրութիւնն է, մինչ վերարտադրուիլ փորձուող իշխանութիւնը Հայաստանի մէջ իր գործելակերպով, ամէն օր կը բռնաբարէ նոյնինքն Եւրոպական արժէքները ինչ կը վերաբերի Մարդկային իրաւունքներու եւ ազատ խօսքի եւ կարծիքի իրաւունքի: Որուն ի տես, ԵՄ-ն այսօր ո՛չ միայն լուռ է, այլ կերպով մըն ալ մեղսակից:
Զաւեշտը նաեւ կը կայանայ այն բանին մէջ, որ այսպէս կոչուած «Թաւշեայ» յեղափոխութենէն առաջ եթէ Հայաստանի կառավարութիւնները՝ «նախկինները», ԵՄ-էն ֆինանսական եւ թեքնիք օգնութիւններ կը ստանային ընտրական գործընթացի բարեփոխումներուն համար, ինչպէս օրինակ թափանցիկութիւնը ապահովել, եւայլն, այսօրուայ իշխանութիւնները դիմած են ԵՄ-ին իրենց իսկ խօսքերով՝ իբր «օգնութիւն խնդրելու, արտաքին չարամիտ ազդեցութեան դէմ պայքարի համար»…։ Իսկ եթէ նկատի ունենանք ԵՄ-ի՝ ներկայ իշխանութիւններուն «օգնելու» վարկածը, ապա արդիւնքով կը պարզուի, որ ԵՄ-ն կրնայ այս հանգրուանին փոխանակ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդումը ֆինանսաւորելու, իր իսկ արժէքներուն զարմանալի հակասութեամբ մը, բռնատիրութիւնը ֆինանսաւորել:
Կը մնայ Քալլասի յայտարարութեան տողատակին մէջ կարդալ իր տուած Մոլտովայի օրինակը, ուր իբր ԵՄ-ն օգնեց տուեալ երկրին մէջ ընտրութիւններու կազմակերպումին, որ իրականութեան մէջ ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ տեղւոյն իշխանութեան օգնել արգիլելու երկրին գլխաւոր (ռուսամէտ համարուած) երկու ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն, մասնակցելու ընտրութիւններուն, ի նպաստ ընտրութիւններու արդիւնքով յաղթած արեւմտամէտ ղեկավարութեան:
Այս ծիրէն ներս չմոռնանք, որ Քալլասը, ՀՀ ոչ-բարով Արտագին գործոց նախարարին հետ երկու շաբաթ առաջ բանակցութիւններ վարելէն ետք ռուսական կողմին ամբաստանեց Հայաստանի մէջ նախընտրական ապատեղեկատուութիւն տարածելու մէջ: Հետեւաբար նաեւ զարմանալի չէ, Փաշինեանի անդադար կրկնելը, թէ իր հակառակորդները կը ֆինանսաւորուին ռուսական կողմէն: Մէկ խօսքով, Քալլասի յայտարարութիւնն ու Փաշինեանի յերիւրանքները նոյն նպատակը կը հետապնդեն:
Ամփոփելու համար, պէտք է այստեղ միանգամընդմիշտ նշել, որ ՀՀ ներկայ իշխանութիւնները կը փորձեն ամէն գնով վերարտադրուիլ ԵՄ-ի օգնութեամբ, միշտ հասարակաց թշնամի մը մատնանշելով: Մինչ ԵՄ-ն չի վարանիր այլ երկրի մը գերիշխանութիւնը խաթարող միջամտութիւններ ընելէ:
Ցաւալին այն է, որ մինչ ատենին մեծ պետութիւններու կողմէ փոքր երկիրներու ներքին գործերուն միջամտութիւնը կը կատարուէր սեղանի տակէ, մեր այս թշուառ օրերուն այդ մէկը կը կատարուի բացայայտ եւ ամէն մեղքիս, որպէս սովորական լրատուութիւն կը հրապարակուի իրենց իսկ կողմէ…: Ահաւասիկ այստեղ հասած է լկտիութիւնը, որ փոխանակ ամօթանքի առարկայ դառնալու, սկսած է վերածուիլ անհասկնալի ու վտանգաւոր նորմի:
Ահաւոր է, երբ իրավիճակ մը այնպէս է, ուր ժողովրդավարութիւնն ու ազատութիւնը իբր թէ պահպանելու ելած են անոնք, որոնք իրենց արարքներով ամէն օր կ՛ոտնակոխեն այդ արժէքները: Աւարտին կը մնայ յիշատակել լիբանանեան ասացուածք մը, որ կ՛ըսէ. «Համիհա հարամիհա» («Տարածքին» պաշտպանները անոր գողերն են)…:
Սեւակ Յակոբեան
Լիբանանի «Զարթօնք» թերթի գլխավոր խմբագիր





