Ամիսներէ ի վեր covid-19 համավարակի տարածման եւ անոր դէմ պայքարելու անհրաժեշտութենէն առաջ եկած Հայաստանի Հանրապետութեան առողջական համակարգի դիմագրաւած դժուարագոյն պայմանները սատարելու միտումով, Եգիպտոսի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գահիրէի մշակութային թեւը հանդիսացող Կոկանեան Սրահի վարչութիւնը, իր նուիրեալ գործունէութեամբ հանրածանօթ ատենապետ՝ ընկ. տոքթ. Գէորգ Երզնկացեանի ղեկավարութեամբ, Յուլիս ամսուան ընթացքին դրամահաւաք մը կազմակերպեց։
Կոկանեան Սրահի վարչութեան առաջարկը սիրով ընդառաջող համակիրներուն սրտաբուխ նուիրատութիւններով, դրամահաւաքի աւարտին գոյացած գումարը հասաւ 11,000 ԱՄՆ $-ի։
Թէեւ գաղտնիք չէ որ Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ Ազգային Առաջնորդարանները մի՛շտ ալ իրենց նիւթական եւ բարոյական մեծ նպաստը երբեք չեն խնայած ամենատարբեր դժուարութիւններու ընթացքին հայրենիքին աջակցելու, բայց այնուամէնայնիւ հարկ է արձանագրել որ Կոկանեան Սրահի վարչութեան նախաձեռնած այս դրամահաւաքն ու անոր փայլուն արդիւնքը,
աննախադէպ իրադարձութիւն մը կը համարուի, վերջին տարիներուն Գահիրէի միութենական գործունէութեան ոլորտէն ներս։
Բարձր գնահատելով Կոկանեան Սրահի ժրաջան վարչութեան հայրենանուէր
աշխատանքը, կը հաւատանք որ միայն նմանօրինակ գործնակա՛ն նախաձեռնութիւններով կը կայանայ Հայրենիք – Սփիւռք իսկական միասնութիւնը։
Նորանոր յաջողութիւններու մաղթանքով։
«Արեւ» – Գահիրէ