Նիւեորքաբնակ բարեկամիսՙ արեւելեան պարերու կատարող Թորգոմ Մովսէսեանի միջոցով հեռակայ ծանօթացայ ափրիկեան Կանա պետութեան մէջ ծնած մեր հայրենակից Ժաք Քուեսի ալ-Ասմար Խորոզեանի հետ: Ճորճիա նահանգի Աթլանթա քաղաքին մէջ ապրող մասնագիտութեամբ հոգեբան Ժաք-Յակոբը Ամերիկեան այլընտրանքային դատական ծառայութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէնն է: Ատկէ առաջ ան աշխատած է Աթլանթայի դատական շրջանի Հանրային պաշտպանի գրասենեակէն եւ Սան Ֆրանսիսքոյի Գերագոյն դատարանէն ներս, սակայն զիս առաւել հետաքրքրեց, որ ան նաեւ պարարուեստի մեծ նուիրեալ մըն է…
-Յարգելի՛ Ժաք, ուրախ եմ ձեզ ներկայացնելու Հայաստանի ընթերցողին: Առաջին հերթին մեզմէ շատերը պիտի ցանկային գիտնալ, թէ ինչպէս կը համատեղէք հոգեբանի «լուրջ» մասնագիտութիւնը պարելուն հետ…
-Ես մասնագիտացած եմ այնպիսի մարդոց հոգեբանական աջակցութեան մէջ, որոնք խանգարումներ ունին կախուածութիւններու պատճառով: Աւելի քան 25 տարի է, որ կ’աշխատիմ քրէական արդարադատութեան համակարգին եւ դատարաններուն մէջ: Պարելը ինծի համար երբեք մասնագիտութիւն չէ եղած: Կը պարեմ, որովհետեւ հաճոյք կը ստանամ պարելէն: Ատիկա իմ նախասիրութիւնս է: Հակառակ անոր, որ ես կը պարեմ եւ կ’ուսուցանեմ արհեստավարժ կերպով, անիկա երբեք մասնագիտութիւն չեմ սեպեր: Միշտ նախասիրութիւնս եղած է եւ այդպէս ալ կը մնայ: Պարելը թոյլ կու տայ ինծիՙ կապուած մնալ հոգւոյս եւ կեանքի մէջ իրական արժէք ունեցող բաներու հետ: Բարեկամներս, ընտանիքս եւ գործընկերներս գիտեն, թէ ո՛րչափ կարեւոր է երաժշտութիւնն ու պարը իմ կեանքիս մէջ: Ես կ’աշխատիմ շատ դատաւորներու, փաստաբաններու եւ բժիշկներու հետ, որոնք նոյնպէս կը սիրեն պարել: Ի դէպ, իմ գործընկերներէս մի քանին կը պարեն ինծի հետ եւ մշտապէս պարի դասեր կ’առնեն:
-Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք ձեր պարային ոճը: Միգուցէՙ միջինարեւելեան պորտապա՞ր:
-Ես ինքզինքս չեմ դասեր որեւէ յատուկ պարային ոճի հետեւորդ: Իմ պարի ոճս կը կոչուի «արեւելեան պար»: Ես կը սիրեմ պարի բազմաթիւ ոճեր: Իմ նախընտրածներէս ենՙ արաբականը, սալսան եւ մերենկան:
-Դուք հայ-ափրիկեան խառն ընտանիքէ էք: Որո՞նք են այդպիսին ըլլալու առանձնայատկութիւնները:
-Մարդոց մեծամասնութեան համար զարմանալի է մորթիս գոյնը: Յատկապէս երբ կը լսեն, որ հայերէն կը խօսիմ: Մանկութեան ատեն շատ անյարմար էր, քանի որ մարդիկ բազմաթիւ հարցեր կու տային: Սակայն մեծնալով, տարբեր ըլլալս ինծի հաճոյք սկսաւ պատճառել: Խնդիրներէն մի քանին ալ ինքնութիւնը եւ մշակութային բախումն էր: Զիս մեծցուցած է իմ հայ ընտանիքս, ուստիեւ ընտանիքիս ափրիկեան կողմի մասին շատ բան չեմ գիտեր: Անունս Ժաք-Յակոբ է, Քուեսին իմ միջին ափրիկեան անունս է, ալ-Ասմարՙ մանկուց ինծի տուած արաբական անուն է, որ կը նշանակէ թխադէմ: Իսկ լման անունս է Ժաք Քուեսի Անդրանիկ Խորոզեան:
-Ինչպէ՞ս ձեր հայրը յայտնուած է Կանա:
-Կը կարծեմ, որ հայրսՙ Էնթոնի Խորոզեանը, Կանա բնակած է 1965-1981 թուականներուն: Սկզբնապէս աշխատած է ապրանքներու ներածման եւ արտածման ընկերութեան մը մէջ: Ետքն ալ զբաղած է կառուցուածքային ճարտարագիտութեամբ, ճանապարհաշինութեամբ, իսկ աւելի ուշՙ ամբողջովին անցած է ինքնաշարժներու առեւտուրին:
-Գիտեմ, որ Կանայի մէջ ապրած է նաեւ Գասարճեան ընտանիքը, երբեւէ հանդիպա՞ծ էք անոնց:
-Այո, անոնք ծնողքիս մտերիմ բարեկամներն էին: Ես զիրենք շատ չեմ յիշեր, քանի որ Ափրիկէ չեմ մեծցած: Ես հեռացայ հոնկէ, երբ մէկ տարեկան իսկ չէի: Մեծցած եմ Պէյրութի մէջ: Կը յիշեմ Պարգեւ Գասարճեանը, որ հայրիկիս մտերիմ բարեկամն էր, բայց ուրիշները չեմ յիշեր:
-Դուք կրթութիւն ստացած էք Լիբանանի Հայ աւետարանական Փիթըր եւ Էլիզապէթ Թորոսեան դպրոցէն ներս: Ուրեմն կը կարդաք ու գրէ՞ք հայերէն:
-Այո, ես հայկական դպրոց յաճախած եմ, որմէ ետքՙ նաեւ Լիբանանի հայկական ճեմարանը: Ես սահուն կը կարդամ ու կը գրեմ վեց լեզուներով: Հայերէնը իմ հիմնական լեզուս է: Միւս լեզուները, որ կը խօսիմՙ արաբերէնն է, անգլերէնը, ֆրանսերէնը, սպաներէնը եւ թրքերէնը:
-Ծանօ՞թ էք հայ գրականութեան, ունի՞ք նախասիրած հեղինակներ:
-Ես Յակոբ Պարոնեանի, Լեւոն Շանթի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Գէորգ Էմինի, Անահիտ Սահինեանի ու Վահրամ Սահակեանի մեծ երկրպագուն եմ:
-Տպաւորուած եմ: Իսկ ծանօ՞թ էք հայկական պարերուն:
-Թէեւ քաջածանօթ եմ հայկական պարերուն, երբեք հնարաւորութիւն չեմ ունեցած պատշաճ կերպով սորվելու զանոնք: Այսպիսով, ես կրնամ մասնակցիլ կամ կրնամ մէկու մը հետեւել: Ես շատ պիտի ցանկայի աւելին գիտնալ հայկական պարերու տարբեր տեսակներուն մասին:
-Դուք կապ հաստատա՞ծ էք ամերիկահայերուն հետ:
-Անշուշտ, շատ հայ բարեկամներ ունիմ: Անոնցմէ շատեր Լիբանանէն եկած են Ամերիկա, եւ մենք ամէնքս նորէն գտած ենք զիրար: Հանդիպած եմ նաեւ նոր ընկերներու, որոնք ինծի աւելի ու աւելի ծանօթացուցած են արեւմտահայ մշակոյթը:
-Ձեր կրտսեր եղբայրը Քալիֆորնիոյ հայերուն ծանօթ Տիճէյ Ռաֆֆին է…
-Այո՛, եղբայրս տիճէյ է: Ան Սան Ֆրանսիսքօ կը բնակի: Բաւականին սիրուած է եւ շատ մը հայկական ու միջինարեւելեան միջոցառումներ կը կազմակերպէ:
-Ի՞նչն է, որ կը սիրէք հայ մշակոյթին մէջ:
-Կը գնահատեմ Հայաստանի հարուստ պատմութիւնը: Կը սիրեմ այն փաստը, որ մենք առաջին ժողովուրդն ենք, որ ընդունած է քրիստոնէութիւնը 301 թուին Ք. Ե.: Ըստ իս, հայերն այս մոլորակի ամէնէն կայուն ժողովուրդն են: Չնայած երկար տարիներու ամէն անբարենպաստ պայմաններունՙ հայերը կը շարունակեն բարգաւաճիլ եւ ճանաչողութիւն ձեռք բերել: Հայկական խոհանոցը դրախտային է: Ես ունակ եմ շատ ուտելու: Շատ ուրախ եմ, որ մեծ մայրիկս ինծի փոխանցած է բոլոր աւանդական բաղադրատոմսերը: Կը սիրեմ մանթը, ոսպով քէօֆթէ, չիքէօֆթէ եւ լահմաճուն:
-Երբեւէ այցելա՞ծ էք Հայաստան:
-Դժբախտաբար, դեռ ոչ: Շատ պիտի ցանկայի անգամ մը այցելել: Իմ երազանքս է տեսնել, թէ ուրկէ՛ են իմ նախնիներս: Գիտեմ, որ Հայաստանը գեղեցիկ երկիր մըն է: Կ’ուզեմ տեսնել մեր լեռը` Արարատը, կ’ուզեմ զգալ Խոր Վիրապին փորձառութիւնը: Նաեւ լսած եմ, որ Հայաստանի մէջ կեանքը հիանալի է:
Քաղաքացիական պատերազմի ատեն Լիբանանի մէջ մեծնալը եւ հայ ըլլալն ունեցան իրենց դրական եւ բացասական կողմերը: Ես յաճախ կը մտածէի, թէ ինչո՛ւ ամէնքը հայերէն չեն խօսիր: Կեանքը դիւրին չէր, բայց ան ինծի տուաւ մշակութային գնահատման անգնահատելի դասեր եւ արժէքներ, որոնք եզակի են հայ մշակոյթին մէջ: Ես կը հպարտանամ իմ ժառանգութիւնովս եւ մշակոյթովս: Ինծի համար հայ ըլլալՙ կը նշանակէ ըլլալ յաղթական եւ մեծապատիւ: Մենք Աստուծոյ կողմէ ընտրեալ ազգերէն մէկն ենք: Մենք կը գոյատեւենք, կը բարգաւաճինք եւ կը ծաղկինքՙ անկախ այն բանէն, թէ ինչերո՛ւ ընդմէջէն կ անցնինք…
ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ