Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւնը 60,000 տոլարի յատկացում մը կատարած էր 2020ի սկիզբը Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանին, որ ծանր պայմաններ կը դիմագրաւէր բոլոր այլ հայկական վարժարաններուն նման, երկրին մէջ տիրող տնտեսական տագնապին եւ համայնքի հայութեան նօսրացման հետեւանքով:
Երբ վարժարանը կը պատրաստուէր իր բնական գործունէութեան՝ պատահեցաւ Պէյրութի Օգոստոս 4ի պայթումի աղէտը, որուն հետեւանքով դարձեալ տուժեց վարժարանը կառուցային վնասներով:
Միութիւնս շարունակեց իր հանգանակութիւնը, այս անգամ՝ դիմագրաւելու այս նոր աղէտին հետեւանքները:
Ուրախ ենք ծանուցանելու թէ մեր սրտագին կոչը հասաւ մեր անդամներուն, մեր բարեկամ շրջանակին, մեր բարերարներուն եւ կրթանուէր հաստատութիւններուն որոնք լիաբուռն կերպով սատարեցին վարժարանի վերանորոգութեան ծրագրին, հակառակ այն իրողութեան որ զուգընթաց այլ նուիրահաւաքներ կը կայանային տարբեր հայ գաղութներէն ներս:
Ներկայ պահուն այդ հանգանակութենէն արդէն գոյացած է 50,000 տոլարի նոր գումար մը, եւ կը շարունակեն հասնիլ այլ գումարներ եւս:
Ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր նուիրատուներուն: Հանգանակուած գումարները արդէն կը փոխանցուին վարժարանի հոգաբարձութեան, որ իր հերթին նուիրուած է վարժարանի վերանորոգման ծրագրին, վեսկսելու համար դասաւանդութիւնները համաճարակի ծանր պայմաններու տակ:
Հեռու աշխարհներ այսօր մօտեցած են իրարու միասնականօրէն հետապնդելու եւ իրականացնելու ազգանուէր նպատակներ:
Այս պահուն ԹՄՄի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւնն ու ԹՄՄի Լիբանանի Հիմնադիրներու Մարմինը կը գործակցին միասնաբար սատարելու Վահան Թէքէեան վարժարանի վաթսունամեայ առաքելութեան որ ան շարունակուի ի փառս մեր ժողովուրդին:
ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Պոստոն, Հոկտեմբեր 6, 2020